Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սահմանադրութիւն` Յանուն Պետականութեան Ամրապնդման, Ժողովրդավարութեան Եւ Միասնականութեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

November 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo_1128168 նոյեմբերի 2016-ին հրապարակուած Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը համահունչ է 16 օգոստոսին հրապարակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին:

Հայեցակարգի մասին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը 29 օգոստոսին հրապարակեց իր տեսակէտը, որուն մէջ նշուած է. «Հայեցակարգին մէջ ներկայացուած առաջարկները կը ստեղծեն գերկեդրոնացուած նախագահական – գործադիր իշխանութիւն, որուն  համար խորհրդարան – օրէնսդիրը ունի միայն ձեւական բնոյթ եւ լիազօրութիւն»:

ՀՅԴ Արցախի կառոյցը կը շեշտէր, թէ «կառավարման համակարգի նոր փոփոխութիւնները պէտք է գործեն ի նպաստ իրաւական, ժողովրդավարական, ինքնիշխան պետութեան նոր փուլի կայացման եւ ընկալելի եւ ընդունելի ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  միջազգային ճանաչման գործին աջակցող գործընթացներուն եւ միջազգային կառոյցներուն համար»:

Հրապարակուած Սահմանադրութեան նախագիծը, ցաւօք, չի համապատասխաներ այդ հրամայականներուն:

ՀՅԴ Արցախի կառոյցը համոզուած է, որ «Իրականութեան մէջ, պետութեան կառավարման համակարգի մասին հայեցակարգին վերաբերեալ բարձրացուած մտահոգութիւններու լուծման ամէնէն արդիւնաւէտ տարբերակը համամասնական ընտրակարգով խորհրդարանական համակարգն է»: Իսկ հրապարակուած Սահմանադրութեան նախագիծը կը ստեղծէ գերկեդրոնացուած նախագահական – գործադիր իշխանութիւն, պետական կառավարման միջազգային փորձին մէջ նախադէպը չունեցող համակարգ:

Այդուհանդերձ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցը, նպատակ ունենալով երկիրը օժտել կառավարման այնպիսի համակարգով, որ համապատասխան ըլլայ պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, պատրաստ է աշխուժութեամբ մասնակցելու Սահմանադրական բարեփոխումներու քննարկման բոլոր հանգրուաններուն: ՀՅԴ Արցախի կառոյցը արդէն արձագանգած է Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին` ներկայացուած Սահմանադրութեան նախագիծը քննարկելու առաջարկին եւ յանձնախումբին ներկայացուցած է իր գրաւոր տեսակէտները:

ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն հիմնական բաժինը կը վերաբերի երկրի կառավարման համակարգին մէջ Ազգային ժողովի դերակատարութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու դերակատարութեան բարձրացման: Սահմանադրութեան նախագիծի «Արցախի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան սահմանները» բաժինին մէջ, ըստ Դաշնակցութեան` պէտք է յստակ ամրագրուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքը: ՀՅԴ-ին համար անընդունելի են նախագահի եւ Ազգային ժողովի միաժամանակեայ ընտրութիւնները (յօդուած 90 եւ 109), ինչ որ  մեր կարծիքով չի համապատասխաներ նոյնիսկ դասական նախագահական կառավարման համակարգին մէջ ընդունուած ձեւաչափերուն:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յոյսով է, որ Սահմանադրական բարեփոխումներու քննարկումները կ՛արդիւնաւորուին, եւ Արցախի մէջ  գործող քաղաքական ուժերը կարելիութիւնը կ՛ունենան առաջնորդուելու  այնպիսի միասնական մօտեցումներով, որոնք աւելի կ՛ամրապնդեն երկրի զարգացման ուղին եւ անվտանգութիւնը:

ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

28 նոյեմբեր 2016

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան. «Կուսակցութիւնները Ունին Ելեւմտական Ինքնաբաւութեան Հարց»

Յաջորդը

«Ես Բոլոր Կրօններու «Հաւատացեալներուն Էմիր»-ն Եմ» Կ՛ըսէ Մարոքի Թագաւորը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

January 10, 2026
Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն
Գլխաւոր լուրեր

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

January 10, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.