
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տիրող լարուածութիւնը լայնածաւալ պատերազմի վերածելու հաւանականութեան, որուն առկայութիւնը չէր բացառուած նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ` Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումին ընթացքին:
«Լայնածաւալ պատերազմի հաւանականութիւնը մեր ժողովուրդը միշտ նկատի պէտք է ունենայ, ու թէեւ Ազրպէյճանը տակաւին կը փորձէ լուրջ հակահարուածէն ուշքի գալ, սակայն մենք պէտք է իմանանք, որ ունինք թշնամի մը, որուն տեսակը չի փոխուիր», շեշտեց Ռուստամեան:
Ան նշեց, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ Ազրպէյճանի կողմէ նոր արկածախնդրութեան: «Այդ իմաստով կատարուած է Հանրապետութեան նախագահի այն յայտարարութիւնը, որ հակառակորդին կողմէ իրենք լայնածաւալ պատերազմ հրահրելու հաւանականութիւն կը նկատեն: Ազրպէյճանի գործողութիւնները ոչ մէկ միջազգային սկզբունքի եւ չափանիշի կը համապատասխանեն: Ազրպէյճան կը հրաժարի միջազգային չափանիշներով առաջնորդուելէ, եւ նման երկրէ ամէն ինչ սպասելի է», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան յայտնեց, որ պէտք է միշտ զգօն ըլլալ: «Հայկական ուժերուն յաջողութիւնը Ազրպէյճանի կայծակնային պատերազմը տապալելու իմաստով կը նշանակէ, թէ հայկական կողմը պատրաստ եղած է այդ զարգացումին: Առաջին յաջողութիւնը ապահոված են հարուածը իրենց վրայ վերցուցած հայ զինուորները, աւելի՛ն` հակառակորդին ապշեցուցած է հայկական կողմին հակահարուածը», յայտնեց Ռուստամեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ Ալիեւ փորձած է կրկնել Հիթլերի գործածը: «Ալիեւ յաջողած է նմանիլ Ատոլֆ Հիթլերին` ֆաշական ըլլալու առումով, ու Ալիեւն ալ պիտի ունենայ Հիթլերի վախճանը», ըսաւ Ռուստամեան: Ան դիտել տուաւ, որ ֆաշական Ազրպէյճանը իր ձեռագիրը չի փոխեր: «Եւ նման հակառակորդ ունենալու պարագային միշտ պէտք է աչքի տակ ունենալ լայնածաւալ պատերազմի վտանգը», աւելցուց ան:
Ա. Ռուստամեան նշեց, որ ինք նոր վերադարձած է Արցախէն, ուր յարաբերական անդորր է, սակայն յարձակումները կրնան կրկնուիլ, եւ պատրաստ պէտք է ըլլալ անոնց: Ան ըսաւ, որ սահմանային առաջնագիծին վրայ արդէն իսկ շատ համադրուած եւ կազմակերպուած կը գործեն:
«Վստահ եմ, որ հիմա աւելի պատրաստուած ենք ու միահամուռ: Ինչ փորձի որ ալ դիմեն, անոնք նոյն ճակատագիրին պիտի արժանանան եւ աւելի շատ հետեւանքներ ունենան», ըսաւ Ռուստամեան:


