ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան նուիրուած վեհաժողովին, ուր նաեւ խօսք արտասանած է` դիտել տալով, որ, հակառակ միջազգային հանրութեան կողմէ զինեալ տագնապներու կանխարգիլման եւ անոնց խաղաղ կարգաւորման առնչուող մեծ ջանքերուն, խաղաղապահութիւնն ու անվտանգութիւնը կը շարունակեն մնալ փխրուն եւ խոցելի:
«Ուրախութեամբ կը նշեմ, որ հակառակ մեր սահմաններուն վրայ լարուածութեան, Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը միջազգային խաղաղապահութեան մարզին մէջ աստիճանաբար կ՛ընդլայնուի թէ՛ աշխարհագրութեան, թէ՛ քանակական եւ թէ՛ որակական իմաստով: Հայաստանը այսօր արդէն միջազգային խաղաղապահութեան եւ անվտանգութեան աշխուժ ներդրող է` անցած տասնամեակին ընթացքին զգալի փորձ կուտակելով: 2004 թուականէն ի վեր հայ խաղաղապահները սկսած են ծառայութիւն իրականացնել Քոսովոյի մէջ, իսկ հետագային` նաեւ Իրաքի մէջ: 2010 թուականէն ի վեր մեր մասնակցութիւնը բերինք Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աջակցման միջազգային ուժերուն: 2015-էն սկսեալ` այդ երկրին մէջ կը մասնակցինք «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան եւ, ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք, մեր միջազգային գործընկերներուն հետ պիտի մնանք այնքան, որքան անհրաժեշտ է: Անցեալ տարի մենք ընդլայնեցինք խաղաղապահ առաքելութեան մէջ մեր ներգրաւուածութիւնը: Այժմ արդէն ներկայ ենք Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ առաքելութեան մէջ: Այս տարուան յուլիսին սկսաւ Հայաստանի մասնակցութիւնը Մալիի մէջ գործող ՄԻՆՈՒՍՄԱ խաղաղապահ առաքելութեան: Իսկ բոլորովին վերջերս ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն մեր ապագայ մասնակցութեան եւ համապատասխան կարողութիւններու զարգացման ու տրամադրման առումով մենք ստանձնած ենք նոր յանձնառութիւններ, որոնք են երկրորդ աստիճանի դաշտային հիւանդանոցի եւ կցագրուած անձնակազմի նախապատրաստումը եւ ինքնաշէն պայթուցիկ սարքերու վնասազերծման յատուկ վաշտի պատրաստականութեան ապահովումը: Հայաստանի խաղաղապահ կարողութիւններու ստեղծման եւ զարգացման պարագային առանցքային եղած է Միացեալ Նահանգներու, Յունաստանի, Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի կառոյցներու եւ միւս անդամ պետութիւններու դերակատարութիւնը, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանումը բոլորին` թէ՛ մեծ, թէ՛ փոքր պետութիւններու առաջնային պատասխանատուութիւնն է, իսկ խաղաղապահութիւնը` այդ նպատակին հասնելու գլխաւոր միջոցներէն մէկը: Այսօր մեզի տակաւին անհրաժեշտ են լրացուցիչ հաւաքական ջանքեր` այն առաւել ամրապնդելու համար: Ակնյայտ է, որ միայն համապարփակ, համադրուած ու կշռադատուած մօտեցումով կարելի է ունենալ խաղաղ եւ ապահով աշխարհ», եզրափակած է հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Սարգսեան Նիւ Եորքի Մէջ
Հանդիպում Ունեցաւ Իտալիոյ Վարչապետին Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի հետ:
Անոնք քննարկած են հայ-իտալական քաղաքական երկխօսութեան եւ առեւտրական-տնտեսական փոխգործակցութեան օրակարգի հարցեր, անդրադարձած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան:
Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են, որ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջպետական կապերը մնայուն կերպով զարգացած են փոխըմբռնման ոգիով, սակայն, անոնց կարծիքով, երկու երկիրներու ներուժը առիթ կու տայ առաւել սերտացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հայաստանի նախագահը եւ Իտալիոյ վարչապետը կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ կայուն քաղաքական երկխօսութեան ծաւալումը, որուն մեծապէս կրնան նպաստել յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները: Այդ պարունակին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ջերմութեամբ յիշած է ապրիլին Իտալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնն ու Իտալիոյ նախագահին հետ ունեցած բովանդակալից հանդիպումը:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ միացեալ ջանքերով երկու երկիրները կրնան որակական նոր մակարդակի բարձրացնել հայ-իտալական միջպետական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ:
Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Իտալիան Հայաստանի համար կարեւոր է նաեւ իբրեւ Եւրոպական Միութեան յառաջատար երկիր, որուն հետ համընդգրկուն համագործակցութեան զարգացումը կը շարունակէ ծանրակշիռ հանգամանք ունենալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Իտալիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընթացիկ օրակարգի իրականացման:
Երկուստեք կարեւոր նկատած են նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան նշանակութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:
Նշելով, որ հայ-իտալական օրակարգի կարեւորագոյն բաղկացուցիչներէն մէկը առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններն են, զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ վերջին 4 տարուան ընթացքին, հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը մեծապէս աւելցած է: Աւելի՛ն` նախորդ տարուան ցուցանիշով, Իտալիան Եւրոպական Միութեան երկիրներու կարգին Հայաստանի երկրորդ առեւտրական գործընկերն է (Գերմանիայէն ետք): Ասիկա կը վկայէ, որ աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու իմաստով կայ լուրջ ներուժ, որուն ուղղութեամբ անհրաժեշտ է աշխուժ ջանքեր ներդրել:
Հայաստանի նախագահը եւ Իտալիոյ վարչապետը անդրադարձած են շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին եւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ իբրեւ բարեկամ երկիր` Հայաստանի համար կարեւոր է Իտալիոյ մնայուն հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ: