Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութիւնը Ստեղծուած Է Հայ Ժողովուրդին Ծառայելու Համար» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Փետրուար 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_022616

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ  խորհրդարանական զրոյցներու ընթացքին պատասխանեց լրագրողները հետաքրքրող հարցումներուն:

Պատասխանելով այն դիտարկումին թէ, ըստ ոմանց, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը քաղաքական դաշտէն դուրս ձգելու միտում կայ, եւ որ ըստ Լեւոն Զուրաբեանի, այդ պատճառով է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը Դաշնակցութեան հետ համագործակցելու քայլին դիմեց, ան ըսաւ. «Զարմանալի է, որ քաղաքական դաշտէն դուրս ձգելու հարցով կը  մեղադրուին այն քաղաքական ուժերը, որ այդ անձին հետ շատ երկար տարիներու համագործակցութեան պատմութիւն ունին, եւ այն մարդիկ, որ դաւաճան ըսած են այդ մարդուն, զայն նկատած են հայութեան թիւ  մէկ թշնամի, հիմա դարձան պաշտպա՞նը: Ինչո՞ւ, իրենք կ՛ուզեն, որ  Քոչարեանը անպայման գա՞յ: Իրենց ի՞նչ ցաւն է, ե՞րբ ուզած են, որ Քոչարեանը գայ, մենք տեղեակ չենք: Մենք Քոչարեանի դէմ չենք եղած, մենք Քոչարեանի հետ համագործակցած ենք եւ մեր յայտնի եօթը  կէտերը քսան տարիէ ի վեր կը պաշտպանենք, եւ ատիկա եղած է նաեւ Քոչարեանի ժամանակ, ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ»:

Ըստ Ռուստամեանի, եթէ ՀՅԴ-ն իր գաղափարներուն պաշտպանն է, ասիկա չի նշանակեր, որ մէկու մը դաշտը կը փակէ: «Մենք այսօր ալ  յարաբերութիւններու մէջ ենք պարոն Քոչարեանին հետ, եւ եթէ ինք որոշէ աւելի աշխուժ քաղաքականութեան մէջ ըլլալ, մենք միայն կ՛ողջունենք ատիկա, որովհետեւ մենք այդ փորձը ունինք: Մենք միասին աշխատած ենք, եւ կը կարծեմ, որ այդ տարիները մեր երկրի վատ պայմաններուն մէջ վերելքի տարիներ եղած են: Եթէ մենք գտած ենք գործընկեր, որուն հետ կարելի է ամէն ինչ համաձայնեցնել, ատիկա երկրորդի դէմ չէ», նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

Լրագրողներէն մէկուն դիտարկման, թէ մտավախութիւն չկա՞յ, որ ՀՅԴ-ն իբրեւ գործիք կրնան օգտագործել, Ռուստամեան արձագանգեց. «Ոչինչ, թող մեր ծրագիրները իրականացնելու համար մեզ իբրեւ գործիք օգտագործեն: Մենք ինքներս միջոց ենք, մեր կուսակցութիւնը միջոց է մեր նպատակներուն հասնելու համար: Դաշնակցութիւնը ինքնանպատակ ստեղծուած չէ, ստեղծուած է հայ ժողովուրդին եւ հայութեան ծառայելու համար»:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Կրթական Համակարգի Ծրագրային Բարեփոխումները Պէտք Է Իրականացուին Նոր Աշխատակարգով»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը «Անխուսափելի Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?