Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Երդման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Հոկտեմբեր 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 0045,jpg

2 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 7-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը եւ նախարարութեան քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, պետական, հասարակական, համահայկական եւ հոգեւոր կառոյցներու  ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ:

Գառնիկ Մկրտիչեան
Գառնիկ Մկրտիչեան
Վիգի Մարաշլեան
Վիգի Մարաշլեան

Առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, ծաղիկներ զետեղած հայ ազատամարտիկներու եւ Հայոց ցեղասպանության անմեղ զոհերու յուշակոթողներուն:

Հանդիսութեան բացումին օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, ապա տեղի ունեցաւ քաղաքացիական ծառայութեան յայտարարուած մրցումին յաջողած եւ սահմանուած փորձաշրջանը անցած 11 քաղաքացիական ծառայողներու երդման արարողութիւնը:

Քաղաքացիական ծառայողներուն վկայականները յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան:

Ազգային ժողովի նախագահը շնորհաւորեց բոլոր քաղաքացիական ծառայողները՝ պաշտօն ստանձնելու եւ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ անոր 7-ամեայ տարեդարձին առիթով:

«Այս նախարարութեան մէջ իսկապէս ջերմ աշխատանքային մթնոլորտ կայ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները անցան աշխարհի 4 ծագերուն մէջ ապրող հայութեան բացարձակ համախմբուածութեամբ: Եւ ատիկա նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան շնորհիւ: Նախարարութիւնը գործնական լուրջ քայլերու ձեռնարկած է արեւմտահայերէնի նահանջը կասեցնելու եւ մեր լեզուի այդ ճիւղին նոր կեանք ու շունչ պարգեւելու գործին մէջ», նշեց Ազգային ժողովի նախագահը՝ աւելցնելով, որ «սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, յատկապէս «Արի տուն» ծրագիրին շնորհիւ հայրենիք եկած սփիւռքահայ մեր երիտասարդները մայրաքաղաքին նոր կեանք ու հոգի հաղորդած են»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

26-0067,jpg

Ան մասնաւորապէս նշեց. «Կը շնորհաւորեմ բոլոր նորընծայ քաղաքացիական ծառայողները՝ պաշտօններ ստանձնելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ամբողջ աշխատակազմը՝ 7-ամեայ գործունէութեան առիթով: Մեր ճամբան սկսանք դժուարութիւններ յաղթահարելով եւ հասկնալով, որ կան բազմաթիւ  մարտահրաւէրներ, որոնցմէ պէտք չէ երկնչիլ, այլ քրտնաջան աշխատանքով յաղթահարել այդ դժուարութիւնները: Առանձնապէս շնորհակալ ենք սփիւռքի համահայկական այն բոլոր կառոյցներուն, որոնք վստահեցան մեզի եւ գործակցեցան մեզի հետ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մտաւորականներուն, մշակոյթի գործիչներուն, որոնք ամէն ջանք ու եռանդ ներդրեցին՝ օգնելով նախարարութեան կայացման գործին: «Ամէնէն տաղանդաւորներէն մէկը՝   Տիգրան Մանսուրեան, այսօր այստեղ է եւ մեզի հետ կը տօնէ սփիւռքի նախարարութեան տարեդարձը», նշեց նախարարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախարարութիւններուն, որոնք համագործակցած են նախարարութեան հետ եւ հայ դիւանագէտներուն՝ համայնքներուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն  համար:

Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Մանուէլ Բադալեան:

Յօրինող Տիգրան Մանսուրեան յիշեց Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը եւ նշեց, որ սփիւռքի նախարարութեան խնդիրը հայ հեղինակին նշած այդ նահանջը կանգնեցնելն է: «Ուրախ եմ, որ ձեր ծրագիրներուն շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայ պատանիներն ու երիտասարդները մեծ ոգեւորութեամբ կու գան Հայաստան: 7-ամեայ ճամբան պետական համակարգին համար կրնար միայն կայացման ճամբայ ըլլալ, մինչդեռ այսօր մենք կը տեսնենք այդ համակարգին կողմէ իրականացուող հայապահպանութեան միտուած մեծ աշխատանք»:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը բարձր գնահատեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, ՀԲԸՄ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Յովիկ Էօորտեքեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի փոխնախագահներ Արամ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Աղայեանը, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալլաճեան:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով երաժշտական կատարումներով եւ ասմունքով հանդէս եկան Անահիտ Սահակեան, Վլատիմիր Ահարոնեան, «Ծաղկազարդ» համոյթը, Ջիվան Սարգսեան:

Լուսանկարները՝ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

 

Նախորդը

Տը Վաալ. «Ազրպէյճան Լայնածաւալ Գործողութիւններու Սկսելու Զինուորական Կարողութիւն Չունի»

Յաջորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Սարգիս Յովսէփեան Հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?