Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

August 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-02-15_Parlatino

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՓրենսաԱրմենիա»-ն, կը հաղորդէ, որ Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը 31 յուլիսին յատուկ որոշումով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս նոր յայտարարութիւնը Թուրքիոյ մէջ հարիւր տարի առաջ կատարուածը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կ՛որակէ:

Ուրուկուէյի երեսփոխան Ալֆրետօ Ասթու յայտարարած է, որ խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրած է այդ յայտարարութիւնը. դէմ արտայայտուած է ընդամէնը մէկ երեսփոխան: Ասաթու իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ յիշեցուցած է, որ Ուրուկուէյ այդ հարցին մէջ շատոնց կողմնորոշուած է եւ տակաւին 50 տարի առաջ աշխարհի մէջ առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնն ու դէմ արտայայտուած աշխարհի մէջ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններուն: Նախորդ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած էր Պրազիլի Ռիօ Տը Ժանէյրօ նահանգը:

Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը շրջանային մնայուն կազմակերպութիւն է, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան ծովու հատուածի երկիրներու ներկայացուցիչներ: Իր գործունէութեամբ նման է Եւրոպական խորհրդարանին: Խորհրդարանը ձեւաւորուած է 1964-ին, կը գտնուի Փանամայի մէջ եւ ունի 23 անդամ:

Հայաստանի Արձագանգը

Այս առիթով 1 օգոստոս 2015-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, որ «Հայաստանը կ՛ողջունէ Լատին Ամերիկայի եւ  Քարայիպեան ծովու հատուածի երկիրներու 23 օրէնսդիր մարմիններ միաւորող Լատին Ամերիկայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը»:

«Ճանաչման հոլովոյթը անշրջելիօրէն կ՛ընթանայ ինչպէս պետական, հասարակական, այնպէս ալ բազմակողմանի մակարդակներով», արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով` ընդգծած է Նալբանդեան:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Լատին Ամերիկայի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը համերաշխութեան եւ  աջակցութեան ուղերձ է քաղաքակիրթ աշխարհին ժխտողականութեան դէմ պայքարին: Վստահաբար կարելի է ըսել, որ միջազգային նման հեղինակաւոր կառոյցի մը կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման սկզբունքային դիրքորոշման արտայայտումը ծանրակշիռ ներդրում է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Առաջին Տեղակալին. Ուաշինկթըն Պիտի Օգնէ Ղարաբաղեան Գօտիին Մէջ Զինադադարի Պահպանման

Յաջորդը

Սպայական Կոչումներու Յանձնման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.