Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սայաթ-Նովա» Աշուղական Երգի Վաստակաւոր Համոյթը Այցելեց «Ազդակ»

Մարտ 1, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sayat_022916

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը, իր ղեկավարին` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի ընկերակցութեամբ երէկ այցելեց «Ազդակ»:

Համոյթի անդամներն ու ղեկավարները ծանօթացան «Ազդակ»-ի տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն: Այցելեցին «Ազդակ»-ի գրադարանը եւ «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ ծանօթացան օրաթերթի թուայնացման աշխատանքներուն:

«Ազդակ»-ի տնօրէնը բարի գալուստ մաղթեց համոյթի ղեկավարին ու անդամներուն` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը օր մը առաջ մեծ հաճոյքով ըմբոշխնած է «Սայաթ-Նովա» համոյթի մատուցած հոգեհարազատ հայ երգը, որուն ընդմէջէն իսկապէս կարելի եղած էր հայրենիքին շունչը փոխանցել հանդիսատեսին:

«Ազդակ»-ի տնօրէնը անդրադարձաւ հայ աշուղական երգարուեստը իւրացնելու ուղղութեամբ մեր հակառակորդներուն տարած պետական քաղաքականութեան եւ այդ ծիրին մէջ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող աշխատանք նկատեց աշուղական երգարուեստի զարգացման միտող ճիգերը մայր հայրենիքի մէջ եւ յատկապէս «Սայաթ-Նովա» համոյթին ստանձնած առաքելութիւնը:

Իր կարգին, «Սայաթ-Նովա» համոյթի ղեկավար, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Հայաստանի մէջ աշուղագիտական կեդրոն մը հիմնելու:

Անդրադառնալով «Ազդակ»-ին ան ընդգծեց հայ մամուլի աշխատանքին  կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ սփիւռքի մէջ այդ աշխատանքը պահպանելու գաղտնիքը նուիրումն է:

Փրոֆ. Պօղոսեան «Ազդակ»-ի տնօրէնին նուիրեց «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան հրատարակած երգարաններուն առաջին հատորը` «Սայաթ-Նովա» խորագիրով, նշելով, որ երգարանը հրատարակելուն նպատակն է հայ երգիչներուն եւ երաժիշտներուն ընծայել Սայաթ-Նովայի երգերուն խմբագրուած տարբերակները, որոնք կատարուած են «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթին կողմէ` քսան տարիներու ընթացքին:

Նշենք, որ «Ազդակ» աւելի ուշ պիտի հրատարակէ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը` աշուղական երգի «Սայաթ-Նովա» համոյթին մասին եւ իր աշխատասիրած հայ աշուղական երգերու յատուկ երգարաններուն մասին:

Նախորդը

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան Ճանապարհը» Եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» Հատորներուն Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Չի Կրնար Արտօնել, Որ Յունաստանը Գաղթականներուն Պատճառով Քաոսի Մէջ Ընկղմի» Կ՛ըսէ Մերքել

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?