Երեքշաբթի, 12 ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի նախագահական պալատին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Նախագահ Սարգսեան վեհափառ հայրապետները տեղեակ պահեց Արցախի առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին:
Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները յանուն հայ եկեղեցւոյ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեանց իշխանութիւններուն եւ հայոց արի բանակին:
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ երկու վեհափառ հայրապետներուն Արցախ կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան վերաբերող հարցեր: