Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրեց Համահայկական Ամառնային Վեցերորդ Խաղերու Կազմակերպիչները

August 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

barkev_8-03-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Համահայկական ամառնային վեցերորդ խաղերու կազմակերպիչները, հովանաւորները եւ պատուոյ հիւրերը: Նախագահին նստավայրին մէջ ի պատիւ հիւրերուն տեղի ունեցած ընդունելութենէն առաջ, տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:

Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումին համար Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով խումբ մը անձեր պարգեւատրուեցան Երախտագիտութեան մետալով: Նախագահին կարգադրութեամբ խումբ մը անձեր ալ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհակալագիրով` համահայկական վեցերորդ խաղերու նախապատրաստման եւ կայացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած գործուն մասնակցութեան համար:

Սերժ Սարգսեան երէկ նաեւ պարգեւատրեց երգչուհի Սիպիլը: Պոլսահայ երգչուհին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ երէկ գրած էր. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ այսօր պարգեւատրուած  եմ երախտագիտութեան մետալով: Շատ ուրախ եւ զգացուած եմ»:

Համահայկական Խաղերուն Համար
Թուրքիայէն Եկած Հիւրերը Այցելեցին
Ծիծեռնակաբերդ

ayts-1_8-03-15

Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու  բացման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թուրքիայէն Հայաստան եկած պատուոյ հիւրերը Համահայկական խաղերու  համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Իշխան Զաքարեանի եւ գործադիր խորհուրդի անդամներուն հետ երէկ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթող եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու թանգարան-հիմնարկ:

Պատուիրակութեան կազմին մէջն էին Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայա, Վանի համաքաղաքապետ Հաթիճէ Չոպան, Պիթլիսի քաղաքապետ Հիւսէին Օլան, Մուշի քաղաքապետ Էօզքան Պիրլիք, Նորշէնի քաղաքապետ Էմին Էօզքան, Տիգրանակերտի Սուրի քաղաքապետ Ֆաթմա Շըք Պարութ եւ այլ բարձրաստիճան անձեր:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորաբաց ցուցասրահին մէջ անոնց ներկայացուեցան բացառիկ ցուցանմուշներ, լուսանկարներ եւ տարեգրութիւններ: Պատուիրակները ապա ծաղիկներ զետեղեցին եւ  գլուխ խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Այցելութեան աւարտին պատուոյ հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն եւ թանգարանի անձնակազմին` նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու գործին մէջ իրենց ներդրած ջանքերուն համար:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Ժողովին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.