Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Տեղեկատուական (Ե.)

Ապրիլ 13, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Artsakh-Media_41216

Արցախեան հակամարտութեան առաջին օրէն տեղեկատուական պատերազմը անդադար շարունակուած է. բնականաբար կայծակնային նախայարձակողականութեան առընթեր ծաւալ ստացաւ նաեւ այս ոլորտը:

Առարկայական մօտեցումի համար ճիշդ պիտի չըլլար բաւարարուիլ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ընթացող տեղեկատուական հակամարտութեան մասին խօսելով միայն: Առնչակից կողմեր կան այստեղ եւ յատկապէս միջազգային լրահոսը, որ լուրեր թողարկելու, զանոնք մեկնաբանելու, շրջագայութեան մէջ դնելու եւ ուղղակի-անուղղակի եղանակներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու բազմաբնոյթ առաքելութիւններով կը յատկանշուի:

Հիմնական տարբերութիւնը, որ երեւցաւ հայկական եւ ազրպէյճանական տեղեկադաշտերուն միջեւ, առաջինին ամբողջովին բաց եւ երկրորդին ամբողջովին փակ աշխատելու եղանակն էր: Արցախ հասած հայ թէ օտար լրագրողները որեւէ դժուարութիւն չեն դիմագրաւած. անոնց հասանելի դարձած են ոչ միայն պետական գերատեսչութիւններու պաշտօնեաներ, այլ նաեւ հասարակական գործիչներ, կամաւորներ, բանակայիններ, ծառայողներ: Մինչ, ազրպէյճանական կողմէն լրագրողներու աշխատանքը պայմանաւորուած էր համապատասխան հաստատութիւններու ուղղորդումներով, յատուկ թոյլտուութիւններով եւ միատեսակ մեկնաբանութիւններով: Երրորդ կողմը այս հակոտնեայ պատկերները շատ արագ պիտի նկատէր:

Արագօրէն նկատենք, որ հայկական գերատեսչութիւններու կայքային համակարգերը լուծած էին պաշտպանուածութեան խնդիրը: Այս մակարդակի ոչ մէկ հայկական կայք չքանդուեցաւ հակառակորդին կողմէ. ազրպէյճանցի կայքահէններու յարձակումները այս պարագային անցան ապարդիւն: Փոխարէնը, անոնք որդեգրեցին այլ եղանակներ. յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւններու պաշտօնական կայքերը գերծանրաբեռնելով անոնք առաջադրեցին հայկական կարեւորագոյն կայքերու արտադրութեան սառեցումը: Այս խնդիրը եւս կարելի եղաւ շրջանցել եւ անմիջապէս այցելութիւնները դէպի հայկական ռազմավարական կայքեր ընթացան հեզասահ:

Ազրպէյճանական այլընտրանքային լրատուութիւնը Ազրպէյճանէն դուրս հաստատուած պատկերասփիւռի կայանն էր, որ փորձ կը կատարէր իրականութեան մօտ լուրեր հեռարձակելու: Այս բաց-փակ պատկերները յատկապէս արեւմտեան լրատուադաշտին, որ անընդհատ բաց համակարգի ջատագովումը կը շեշտէր, բաւարար չեղան դէպքերու մեկնաբանման մէջ հաւասարակշռութեան անհեթեթ խաղի կանոնները շրջելու: Հին բառապաշարը վերադարձաւ համաշխարհային ամէնէն հռչակաւոր լրատուամիջոցներու արտադրած լուրերուն մէջ. «անջատողական», «Ազրպէյճանի մաս», «ըմբոստներ» եւ մասամբ նորին ոչ միայն ընդգծեցին հաւասարակշռումի անիմաստ վարքագիծը, այլ նաեւ առարկայական ընկալում ունեցող լուրջ լսարանին համար խնդրոյ առարկայ դարձուցին իրենց հաւաստիութիւնն ու վարկը ընդհանրապէս:

Ամերիկեան նշանաւոր «Սի. Էն. Էն.»-ն էր, որ զարմացուց իր հեռուստալսարանը, երբ նախ հաւասար հանգամանքներու վրայ զետեղեց Արցախի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները եւ ապա իր հարցապնդումներով յստակօրէն անճրկումի մատնեց Մամետեարովը:

Այստեղ առանձնապէս պէտք է նշել ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատու գրասենեակի նախաձեռնութիւնը: Համաարաբական լսարաններ ունեցող լիբանանեան պատկերասփիւռի երեք կայաններու լրագրողներու գործուղումը Արցախ հիմնովին նպաստեց հակամարտութեան ներկայ փուլը առարկայական լուսաբանումով արաբական աշխարհին ներկայացնելու տեղեկատուական քաղաքականութեան:

Հայկական կողմը իր ընդհանուրին մէջ աննախադէպ զգօնութիւն ցոյց տուաւ կայծակնային գործողութիւններու սկիզբէն մինչեւ հրադադար: Նախ պէտք է արձանագրել, որ երկու հանրապետութիւններու պաշտպանական համակարգերու մամլոյ բաժանմունքները գործեցին գերաշխուժ. այստեղ ուշագրաւ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբերին ընկերային ցանցերու միջոցով գերարագ, ստոյգ, կշռադատուած լրատուութիւններու փոխանցումն ու անմիջական հասանելիութիւնը ոչ միայն լրատուամիջոցներուն, այլ ընդհանրապէս հանրութեան: Տագնապի ստեղծման յաջորդող օրերուն Ստեփանակերտը լրագրողներուն առօրեայ հերթականութեամբ, մամլոյ ասուլիսներով (որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի նախագահը) հայթայթեց անհրաժեշտ տեղեկութիւնները եւ լուսաբանեց բոլոր հարցերուն մասին: Այստեղ գերաշխուժ աշխատեցաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններու արդիւնաւէտութեան նշաձողէն հեռու էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքը: Բնականաբար անիկա պէտք է կեդրոնացած ըլլար օտար լրատուամիջոցներուն, օտար լսարանին եւ լրագրողներուն վրայ: Այս բացթողումները անպայման նկատի կ՛առնուին գործող բաժանմունքներու պատասխանատուներուն կողմէ:

Հայկական դաշտը աննախադէպ զգօնութիւն ցուցաբերեց ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան մէջ չներքաշուելու: Բացի միակողմանի հրադադարի որոշ լրատուամիջոցներու համար առանց վերապահութեան լուրը տալու երեւոյթէն, որեւէ ազրպէյճանական արտադրութիւն չերեւաց հայկական լրատուական շուկային մէջ: Կար նաեւ բացառիկ սթափ վիճակ` ներհայկական հակասութիւններու դուռ չբանալու® մինչեւ հրադադարային իրավիճակ:

Հրադադարի հաստատման լուրին զուգահեռ, մէկ կողմէ դադրեցաւ կրակը սահմանին վրայ, միւս կողմէ ընկերային ցանցերու թէ որոշ լրատուամիջոցներու կայքերուն վրայ սկսան  գրառումային թէ թողարկումային կրակոցները: Ազրպէյճանի կայծակնային ռազմական գործողութիւններուն ստեղծած իրավիճակը դուռ բացաւ ռազմական պիւտճէի, պետական պարտքի, հարստապետական համակարգի, զինատեսակներու արտադրութեան տարեթիւերու, հակառուս տրամադրութիւններու բարձրացման միտումներու եւ իշխանութիւններու օրինականութեան վերաբերող խնդիրներու հանրային քննարկումներուն: Տեղեկադաշտի կանոններու տրամաբանութիւնը ռազմադաշտի կանոններուն նման է: Պատերազմի ընթացքին թոյլ կէտերու ցուցադրութիւնը եւ ներքին խնդիրներու քննարկումը կը ծառայեն հակառակորդին: Անհրաժեշտ է առաջին օրերու համընդհանուր մթնոլորտի եւ գիտակցաբար որդեգրուած ինքնականոնադրութեան արագ վերադարձը: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ խնդիրներու քննարկումը արտօնուած չէ: Բայց` ատենին, այն ճիշդ եղանակով, որ կառուցողական սրբագրութեան կը տանի:

Ռազմական ընդհարումներուն, հրադադարի պահը կ՛օգտագործուի յարձակողական-պաշտպանողական համակարգերու վերահաշուարկներուն: Տեղեկադաշտի պարագային սակայն կայ հիմնական տարբերութիւն. չկան ուղղահայեաց մեքենականութիւն, բրգաձեւ կառոյց, պաշտօններ, հանգամանքներ, օղակներ, որոնց հրամաններով կը շարժի ամբողջ բանակը: Այստեղ բաց համակարգ է եւ ինքնականոնադրութիւնը, ինքնազսպումն ու ինքնաղեկավարումը գիտակցական, միաժամանակ արհեստավարժ մօտեցում կ՛ենթադրեն: 21-րդ դարու տեղեկադաշտը կը յատկանշուի ե՛ւ մասնագիտական գիտելիքով, ե՛ւ արհեստագիտական բարձրագոյն նորարարութիւններով: Երկու յատկանիշներով ալ հայկական կողմը ոչ միայն չի զիջիր հակառակորդին, այլ նկատելիօրէն կը գերազանցէ զայն:

Նախորդը

Հանդիպում Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Եւ Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Միջեւ

Յաջորդը

Համլեթ Մխիթարեանի Առաջին Պարտութիւնը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?