Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան 6-7 ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Գերմանիա կը գտնուի, այդ շրջագիծին մէջ ալ հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ կ՛ունենայ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Եոահիմ Կաուքի, Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամմերթի, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահող Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով հայ-գերմանական յարաբերութիւններու եւ բազմաբնոյթ համագործակցութեան ընդգրկուն օրակարգը, անդրադարձած այդ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու երկկողմանի հետագայ քայլերուն: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Գերմանիոյ վարչապետը քննարկած են նաեւ շրջանի իրավիճակին վերաբերող հարցեր` հանգամանօրէն անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գիծին վրայ տիրող իրադրութեան:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի գերմանական նախագահութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքեւ ընթացող ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Տակաւին տարեսկիզբին Գերմանիան վերահաստատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` զինադադարի խախտումները հետաքննող գործիքակազմի ստեղծման առաջարկը: Հայաստանը մշտապէս կողմ եղած է անոր, ինչպէս նաեւ, իբրեւ վստահութեան ամրապնդման միջոց կամ կայունութիւն ապահովող միջոց, շփման գիծէն արձակազէնները ետ քաշելու առաջարկներուն: Սակայն անոնք չիրականացան. Ազրպէյճանը կտրականապէս դէմ է վստահութեան հաստատման ուղղուած միջոցառումներուն` հետամուտ ըլլալով բոլորովին այլ նպատակներու»:
Նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1-2 ապրիլին տեղի ունեցած դէպքերուն` ըսելով, թէ Ազրպէյճան անտեսելով միջազգային հանրութեան կողմէ խաղաղութեան ուղղուած աւելի քան 20 տարիներու ջանքերը, զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկեց` գործադրելով 1994-էն ի վեր աննախադէպ յարձակումներ` խաղաղ բնակչութեան դէմ, արդիւնքը` «Ազրպէյճանը կրկին շրջանը վերածեց Եւրոպայի անվտանգութեան սպառնացող թէժ կէտի», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Շարունակելով իր խօսքը` նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Ղարաբաղի ժողովուրդը պատերազմ չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ պարզ եւ հասկնալի բան մը, որուն համար միշտ պայքարած են գաղութացուած բոլոր ժողովուրդները: Անոնք կ՛ուզեն ինքնուրոյն տնօրինել իրենց ճակատագիրը եւ ազատ կերտել իրենց ապագան: Անոնք կ՛ուզեն, որ իրենց երեխաները խաղաղ եւ երջանիկ մանկութիւն ունենան, կ՛ուզեն ապրիլ ժողովրդավարական պետութեան մէջ: Անոնք այլ ցանկութիւն չունին: Արդէն շուրջ երեսուն տարի` 1988-էն ի վեր, անոնք ամէն օր ստիպուած են պայքարելու այդ ազատութեան համար, ամէն օր ապացուցել այլ ժողովուրդներու հետ իրենց իրաւունքներու հաւասարութիւնը: Եւ անոնք իրապէս յաջողեցան պարտադրուած պատերազմի, ապօրինի շրջափակման եւ փխրուն զինադադարի անվերջ խախտումներու պայմաններուն մէջ կատարել այդ ուղղութեամբ ճիշդ քայլեր: Անոնք միջազգային հանրութենէն կ՛ակնկալեն միայն մէկ բան` իրենց այդ իրաւունքի ճանաչումը». ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան եւ վարչապետ Մերքելին` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութեան հետեւողականօրէն աջակցելուն համար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին միջազգային փորձի ներգրաւման հարցին մէջ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած հետեւողական օգնութեան համար:
Նշենք, թէ նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուքի հետ. հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` երկուստեք ընդգծելով տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով, բանակցութիւններով լուծելու անհրաժեշտութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն աջակցութեամբ: