Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Զոհերը Թանկ Զոհեր Են, Բայց Իմաստաւորուած Է Այդ Զոհաբերութիւնը, Որովհետեւ Մենք Պատիւով Դուրս Եկած Ենք» Շեշտեց Հրանդ Մարգարեան

April 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Markarian_16

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ երէկ նոր վերադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղէն, «Երկիր»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ անդրադարձած ՀՅԴ պատուիրակութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպումին: Ան դիտել տուած է, որ նախագահ Սահակեանի հետ զրուցած են սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին եւ վերջին շաբթուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին:

«Պարզ է, որ Ազրպէյճանը իր բոլոր ուժերով ընդհանուր յարձակում մը գործած է, եւ յստակ է, որ ան չէ կրցած իր հետապնդած ծրագիրը իրականացնել եւ ձախողած է: Մենք ոչ մէկ տարածք կորսնցուցած ենք: Այս առումով մերը յաղթանակ է եւ պէտք է արձանագրուի իբրեւ յաղթանակ:

Ի հարկէ, յաղթանակը վերջակէտ չի նշանակեր, այլ` հանգրուանի մը աւարտը: Պատերազմը կրնայ շարունակուիլ, եւ մենք անոր պէտք է պատրաստ ըլլանք», ըսած է Մարգարեան:

Անոր համաձայն, Արցախի ժողովուրդը բարձր տրամադրութեան մէջ է, չէ ընկճուած, եւ պէտք է ամէն ինչ ընել այդ մէկը պահպանելու ի խնդիր: Ան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղին օժանդակութիւն պէտք է ցուցաբերել թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս. «Կը կարծեմ, թէ ո՛վ որ Ղարաբաղի մէջ առաջնագիծի վրայ գտնուելու կարելիութիւն չունի, ապա նիւթական իր օժանդակութեամբ պէտք է մասնակից դառնայ հայրենիքի փրկութեան, հայրենիքի պաշտպանութեան այս գործին: Մենք պէտք է միաժամանակ պատրաստ ըլլանք նոր յարձակումներ դիմագրաւելու, պէտք է կառուցենք, վերաշինենք այն, ինչ որ աւերուած է Մարտակերտի մէջ, Թալիշի մէջ, Մատաղիսի մէջ: Անոր մէջ է մեր փրկութիւնը: Մեր զոհերը թանկ զոհեր են, բայց իմաստաւորուած է այդ զոհաբերութիւնը, որովհետեւ մենք պատիւով դուրս եկած ենք: Անհաւասար ուժեր եղած են, անոնք սպառազինութեամբ աւելի պատրաստուած են: Հաւանաբար, նաւթատոլարները օգնած են, որպէսզի հնարաւորութիւններ ձեռք բերեն, բայց միեւնոյնն է` ծրագրուածը չէ յաջողած», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Խօսելով այս օրերուն միջազգային հանրութեան արձագանգին մասին` Հրանդ Մարգարեան լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ յառաջիկայ օրերուն արձագանգներու ծիրը աւելի եւս կրնայ ընդարձակուիլ, որովհետեւ Ազրպէյճան պատերազմական ոճրագործութիւն կատարած է. չի բաւեր, որ նախայարձակ եղած է, նաեւ արգիլուած զէնքեր օգտագործած եւ անմարդկային միջոցներու դիմած է: «Իբրեւ պատերազմական յանցագործ` Ազրպէյճանը այսօր ամբաստանեալի աթոռին վրայ նստած է», հաստատած է Մարգարեան:

Անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ հակառակ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան, Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարի դրութիւնը եւ կրակ կը բանայ ո՛չ միայն Ղարաբաղի ուղղութեամբ, այլ նաեւ` Հայաստանի, Մարգարեան ըսած է. «Այդ ամէնը պէտք է զսպուի` համապատասխանօրէն հակազդելով: Հանրային, միջազգային կարծիքի ձեւաւորման գործին մէջ պէտք է կարենանք աշխուժ գործունէութիւն ծաւալել, պէտք է հարցերը անընդհատ արծարծուած պահենք, ճնշենք Ազրպէյճանին նաեւ քարոզչական, դիւանագիտական մակարդակի վրայ, որ անոնք պարտաւորուած ըլլան նահանջել»:

Նախորդը

Սահակեան. «Մենք Տեղեակ Եղած Ենք, Որ Հակառակորդը Բան Մը Կը Նախապատրաստէր»

Յաջորդը

ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Այցելեցին Արցախ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 12, 2026
Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.