Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. Խօսքը» Եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Փետրուար 27, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

har-6_022616

Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ եւ «Ազդակ»-ի գործակցութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը» գիրքերուն շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր եպս. Աշըգեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բժիշկներ եւ հիւրեր:

Տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան
Տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան: Ան յայտնեց, թէ Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը 66 տարիէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` կազմակերպելով բազմաբնոյթ ու բազմաբովանդակ նախաձեռնութիւններ: Տոքթ. Տիգրան վարդապետեան ըսաւ, թէ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի ստորագրութեան կը հանդիպինք «Ազդակ» օրաթերթի բժշկական սիւնակով` շաբաթական դրութեամբ, երկարամեայ իր գործունէութեամբ ու ծառայութեամբ Համազգայինի եւ ազգային կառոյցներու ընդմէջէն: Կ. Հարպոյեան չէ զլացած ծառայելու Լիբանանահայ բժշկական միութեան թէ՛ իբրեւ անդամ, թէ՛ իբրեւ վարչական: Ապա ան դիտել տուաւ, թէ բժիշկ Հարպոյեան պայմաններու բերումով գաղթած է Քանատա, բայց մնացած է միշտ սիրելի լիբանանահայ գաղութին: Տոքթ. Վարդապետեան Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով երախտագիտական զգացում յայտնեց բժիշկ Հարպոյեանին` ձեռնարկին ընդմէջէն բժիշկին մաղթելով երկար կեանք եւ արեւշատութիւն:

Սիլվի Աբէլեան
Սիլվի Աբէլեան

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սիլվի Աբէլեան: Ան «Ազդակ»-ի անունով ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող կենսագրական տուեալներ` նշելով, թէ բժիշկ Հարպոյեան երկար տարիներ աշխատակցած է տեղական ու սփիւռքահայ մամուլին` մասնաւորաբար  բժշկագիտական եւ առողջապահական յօդուածներով: Բժշկական յօդուածներու կողքին ունեցած է նաեւ ազգային, հասարակական բնոյթի ուսումնասիրական  յօդուածներ: Ս. Աբէլեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս բժիշկ Հարպոյեան իր մասնագիտութեան  կողքին ծառայած է Ազգային իշխանութեան բարձրագոյն կառոյցներուն` Քաղաքական ու Գաւառական ժողովներուն, Ուսումնական խորհուրդին` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Ապա ան շեշտեց, թէ բժիշկ Հարպոյեան յաջողած է  բժշկագիտական ամբողջ եզրաբանութիւն մը հայացնել ու դնել հայ բժիշկներուն, հայ ընթերցողին ու հայոց լեզուի տրամադրութեան տակ:

Սիլվի Աբէլեան իր խօսքի աւարտին երախտագիտութեամբ շնորհաւորեց բժիշկ Հարպոյեանի նշեալ հատորներուն յղացումն ու ծնունդը` անոր մաղթելով արգասաբեր ու բեղուն գործունէութիւն բժշկական,  գիտական ու գրական  ասպարէզներուն  մէջ:

Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան
Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան

Ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան եւ ներկայացուց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին գիրքերը: Ան ըսաւ, թէ Հարպոյեանի գիրքերը ուղղուած են հանրութեան եւ ոչ թէ արհեստավարժ խաւին, հետեւաբար կ՛ենթադրեն ըլլալ հասկնալի ու ճշգրիտ: Ան նշեց, թէ գիրքերու հեղինակին նպատակն է բժշկական տեղեկութիւններ փոխանցել մայրենի ոսկեղնիկ հայերէնով, ինչպէս նաեւ զարգացնել բառամթերքը:

Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան նշեց, որ «Բժիշկին Գ. խօսքը» հատորը 329 էջ կը հաշուէ: Գիրքին առաջին յօրուածը նուիրուած է հայ բժշկութեան պատմութեան` մինչեւ 19-րդ դարու վերջը, իսկ երկրորդը` բժշկական բարոյագիտութեան:

Ան ըսաւ, թէ հեղինակի աշխատանքի արժէքին մեծապէս նպաստած է օգտագործուած աղբիւրներու եւ բառարաններու յիշատակումը:

Ան նշեց նաեւ, որ «Բժիշկին Դ. գիրք»-ին մէջ բաւական տեղ տրամադրուած է գործածուած բառացանկին, իսկ բաժին մըն ալ յատկացուած է նոր բառերու` հեղինակին կամ խմբագիրին կողմէ յղացուած: Իսկ խօսքի աւարտին արտայայտելով իր գնահատանքը` տոքթ. Էճիտեան շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկ Հարպոյեանին, ապա հրաւիրեց զինք սրտի խօսք արտասանելու այս առիթով:

Ելոյթ ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան: Ան ըսաւ, որ անմոռանալի պիտի ըլլայ այս օրը իրեն համար, երբ մեծարուեցան իր աշխատասիրութիւնները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան, «Ազդակ» օրաթերթին, Մեղրիկ եպս. Բարիքեանին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին եւ անոր տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցին այս ձեռնարկը:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Ան ըսաւ, թէ կը հաւատայ, որ ամէն մէկ գիտակից հայ ձեւով մը պէտք է հասնի իր ժողովուրդի պէտքերուն եւ իր անսակարկ օժանդակութիւնը բերէ իր արիւնակիցներու զարգացման: Ան համեստ աշխատանքով մը ուզած է հասնիլ իր ժողովուրդին` առողջապահական գետնի վրայ եւ անոր փոխանցել հայոց լեզուով բժշկական ու առողջապահական որոշ դաստիարակչական գիտելիքներ եւ ցուցմունքներ:

Բժիշկ Հարպոյեան ըսաւ, որ գիրքերուն թիրախները հայ ժողովուրդի զաւակներն են եւ ոչ թէ բժիշկները. հրատարակուած գիրքերը բժշկական մասնագիտական գիրքեր չեն, այլ գրուած են ժողովուրդին համար:

Ան ըսաւ, թէ մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ զարգացնել իր գրութիւնները` գիտական եւ բժշկական հայեցի բառամթերքով: Բժիշկ Հարպոյեան իր խօսքի աւարտին երախտագիտութեամբ յիշեց լիբանանահայ երեք պատուաւոր անձնաւորութիւներ, որոնք խթան հանդիսացան իրեն հայերէն գրութիւններով հանդէս գալու, ինչպէս` ատամնաբոյժ Յարութիւն Գազանճեան, տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան եւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան: Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ խթան հանդիսացած է 2000 թուականին «Բժիշկի խօսք»-ին ծնունդին:

Վերջապէս սրտի խօսք արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան շնորհաւորեց բժիշկ Հարպոյեանը գիրքերու շնորհահանդէսին առիթով եւ մաղթեց, որ  կրկին հանդիպում կայանայ բժիշկին հետ կայտառ եւ արդիւնաւոր պայմաններու մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները շնորհաւորեցին մեծարեալը: Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան մեծ սիրով մակագրեց իր գիրքերը` ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գիրքի Ընթերցանութեան Մրցանք

Յաջորդը

Ուաշինկթըն-Պաքու Գաղտնի Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?