26 փետրուար 2016-ին Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ Պելկրատի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հայկական պատուիրակութիւն մը` բաղկացած ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէն, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան-Մուրատեանէն, Սերպիոյ հայկական համայնքի նախագահ Սամուէլ Այվազեանէն եւ կիպրացի լրագրող, քաղաքագէտ Եանոս Խարալամպիտիսէն, որ հեղինակած է Արցախի մասին գիրք մը: Ներկայ էին նաեւ Սերպիոյ նախագահի խորհրդական, արտաքին գործոց նախկին նախարար Իվան Մրքիչ եւ այլ պաշտօնակատարներ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Կարապետեան իր եւ Հայ դատի յանձնախումբերուն երախտագիտութիւնը յայտնեց Սերպիոյ նախագահին` Հայաստան կատարած իր զոյգ այցելութիւններուն համար, յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած յիշատակման հանդիսութեանց մասնակցելու առումով: Կարապետեան նաեւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը` ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Սերպիա երկկողմանի յարաբերութիւններու լուրջ բարելաւումին` Նիքոլիչի նախագահութեան ընթացքին, յայտնելով նաեւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի պատրաստակամութիւնը ամէն կերպով օժանդակելու, ա՛լ աւելի խորացնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:
Կարապետեան նաեւ անդրադարձաւ Սերպիոյ հայ համայնքին վիճակին` խնդրելով, որ պետութեան կողմէ հայկական համայնքին հողամաս մը տրամադրուի, ուր կարելի ըլլայ կառուցել եկեղեցի, դպրոց եւ հաւաքավայր մը: Խնդրանքին դրական կերպով ընդառաջեց հանրապետութեան նախագահը` յանձնարարելով իր օգնականներուն, որ համայնքին հետ գործակցաբար հարցին լուծում տրուի, որպէսզի Սերպիոյ հայութիւնը կարենայ պահպանել իր հաւատքը, լեզուն եւ աւանդութիւնները:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Տաթեւ սրբազանը, որ Աստուածամօր սրբանկարը փոխանցեց նախագահ Նիքոլիչին, որպէսզի զայն զետեղէ իր ծննդավայրին մէջ կառուցած սերպ ուղղափառ եկեղեցիին մէջ: Տաթեւ սրբազան նշեց նաեւ, որ Սերպիոյ եւ Հայաստանի եկեղեցիներուն յարաբերութիւնները շատ լաւ մակարդակի վրայ են` տեղեկացնելով նաեւ, թէ ապագային կ՛ակնկալուի Սերպիոյ պատրիարքին այցելութիւնը Էջմիածին:
Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառին թանկագին սրբանկարին համար եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տաթեւ սրբազանին, որ անձնապէս այցելեց` փոխանցելու համար վեհափառին ուղարկած սրբանկարը: Հանրապետութեան նախագահը Գասպար Կարապետեանին իր գոհունակութիւնը յայտնեց հանդիպման համար: Անդրադարձաւ Սերպիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն` շեշտելով, թէ իր երկու այցելութիւններուն թիրախը նաեւ այդ էր: Յատուկ նշում կատարեց այդ յուզումին մասին, որ զգաց, երբ ներկայ եղաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման օրուան` Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Տեղեկացուց նաեւ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները աւելի պիտի սերտանան, եւ այդ ուղղութեամբ ալ դերակատարութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը Սերպիա` 2016-ի ընթացքին:
«Այսօր, Սերպիոյ յարգարժան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ պատիւը ըրաւ ընդունելու մեր պատուիրակութիւնը: Ունեցանք արդիւնաւէտ հանդիպում եւ խօսակցութիւններ: Նոյնանման անցեալը եւ արժէքները, զորս ունինք սերպ ժողովուրդին հետ, եւ պատրաստակամութիւնը երկու երկիրներուն աւելի խորացնելու իրենց յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը, պիտի ունենան տպաւորիչ արդիւնքներ: Հանրապետութեան նախագահը դրական կերպով ընդունեց մեր խնդրանքը` կապուած Սերպիոյ հայկական համայնքին, որ կը հաւատանք, թէ կրնայ դերակատար ըլլալ երկու երկիրներուն հասարակութիւններուն միջեւ: Վստահ եմ, որ մօտիկ ապագային պիտի ունենանք առիթը քննարկելու սերպ պաշտօնակատարներու հետ այլ քաղաքական հարցեր եւս, եւ հասնինք հասարակ յայտարարի մը` ի շահ մեր երկու երկիրներուն ժողովուրդներուն», նշեց Գասպար Կարապետեան հանդիպման աւարտին: