Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները հիւլէական օրակարգով Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ վերսկսելու բազմիմաստ տարրեր կը բովանդակեն:
Ան կը յայտնէ, որ Իրանը չէ, որ խուսափած է դիւանագիտութենէն, այլ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, որոնք ուզած են կամք պարտադրել: Դիւանագիտութիւնը տակաւին տեղ ունի աշխատելու, սակայն պայման է, որ պահպանուին վէճերու լուծման առաջնորդող բանակցային կանոններն ու սկզբունքները:
Արաղչին յայտնած էր նաեւ, որ Իրանի մէջ չյայտարարագրուած հիւլէական հարստացում չկայ: Մեր բոլոր կեդրոնները կը գտնուէին Միջազգային հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան պաշտպանութեան եւ հսկողութեան ներքեւ: «Այս պահուն հարստացում չկայ, քանի որ մեր հարստացման կեդրոնները յարձակման ենթարկուած են»:
Քանի մը դիտարկում կ՛արժէ արձանագրել այս առումով: Նախ այն, որ օրին, երբ իրանեան հիւլէական յենակէտերը ամերիկեան յարձակումի ենթարկուած էին, շատ էին իրանեան մեկնաբանութիւնները, որոնց համաձայն, այդ հարուածները չէին չէզոքացուցած հիւլէական հարստացման արտադրողականութիւնը: Ուշադրութիւն գրաւող կէտ կայ հիմնական յայտարարութեան մէջ, որ կը թարգմանուի իբրեւ դրական ուղերձ հարստացման գործընթացը կասեցուցած ըլլալու:
Երկրորդ, այս յայտարարութեամբ կ՛ընդգծուի այն, որ իրանեան կեդրոնները կը գտնուին միջազգային համապատասխան գործակալութեան վերահսկողութեան տակ, եւ անկէ դուրս Իրան չի ձեռնարկեր հիւլէական նիւթերու հարստացման: Սակայն…
Իրան չի հրաժարիր ոչ ռազմական բնոյթի հիւլէական ուժանիւթի արտադրողութեան իր ծրագիրներէն, ինչ որ իր գերիշխան իրաւունքն է. եւ այդ իրաւունքէն հրաժարելու պահանջն է, որ պէտք չէ արծարծեն Ուաշինկթընն ու Արեւմուտքը ընդհանրապէս: Որեմն, դիւանագիտութիւնը տակաւին տեղ ունի աշխատելու եւ այնպէս չէ, որ բանակցութիւնները ի սպառ աւարտած են:
Դիւանագիտութիւնը իրօք տեղ ունի աշխատելու տակաւին, որովհետեւ այս ամսուան սկիզբը Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու առաջարկ ստացած էր եւ այս մասին կար պաշտօնական Թեհրանի կողմէ հաստատում կառավարութեան բանբերին ճամբով:
Բոլորովին այլ օրակարգով դիւանագիտական մօտեցում պարփակող այլ ուղերձային յայտարարութիւն կատարած էր նոյն Արաղչին խօսելով Սիւնիքի նոր հաղորդուղիներուն մասին. ան ընդգծած էր, որ Սիւնիքի նախագիծերուն առումով Իրանի համար ուղղակի սպառնալիք չկայ, եւ Թեհրան այս հարցին մէջ անմիջական կապի մէջ է: Կապը դիւանագիտական է բնականաբար. ենթադրաբար` Ուաշինկթընի հետ, քանի որ այս նախագիծերու համակարգի երաշխաւորը Միացեալ Նահանգներն են:
Իր ղեկավարին մօտեցումը վերաբանաձեւած էր Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսը, որ յստակօրէն յայտարարած էր, թէ իր երկիրը որեւէ մտահոգութիւն չունի ԹՐԻՓՓ-ի նախագիծին վերաբերեալ, այնքան ատեն որ իր շահերուն սպառնալիք չի տեսներ այնտեղ եւ հետեւաբար մտահոգուելու պատճառ չունի: Այս երաշխիքները յայտնաբար ստացուած են դիւանագիտական խողովակներով:
Այս եւ այլ հարցեր փոխկապակցուած են սառեցուած-վերագործարկուած բանակցութիւններուն հետ: Դիւանագիտական խողովակները բաց են. տեղ-տեղ միջնորդաւորուած տեսքով, այլ տեղեր եւ այլ պահերու` ուղղակի: Դիւանագիտական խողովակները կ՛աշխատին փոխկապակցուածութեան տրամաբանութեամբ: Եթէ հիւլէական օրակարգի գծով պարտադրանքները սաստկանան, ապա Թեհրան Սիւնիքի նոր նախագիծերու ուղղութեամբ կրնայ իր շահերուն սպառնալիքներ նկատել:
«Ա.»


