Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»-ու Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան

August 13, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
garo-paylan_8-12-15
Կարօ Փայլան

«Մարմարա» կը գրէ, որ ուշագրաւ է, որ ահաբեկչական յարձակումներու մագլցումի այս շրջանին, ոստիկանատուները եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչական կեդրոնները իբրեւ թիրախ ընտրուած են անյայտ նախայարձակներու կողմէ: Կուսակցութիւնը, ընտրութեանց ընթացքին իր արձանագրած յաջողութենէն ետք, յանկարծ դարձաւ շատ լայն շրջանակներու աչքի փուշը: Պետութեան ներկայացուցիչները կամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ ազգայնապաշտներ, քրտամէտ կուսակցութիւնը կը մեղադրեն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը պաշտպանելու յանցանքով:

Օրինակ, Պոլսոյ Սուլթանպէյլիի ոստիկանատան վրայ յարձակումէն ետք, յարձակումներու թիրախ դարձաւ քրտամէտ կուսակցութիւնը, որուն Սուլթանպէյլիի վարչական կեդրոնը գիշերուան ժամերուն ցուցարարներու կողմէ քարկոծուեցաւ: Ցուցարարները շէնք մտան ու քանդեցին ժողովասրահը:

Այս վերջին յարձակումէն ետք այս մասին յայտարարութիւն մը կատարեց քրտամէտ կուսակցութեան Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ ըսաւ. «Դժբախտաբար դարձեալ մտած ենք բռնարարքներու անելին մէջ: Մենք լայնածաւալ աշխատանք կը տանինք այս անելէն դուրս գալու համար: Ժամ առաջ մարդիկ իրենց ձեռքը ետ պէտք է քաշեն զէնքերէն: Ատենօք տեսանք, թէ ժողովրդավարական սկզբունքները որքա՛ն լաւ արդիւնք կու տան: Մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր, Թուրքիոյ մէջ մարդիկ գրեթէ գարնան մթնոլորտ մը կ՛ապրէին: Մենք կ՛ուզէինք, որ գարնան այս մթնոլորտը շարունակուի: Բայց, դժբախտաբար, պետութեան գլուխը գտնուողները մտածեցին, որ հաշտութեան այս մթնոլորտը  ի շահ իրենց չէ, անիկա չի կրնար ապահովել անոնց «փատիշահ» ըլլալու ակնկալութիւնը. այս պատճառով ալ, ահաւասիկ կրկին ինկանք բռնարարքներու անելին մէջ:

«Ասիկա պատճառ է նաեւ, որ հաւաքականութեան զանազան խմբաւորումներ դէմ դիմաց գան: Ոստիկանատան մը մէջ պայթած ռումբի մը պատճառով, խուժան մը կրնայ գալ ու յարձակիլ մեր կեդրոններուն վրայ: Եթէ այսպէս շարունակուի, այս կրակը ամէն կողմ հրդեհ պիտի ստեղծէ: Անոր համար ալ, պայման է, որ ժամանակաւոր կառավարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահը իրենց խելքը գլուխը բերեն»:

 

Նախորդը

Զարիֆ Կ՛աւարտէ Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Կը Մեկնի Սուրիա

Յաջորդը

Հայաստանը Ռուսիոյ Կազմին Մէջ Ներառելու Կոչ Ուղղողին Պատիժը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական  Մթնոլորտի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

March 9, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.