Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Մուրատ Փափազեան- Էլչին Ամիրպայեւ Բանավէճը. Փափազեան. «Արցախը Երբեք Պիտի Չվերադառնայ Ազրպէյճանի Տիրապետութեան Տակ»

Ապրիլ 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MouradPapazian_41316

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի եւ Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպայեւի միջեւ 7 ապրիլի երեկոյեան ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանէն նախատեսուած բանավէճը տեղի չէր ունեցած: Մ. Փափազեան այնուհետեւ յայտարարած էր, թէ ազրպէյճանցի դեսպանը հրաժարած է այդ քայլէն, Ազրպէյճանի դեսպանատունն ալ հերքելով այդ պնդումը ըսած էր, թէ ատիկա չի համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր յառաջ»:

Բանավէճը ի վերջոյ տեղի ունեցաւ 12 ապրիլի երեկոյեան, նոյն պատկերասփիւռի կայանի նոյն յայտագիրի ծիրին մէջ:

Նախ խօսք առնելով Ազրպէյճանի դեսպանը պնդեց, թէ Փափազեան մերժած է իրեն հետ բանավէճը, բայց ինք առիթը չմսխելու համար ընդունած է այս հրաւէրը, «քանի որ պէտք է վերահաստատել իրականութիւնը, ի տես` Ֆրանսայի հայկական լոպիին ապատեղեկատուական ծաւալուն քարոզչութեան»: Պատասխանելով լրագրողին հարցումին` Ամիրպայեւ ըսաւ, թէ 1994-էն ի վեր զինադադարի այս ծանր խախտումը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ «Ազրպէյճանին պատկանող հողերուն վրայ (Արցախ եւ շուրջի շրջանները) կը գտնուին օտար` Հայաստանի ուժերու գրաւման տակ»: Ան աւելցուց, որ հայկական կողմն է, որ սկսած է վերջին յարձակումները` նպատակ ունենալով ընդարձակել «իր գրաւած հողերը» եւ «շարունակել ցեղային մաքրագործումը»: Այս առիթով ան յիշեց հայերու «գործած Խոջալուի ցեղասպանութիւնը»:

Իր կարգին, Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ փափաքած է մասնակցիլ այս բանավէճին, հերքելու համար Ազրպէյճանի ստայօդ քարոզչութիւնը: Փափազեան ըսաւ, թէ նոր չէ, որ զինադադարի խախտում տեղի կ՛ունենայ, այլ` 1994-ին անոր հաստատումէն ի վեր Ազրպէյճան ամէն տարի հազարաւոր անգամներ կը խախտէ այդ զինադադարը: Ան ամբաստանեց այդ երկիրը, որ կը մերժէ շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտումները արձանագրող ելեկտրոնային սարքերու զետեղումը` նշելով միաժամանակ, որ Արցախ պատմականօրէն հայկական հող եղած է եւ 1923-ին Ստալինի կողմէ յանձնուած է Ազրպէյճանին: Փափազեան նշեց նաեւ Արցախի ինքնորոշման օրերուն ազրպէյճանցիներուն գործած ջարդերը:

Երբ լրագրողը պնդեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղը վարչականօրէն, միջազգային հանրութեան ակնոցով` ազրպէյճանական հող է, Մ. Փափազեան բացատրեց, թէ 1994-ին ստեղծուած Մինսքի խմբակի առաքելութիւնը այդ հարցին լուծում գտնելն է: Փափազեան ըսաւ, թէ այդ թուականէն ի վեր Ազրպէյճան կը մերժէ առաջարկուած խաղաղութեան բոլոր ծրագիրները:

Ապա, լրագրողը Ամիրպայեւին հարցուց, թէ ի՞նչ կը մտածէ այն պնդումներուն մասին, ըստ որոնց, Ազրպէյճան կը փորձէ հրահրել տագնապը` երկրին ընկերային, տնտեսական հարցերը քողարկելու համար, «որովհետեւ ծանօթ է, որ նախագահ Ալիեւ մեծ ժողովրդավար մը չէ»: Դեսպանը բնականաբար հերքեց այդ վարկածը` աւելցնելով, որ կատարեալ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի, եւ իրենք այդ մասին դասեր ստանալու նպատակ ալ չունին: Ան պնդեց, թէ սթաթիւս քոն լուծում մը չէ եւ թէ Մինսքի խմբակի համանախագահ երեք երկիրներն ալ համաձայն են ատոր եւ թէ Արեւմուտքը իրենց կողքին է: Առիթէն օգտուելով` լրագրողը հարց տուաւ, թէ արդեօք ատոր ետին շահեր թաքնուած չե՞ն, ինչպէս քարիւղը, կազը եւ այլն: Բայց, ըստ Ամիրպայեւի, այդ զօրակցութեան միակ պատճառը` միջազգային օրէնքներու յարգանքն է:

Ապա, իբրեւ լուծում, Մուրատ Փափազեան ըսաւ, թէ միջազգային հանրութեան հովանիին տակ Արցախի մէջ պէտք է կազմակերպել ինքնորոշման հանրաքուէ մը:

Վերջաւորութեան, ազրպէյճանցի դեսպանը անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ իր երկիրը երբեք պիտի չյօժարի Արցախի իշխանութեանց հետ բանակցութեան սեղան նստելու գաղափարին, Մուրատ Փափազեան ալ վճռական կերպով յայտարարեց, թէ Արցախ այլեւս երբեք պիտի չընդունի վերադառնալ ազրպէյճանական լուծին ներքեւ, քանի որ «10 օր առաջ տեսանք, թէ ազրպէյճանական բանակը ի՛նչ ձեւով ուզեց մաքրագործել Ղարաբաղը»:

Մուրատ Փափազեան ըսաւ նաեւ, թէ իր մօտ ունի վերջին դէպքերուն առնչութեամբ Ազրպէյճանի պատասխանատուութիւնը ապացուցող փաստեր եւ թէ զանոնք պիտի յանձնէ լրագրողին:

 

Նախորդը

Օհանեան Միլզին Ներկայացուցած Է Արձանագրուած Զինուորական Յանցագործութիւնները

Յաջորդը

Սթոքհոլմի Մէջ Զօրակցական Ցոյց` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Նախայարձակումին

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?