
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով 7 ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, որուն գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ռուսիոյ բնական պաշարներու եւ կենսոլորտի նախարար Սերկէյ Տոնսքոյը, շինարարութեան եւ տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Մենը, փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլովը, Վոլոկտայի նահանգապետ Օլեկ Քուվշիննիքովը, Սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդու բարեկեցութեան մարզին մէջ վերահսկողութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Աննա Փոփովան, տնտեսական զարգացման նախարարի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Լիխաչեւը, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վասիլի Նեպենզիան, ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Սերկէյ Սթորչաքը, ուժանիւթի նախարարի տեղակալ Անաթոլի Եանովսքին, «Ռոսքոսմոս» պետական համագործակցականի գլխաւոր տնօրէն Իկոր Քոմորովը, «Կազփրոմ»-ի խորհուրդի նախագահ Ալեքսէյ Միլլերը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ իր ռուս պաշտօնակիցը դիմաւորած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Անկէ ետք Ռուսիոյ վարչապետը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան ծաղկեպսակ զետեղած է յուշահամալիրին առջեւ, ապա խոնարհած անմար կրակին մօտ: Ռուսիոյ վարչապետին կ՛ընկերակցէին Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան: Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը Տմիթրի Մետվետեւին ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան կատարած Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ` յուշահամալիրի կառուցման մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ բանակցութիւններէն ետք Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է. «Յոյսով ենք, որ Ղարաբաղի մէջ պահպանուի զինադադարի դրութիւնը եւ վերսկսի քաղաքական գործընթացը:
«Չէինք կրնար չքննարկել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս իրավիճակը յարուցած է մեր անհանգստութիւնը: Յոյսով ենք, որ զինադադարի դրութիւնը պահպանուի: Այդ ուղղութեամբ լուրջ ներդրումներ կատարուած են, որպէսզի դիւանագէտները տագնապին խաղաղ լուծումներ գտնեն, ոչ թէ զինուորական գործիչները: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ռուսիա պատրաստ է միջնորդի դեր ստանձնելու, օգտագործելու իր ազդեցութիւնը: Գործող դրութեան (ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակ) այլընտրանք չկայ: Ամէնէն կարեւորը` բացառելն է, որ տագնապը մտնէ թէժ հանգրուան, որովհետեւ ատիկա շրջանին համար պիտի ունենայ ողբերգական հետեւանքներ: Ռուսիա եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի վստահելի գործընկերն ու ընկերը»:
Խօսելով ձեռք բերուած ուժանիւթի համաձայնութիւններուն մասին` Ռուսիոյ վարչապետը ըսած է. «Համաձայնած ենք ուժանիւթի շուրջ, ներառեալ` կազի մատակարարման հետ կապուած հարցը, ինչ որ շատ կարեւոր է Հայաստանի մէջ ուժանիւթի սպառման կայունութեան տեսանկիւնէն եւ Հայաստանի ընդհանուր զարգացման առումով»:
 
			

