Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Եւ Հայաստանի Միջեւ Տարբեր Մարզերու Մէջ Կապերու Ու Համագործակցութեան Ամրապնդումը Կարեւոր Նկատուեցաւ

March 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի 1 մարտին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որուն հետ տուած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:

Հանդիպում`
Նախագահ Սարգսեանի Հետ

15792_b

Նախագահ Սարգսեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն, տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան, միջազգային արդի խնդիրներուն, շրջանի զարգացումներուն, մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարին վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի նախագահը` կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը, որով մեծապէս հետաքրքրուած է Հայաստան, նշած է, որ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները շատ լաւ խթան կը հանդիսանան ու կը վկայեն փոխադարձ գործակցութեան զարգացման երկկողմանի պատրաստակամութեան մասին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող լայնածաւալ բարեփոխումներուն, որոնց կարգին` նախորդ դեկտեմբերին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներուն: Ան շեշտած է, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակելու տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացք առած բարեփոխումները եւ բարձր կը գնահատէ անոնց իրականացման համար Եւրոպական Միութեան կողմէ յատկացուող ֆինանսական աջակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթին: Հայաստանի նախագահը հիւրին ներկայացուցած է այդ հոլովոյթին մէջ հայկական կողմին դիրքորոշումները: Ֆետերիքա Մոկերինի վերահաստատած է այս առումով Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը` ընդգծելով, որ իրենք կը սատարեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, անոր առաքելութեան իրականացման  եւ կը պաշտպանեն բանակցային երեք սկզբունքները` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք, ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկել եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանում:

Նախարար Նալբանդեանի Հետ
Մամլոյ Միացեալ Ասուլիս

12819457_1295277877165072_1627998713843733336_o

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին ընդունելով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հաստատած է, որ այս այցելութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման վրայ:

Ֆ. Մոկերինի ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ աւելի ամուր գործընկերութեան հաստատումը շահեկան է ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցերուն, յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմքի ձեւաւորման վերաբերող բանակցութիւններուն:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի դիմագրաւման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերը համախմբելու կարեւորութեան շուրջ: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է գաղթականութեան ճգնաժամին եւ գաղթականներու տարերային հոսքին:

Նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ Հայաստան կը հանդիսանայ սուրիացի գաղթականներ ընդունող երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ ընթացող` ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումները:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:

Կողմերը համակարծիք էին, որ իրավիճակի սրման նպաստող ապակառուցողական քայլերը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը վնասակար են եւ կը ծառայեն սթաթիւս քոյի երկարաձգման:

Նալբանդեան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ հետեւողական ջանքերը` ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ:

Հանդիպումին յաջորդած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին նախարար Նալբանդեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ամրապնդելու եւ ընդլայնելու համապարփակ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ:

Կողմերը անդրադարձած են համագործակցութեան հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերուն` քաղաքական երկխօսութեան, շարժունակութեան, մարդու իրաւունքներուն, տնտեսական բարեփոխումներուն, Եւրոպական Միութեան տարբեր ոլորտային ծրագիրներու Հայաստանի մասնակցութեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն կապերու խթանման առումով մեծ կարեւորութիւն կու տան մարդկային յարաբերութիւններուն, այդ պատճառով ալ Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ փոխադրութիւնը կը նկատուի կարեւոր գործօն` հասարակութիւնները իրարու աւելի մօտեցնելու իմաստով: «Արդէն երկու տարի է կը գործէ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան մուտքի արտօնագրային դրութիւնը դիւրացնելու համակարգ, համոզուած ենք, որ հասած է պահը քայլ մը յառաջ երթալու եւ մուտքի արտօնագիրի վերացման վերաբերող երկխօսութեան սկսելու», ըսած է նախարարը:

Ֆետերիքա Մոկերինի շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը սերտէ Սուրիայէն Հայաստան գաղթածներուն օժանդակելու համար Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու հարցը: Ան նշած է, որ ասիկա կարելի է ընել Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ գործող հիմնադրամներուն միջոցով, որոնք կը նպատակադրեն օժանդակել սուրիական ճգնաժամի յաղթահարման:

Հանդիպում`
ՀՀԿ-ի Եւ ՀՅԴ-ի Ղեկավարներուն Հետ

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներուն, Ազգային ժողովի յանձնախումբերու ղեկավարներուն եւ պատգամաւորներուն հետ:

 

 

 

Նախորդը

Օհանեան. «Պատրաստ Ենք Մեր Երկիրը Եւ Մեր Երկրի Սուրբ Մասը Հանդիսացող Արցախը Պաշտպանելու»

Յաջորդը

Ակնարկ. Անգարան Եւ Պաքուն` Տարբեր Ուղղութիւններու Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.