Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը «Անխուսափելի Է»

February 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sharmazanov_022616

Աշխատանքային այցելութեամբ Պերլին գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով նախանցեալ օր  Հումպոլտդ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնեայ  ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողովի ընթացքին  հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Էօզտեմիրի հետ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահի գրասենեակին փոխանցումով, Շարմազանով բարձր գնահատած է Ճեմ Էօզտեմիրի սկզբունքային դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման հարցով, մանաւանդ որ ան Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծի հեղինակն է:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է թէ՛ Գերմանիոյ խորհրդարանի, թէ՛ միջազգային հանրութեան կողմէ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, այդ շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:

Կողմերը արձանագրած են, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումները վերահաստատեցին, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան դատապարտումը  անխուսափելի է:

Շարմազանով Պերլինի Հումպոլտդ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնեայ  ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողովին ընթացքին նշած է, որ 24 մարտ 2015-ին Հայաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ:

Ան յոյս յայտնեց, որ այլ երկիրներ հետեւին Հայաստանի օրինակին եւ դատապարտեն այդ սարսափելի յանցագործութիւնը` նշելով, որ ցաւօք, Թուրքիան մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը:

«Եկէք չմոռնանք, որ անպատժելիութիւնը կը ծնի նոր յանցագործութիւններ: Այս օրերուն Միջին Արեւելքը կանգնած է նոյն սպառնալիքներուն դիմաց, որոնց դիմաց մէկ հարիւրամեակ առաջ կանգնեցան հայերը, յոյները եւ ասորիները: Այժմ ալ Թալէաթի եւ Քեմալի յետնորդները կ՛իրականացնեն մէկ այլ ցեղասպանութիւն Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի տարածքներէն ոչ շատ հեռու: Մենք ականատեսն ենք մէկ այլ ցեղասպանութեան, քանի որ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի մնալ չճանչցուած: Կը կարծեմ, որ ժխտողականութիւնը հաւասարազօր է յանցագործութեան իրականացման: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ լռութեան», իր ելոյթին ընթացքին ըսած է Շարմազանով` կոչ ուղղելով միաւորուելու յանուն ցեղասպանութիւններու ճանաչման ու դատապարտման եւ թրքական ժխտողականութեան դէմ` անկախ ազգային եւ կրօնական պատկանելիութենէ:

«Կը կարծեմ` ասիկա միակ ուղին է բացառելու մարդկութեան պատմութեան այս ամօթալի եւ սարսափելի էջին կրկնութիւնը», ըսած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

Նախորդը

«Դաշնակցութիւնը Ստեղծուած Է Հայ Ժողովուրդին Ծառայելու Համար» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.