Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ 14 ապրիլին Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է Հայրապետական մաղթանք` Արցախի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար:
Այս առիթով տուած իր պատգամին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ըսած է, որ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ գոհաբանական աղօթք բարձրացնելու եկած են, նաեւ օրհնելու եւ գնահատելու ժողովուրդը, որ առ Աստուած հաւատքով ու արի ոգիով հաստատուն կանգնած է հայրենի հողին վրայ, անձնուիրաբար կը պաշտպանէ հայրենիքի սահմանները:
«Արդարեւ, չկայ աւելի մեծ շնորհ ու մխիթարութիւն հայրապետիս համար, քան պայքարի այս նուիրական պահուն ըլլալ իր հարազատ ժողովուրդին կողքին, քաջալերել անոր հաւատարմութիւնը` պահելու հայրենիքը, քրիստոնէական իր ոգին, ազգի իղձերու ու լուսաւոր ապագայի տեսլականը: Ազգը գոյութիւն ունի, այնքան ատեն որ դեռ տեսիլք ունի եւ կը պայքարի յանուն անոր իրագործման:
«Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը Արցախի Հանրապետութիւնն է, որ տարբեր բան չէ, եթէ ոչ մեր ժողովուրդին ազատ ապրելու դարաւոր երազանքին մարմնացումը: Մեր հոգին լի է արդար հպարտութեամբ, որովհետեւ մեր բանակին սահմանապահ միաւորումները, ինչպէս նաեւ` Արցախի մեր ժողովուրդը, աներկիւղ դիմակայեց ազրպէյճանական զօրքերուն յարձակման, ետ մղեց սպառազինութեամբ գերազանցող հակառակորդը, որուն մէջքին բացայայտ կերպով կանգնած է ցեղասպան Թուրքիան:
«Առաջին իսկ օրէն դրսեւորուեցաւ մեր բանակին մարտունակութիւնն ու քաջարի ոգին. մեր զինուոր զաւակները ցուցաբերեցին հերոսութեան բացառիկ օրինակներ: Անոնցմէ ոմանք իրենց ծաղկուն կեանքը, պայծառ երազները նուիրեցին հայրենիքին, մեզ` ապրողներուս, գալիք սերունդներուն», նշած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Ան շեշտը դրած է այն իրողութեան վրայ, որ Արցախով հպարտ է, ու անոր կողքին է Հայաստանի եւ սփիւռքի համայն հայութիւնը, որ տարբեր միջոցներով իր զօրակցութիւնը կը դրսեւորէ ու դրամահաւաք կը կազմակերպէ` ի նպաստ արցախեան ռմբակոծուած շրջաններու վերակառուցման, տուժած ժողովուրդին աջակցութեան, բանակի զօրացման եւ սահմաններու պաշտպանութեան:
«Անկախ հեռաւորութենէն, ամէն հայորդի իր ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ բարոյական սատարումով, մեր ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան ջանքերով կը փութայ Արցախի կողքին ըլլալու, Արցախի զինուոր ըլլալու: Առ հայրենին սիրոյ յանձնառութեան ու զոհողութեան այս ոգին է զօրաւոր այն ուժը, որ մեր ժողովուրդը կը դարձնէ աննկուն ամէն տեսակ փորձութիւններու առջեւ: Այս ոգին ինքնաբուխ է, մարդկային որեւէ ջանք ի զօրու չէ նման ոգեւորութիւն յառաջ բերելու, միայն հաւատքէն ծնունդ առած նուիրումը կրնայ այսպիսի ներշնչում յառաջացնել հոգիներուն մէջ: Այս ոգին մեր ժողովուրդին ինքնութեան նկարագիրն է, դիմագիծը, որուն շնորհիւ դարերու հողմերուն դէմ յանդիման գոյատեւած է, գտած վերածնելու եւ ստեղծելու ուժ, արարելու եռանդ: Անկախութեան 25 տարիներուն մենք ականատես ենք Արցախի իրական վերածնունդին», ըսած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ արցախահայութիւնը իր աշխատանքով շէնցուց եւ ամրացուց երկիրը, կառուցեց եւ պահպանեց ամէն բան, զէնք բարձրացուց իր հայրենիքին, իր ազատ եւ խաղաղ կեանքին համար: «Արցախը եւ անոր հետ մեր ամբողջ ժողովուրդը պիտի շարունակէ պաշտպանել ազատ ապրելու իր արդարութիւնը, մինչեւ յաղթական աւարտ, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում: Եւ թող Աստուած շուտով արժանացնէ մեզի այդ օրուան` նայելով մեր ժողովուրդին հաւատքին, նուիրումին, ազգաշէն ու հայրենանուէր գործերուն: Արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն է Արցախի ազատութիւնը: Արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն է Արցախի յաղթանակը: Արդ, ամուր ու անսասան մնանք մեր հաւատքին մէջ, քանզի Աստուած մեզի հետ է: Պահպանենք մեր միաբանութիւնը, պահենք մեր զգօնութիւնը: Սիրենք միմեանց, մեր ուժը մեր եղբայրութեան ու միասնութեան մէջ է: Մեր յոյսը նախ մենք ենք եւ մեր Աստուած:
«Բոլորս` ի զոհողութիւն եւ ի սէր հայրենիքին, զոհողութիւն` ի սէր հայ ընտանիքներու, զոհողութիւն` ի սէր մեր անկախութեան եւ կարեւորագոյնը` զոհողութիւն ի սէր Աստուծոյ: Այսպէս պիտի կարենանք պաշտպանել եւ միջազգային ճանաչման առաջնորդել Արցախի մեր ժողովուրդին ազատ ապրելու արդար իրաւունքը», հաստատած է Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Իր խօսքին աւարտին օրհնելով բոլորը` ան եզրափակած է. «Թող Ամենակարողն Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին, համայն մեր ժողովուրդին` ի սփիւռս աշխարհի եւ օրհնէ հայրենաշէն ջանքերը ազգիս, որ միշտ հայրենեաց արեւը շողայ: Թող Տիրոջ խաղաղութիւնը, ողորմութիւնն ու շնորհները ըլլան մեզի հետ եւ համայն աշխարհի` այսօր եւ միշտ. ամէն»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ըսած է. «Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ ինծի ընծայեց այս հոգեպարար առիթը` ըլլալու մեր հայրենի այս սրբազան հողի վրայ, մեր ժողովուրդին սիրելի ու քաջ զաւակներուն հետ: Տեսնելու մեր ժողովուրդին քաջութիւնը, ամուր կապուածութիւնը իր հայրենի հողին, իր արդար ու անբռնաբարելի իրաւունքներուն: Այսօր, այս սրբազան հողին վրայ կը գտնուիմ եւ չեմ կրնար չյիշել եւ հազար փառք չտալ Աստուծոյ` մեր այն հերոսներուն համար, որոնք 20 տարի առաջ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին Արցախի անկախութեան համար եւ իրենց արեամբ կնքուած ազատ ու անկախ Արցախը մեզի կտակեցին` իբրեւ սրբազան աւանդ:
«Այս պահուն ես չեմ կրնար չյիշել վերջին տարիներուն եւ օրերուն մեր հերոս տղաները, որոնք` յանուն հաւատքի ու հայրենիքի, արիւն թափելով սրբազան քաջութեամբ կռուեցան: Այսօր անոնք մեզի համար սովորական մահկանացուներ չեն, այլ հերոսներ, անմահներ, որովհետեւ, ինչպէս հինգերորդ դարու Եղիշէ պատմիչը ըսած է. «Իմացեալ մահը անմահութիւն է»:
«Մեր արի զինուորները իմացեալ մահով իրենց արիւնը նուիրաբերեցին ազատ ու անկախ Արցախին համար: Պատի՛ւ մեր մայրերուն, որոնք նման հերոսներ դաստիարակած են: Հերոսներ, որոնք պատրաստ են ապրելու, կռուելու եւ արիւն թափելու իրենց ազգային արժէքներուն, մեր ժողովուրդին սրբազան իտէալներուն համար: Այսօր իւրաքանչիւր հայ արցախցի է` ըլլայ հայրենիքի մէջ, թէ անկէ դուրս, որովհետեւ այսօր Արցախը մեր ժողովուրդին համար պապենական հայութեան հոմանիշ է: Արցախը յանուն հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին կեանք զոհելու հոմանիշ է», հաստատած է Արամ Ա. կաթողիկոս:
Հայրապետական մաղթանքէն ետք հայոց կաթողիկոսները օրհնուած խաչեր նուիրած են ներկաներուն: Արարողութեան ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, բանակի հրամանատարական կազմը, զինուորներ, կամաւորներ եւ այլն: