
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ամսական դրութեամբ տեղի ունենալիք հանդիպում- զրոյցներու շարքին առաջինը` «Ընտանիքը եւ դժուարութիւնները» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Վարուժ Պետիրեան:
ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով Րաֆֆի Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սոյն շարքը, որ կազմակերպուած է, դասախօսութիւններու շարք չէ, այլ` զրոյցներու շարք մըն է, որովհետեւ շրջանի կոմիտէն կ՛ուզէ Ֆանարի բնակիչներուն հետ քննել ընտանիքները, ակումբը եւ միութիւնները յուզող հարցեր: Տեմիրճեան ըսաւ, որ կոմիտէն կը հաւատայ, թէ հարցերը պէտք է քննարկուին, եւ բարձրաձայն ու անկեղծօրէն անոնց մասին խօսուի` աւելցնելով, որ Ֆանարի մէջ իբրեւ հաւաքականութիւն հարցեր կան, նաեւ գաղութային օրակարգով խնդիրներ եւ մտահոգութիւններ կան, եւ սոյն հանդիպում-զրոյցները լաւագոյն առիթն են միասնաբար խօսելու եւ քննարկելու: Այնուհետեւ ան ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

Տոքթ. Վարուժ Պետիրեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան բացատրեց, թէ պիտի խօսի հայ ընտանիքի եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, նաեւ որոշ պատկերացում պիտի կազմենք մեր ընտանիքներու ներկային, անցեալին եւ ապագային մասին: Ան հարց տուաւ, թէ ներկայիս հայ ընտանիքը հզօր դիրքի վրայ կը գտնուի՞, թէ՞ նահանջ կ՛ապրի, քայքայման եզրի՞ն է, կ՛ուղղուի դէպի այլասեռու՞մ կամ ձուլո՞ւմ: Տոքթ. Վ. Պետիրեան բառացիօրէն բացատրեց ընտանիք բառին իմաստը եւ անդրադարձաւ ընտանիքի ունեցած դերակատարութեան մեր հասարակական կեանքին մէջ` շեշտելով, որ ընտանիքը` ա) մեր առաջին դպրոցն է, որ հայը պիտի կերտէ, բ) մեր հայրենիքն է, որովհետեւ 1915-էն ետք դարձաւ փոքրիկ Հայաստան եւ մեր մէջ սերմանեց հայրենիքի սէրը: Տոքթ. Վ. Պետիրեան փոքր համեմատութիւն մը ըրաւ ներկայիս ընտանիքներու իրավիճակին եւ անցեալին գոյութիւն ունեցող ընտանիքներուն միջեւ, որպէսզի որոշենք, թէ ո՛ր ընտանիքը հզօր է: Համեմատութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկաւ, որ անցեալի ընտանիքներուն անդամներուն թիւը աւելի մեծ էր, հետեւաբար աւելի հզօր կ՛ըլլար ժամանակին: Առ այդ, ան շեշտեց, թէ որակը կարեւոր է, սակայն անիկա քանակով կ՛ըլլայ, եւ կոչ ուղղեց քաջալերելու երիտասարդ զոյգերը, որ աւելի զաւակներ ունենան, սակայն միաժամանակ պէտք է ստեղծել տնտեսական եւ ընկերային յարմար մթնոլորտ: «Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ նոյն դժուարութիւնները կը տիրեն: Ընտանիքներուն անդամներուն թիւը կը նուազի: Ամուսնութիւններու թիւը տարիէ տարի կը պակսի, իսկ ամուսնալուծումները դժբախտաբար պակսելու տեղ կ՛աճին», հաստատեց տոքթ. Վ. Պետիրեան եւ անդրադարձաւ «ամուսնութիւն» բառի հասկացողութեան` բացատրելով, որ Լիբանանի մէջ կնքուած հայկական բոլոր ամուսնութիւնները կրօնական են, եւ պետական ամուսնութիւն արգիլուած է: Ան յայտնեց, որ ամուսնութիւնը եկեղեցւոյ կողմէ նուիրագործուած խորհուրդ մըն է: Շարունակելով իր խօսքը` տոքթ. Վ. Պետիրեան թուեց այն պայմանները, որոնք պատճառ կը դառնան, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ամուսնալուծումը արտօնուի. դաւաճանութիւն, հոգեկան հիւանդութեան գոյութիւն, մահափորձի դիմել, անհանդուրժելի վարմունք զոյգերէն մէկուն կողմէ, կրօնափոխութիւն, 5 տարիէն աւելի տունէն հեռացում: Ան հաստատեց, որ ներկայիս ամուսնալուծումներու թիւը շատցած է, եւ օրինակներ տալով թուեց այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառները. ա) Խառն ամուսնութիւններ, բ) Անբարոյականութիւն, գ) Տնտեսական վիճակ, դ) Նոր արհեստագիտութիւն, ե) Օտարամլութիւն:
Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Վ. Պետիրեան շեշտեց, որ ազգի մը յաւերժութիւնը կարելի չէ ապահովել, երբ անոր թիւը նահանջի մէջ է, հետեւաբար հայ ընտանիքը պէտք է ֆիզիքապէս աճի, որպէսզի զօրեղ ըլլայ եւ նեցուկ կանգնի ընկերութեան` աւելցնելով, որ ազգի մը գոյատեւումը միայն հողով, մշակոյթով կամ պետական կառոյցներով չ՛ապահովուիր: «Մեր ընտանիքներուն մօտ սկսած է հետզհետէ զգալի դառնալ հեռացումը մեր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներէն: Արդարեւ, եթէ այս վտանգաւոր ընթացքին առաջքը շուտով չ՛առնուի, այս երեւոյթները հայ ընտանիքը կրնան առաջնորդել դէպի բարոյական, հոգեւոր ու ազգային քայքայում», եզրափակեց տոքթ. Վ. Պետիրեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն աշխատանք տանելու, որ հայ ընտանիքը իր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով, իր սրբութիւններով ու տոհմիկ աւանդութիւններով, իր ազգային ոգիով ու երազներով վերստանձնէ իր վեհ առաքելութիւնը:


