Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը աւարտեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ընտրութեան փակ, գաղտնի քուէարկութիւնը: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 107 պատգամաւոր, անվաւեր ճանչցուեցաւ 4 քուէաթերթիկ:
96 պատգամաւոր «կողմ» քուէարկեց Արման Թաթոյեանի թեկնածութեան, 7-ը` «դէմ»:
Քուէարկութեան արդիւնքներուն ամփոփումէն ետք Արման Թաթոյեան, մօտենալով Ազգային ժողովի ամպիոնին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «բարձր վստահութեան համար», այնուհետեւ երդում տուաւ. «Կ՛երդնում հաւատարիմ մնալով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, պաշտպանել մարդու եւ քաղաքացիին իրաւունքներն ու ազատութիւնները»:
Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Թաթոյեան անգամ մը եւս հաստատեց, որ որեւէ կերպով կաշկանդուած պիտի չըլլայ, որ իր թեկնածութիւնը ներկայացուցած էր իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը:
ՀՅԴ-ն Կողմ Քուէարկեց Արման Թաթոյեանի
Թեկնածութեան
Ազգային ժողովի քառօրեային ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Ան նշեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ընտրութեան հարցը համակարգային կը նկատէ եւ կը մեկնի հիմնական քանի մը հաստատումներէ:
Նախ, Արծուիկ Մինասեանի խօսքով, սահմանադրական կարգաւորումներուն համաձայն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը հանրային բոլոր մակարդակներու մարմիններու պարտականութիւնն է, անիկա կարելի չէ դիտել միայն մէկ մարմինի եւ մէկ անձի պաշտպանութեան ներքեւ, այլ պէտք է ըլլայ թէ՛ գործադիր, թէ՛ դատական, թէ՛ օրէնսդիր մարմիններու, պետական եւ տեղական մարմիններու կողմէ, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ բոլոր այդ մարմինները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային համակարգի տարրերն են:
«Եթէ այստեղէն կը բարձրաձայնուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին, ապա ատիկա պէտք է վերաբերի հաւասարապէս բոլորին, այլ ոչ` ընտրողաբար եւ միայն մէկ հաստատութեան», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Արծուիկ Մինասեան աւելցուց, որ Արման Թաթոյեանի հետ ՀՅԴ խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցած է, որուն ընթացքին խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն հիմնական մտահոգութիւնը փարատած է, որովհետեւ հայեցակարգային պատկերացումներով թեկնածուն լիարժէք կերպով կը համապատասխանէ ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն: