Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Մկրտչեան Հանդիպում Ունեցած Է Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժըպրան Պասիլին Հետ

Ապրիլ 15, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gebran_Amb_41416

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 13 ապրիլին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան` պաշտօնավարման ստանձնման առիթով, հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առիթով` նախարարը յաջողութիւն մաղթեց Սամուէլ Մկրտչեանին իր առաքելութեան իրականացման ընթացքին:

Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ Ժըպրան Պասիլին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին ողջոյնները:

Դեսպան Մկրտչեան վստահեցուց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ամէն ջանք պիտի ներդրուի երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ զարգացնելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին հայ համայնքին դերը եւ ներդրումը ինչպէս Լիբանանի պետական եւ հասարակական կեանքի տարբեր մարզերուն, այնպէս ալ հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նախարար Պասիլը տեղեակ պահեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գօտիին վրայ վերջին իրադարձութիւններուն մասին` ներկայացնելով Ազրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները եւ անոնց քաղաքական ու զինուորական հետեւանքները: Կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը ի նպաստ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի արկածախնդրութեան դատապարտման առումներով:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուց, որ իր երկիրը մշտապէս ուշադիր եղած է Հայաստանի դիրքորոշումներուն առնչութեամբ եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցած անոնց, ինչ որ պիտի կատարուի նաեւ այս պարագային:

Նախորդը

Ֆրանսայի Նախագահին Լիբանան Այցելութեան Նախապատրաստութիւնները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քերրիէն Կը Պահանջէ Ազրպէյճանի Պատերազմական Ոճիրներու Հետապնդումը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?