Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տը Վաալ. «Ազրպէյճան Լայնածաւալ Գործողութիւններու Սկսելու Զինուորական Կարողութիւն Չունի»

October 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tomas-de-Vaal-10-02-15

Յանուն միջազգային խաղաղութեան «Քառնեկի» հիմնադրամին վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ սկսելու հետաքրքրութիւն չի տեսներ: 2 հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման նիւթով կազմակերպուած քննարկումի մը ընթացքին Թոմաս տը Վաալ միացած էր տեսակամուրջի միջոցով: Ան ընդգծած է, որ հայկական կողմին համար պատերազմը ձեռնտու չէ, քանի որ իրավիճակը անոր օգտին է, իսկ Ազրպէյճանի համար պատերազմը մեծ վտանգ է, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

«Յայտնի չէ, թէ ինչո՛վ կ’աւարտի պատերազմը Ազրպէյճանի համար: Ատիկա նախ եւ առաջ մեծ վտանգ է Ազրպէյճանի մէջ գործող վարչակարգին համար: Անոնք  այդպիսի զինուորական կարողութիւն չունին,  որպէսզի  լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու սկսին: Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի չէ, թէ ինչպէ՛ս կ’արձագանգէ Ռուսիան, եթէ Ազրպէյճան պատերազմի սկսի», ըսած է ան:

Թոմաս տը Վաալ ընդգծած է, որ հակառակ ատոր` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը աւելի սրած է, քանի որ յատկապէս ազրպէյճանական կողմը շփման գիծին վրայ սկսած է մեծցնել զինատեսակներու տրամաչափը, ինչ որ շատ վատ է: «Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը կրնայ աւելի աճիլ, ինչ որ կը յանգեցնէ տասնեակ զոհերու: Սա կրնայ լուրջ հարուած ըլլալ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին», ըսած է վերլուծաբանը:

Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ աշխատիլ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ անոր հիմնական առաջադրանքը դարձած է կարգավիճակի պահպանումը, բանակցող կողմերու նախագահներուն` տարեկան գոնէ մէկ անգամ հանդիպման ապահովումը` իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար:

«Ասիկա Մինսքի խմբակին նուազագոյն առաջադրանքն է, իսկ առաւելագոյն առաջադրանքը, վստահաբար, տագնապի խաղաղ լուծման հասնիլն է: Սակայն անհասկնալի է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հասնիլ խաղաղ լուծման: Տեսէք Ուքրանիոյ օրինակը. բոլորը կը ցանկան, որ այնտեղ խաղաղութիւն հաստատուի, սակայն իրարու նկատմամբ անվստահութիւնը եւ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները թոյլ չեն տար ատոր հասնելու: Նոյն իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ է: Իրավիճակը իսկապէս շատ վտանգաւոր է, սակայն մեծագոյն վտանգը կրնայ թեթեւ սխալի մը պատճառով շփման գիծին վրայ լարուածութեան աննախադէպ աճի վերածուիլ», եզրափակած է տը Վաալ:

 

 

 

Նախորդը

Արժանթինի Միսիոնես Նահանգը Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Երդման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.