Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրութիւնները «Վճռորոշ Պիտի Ըլլան Եւրոպական Միութեան Հետ Կապերուն Առումով»

Դեկտեմբեր 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

eu_arm_120116

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը 1 դեկտեմբերին յայտարարած է, որ «յառաջիկայ ընտրութիւններու ազատ եւ արդար ըլլալը ապահովելը վճռորոշ պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ Եւրոպական Միութեան հետ հետագայ յարաբերութիւններուն առումով»:

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ` հետեւելով իշխող համախոհութեան եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ ընտրական բարեփոխումներու ուղղութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութեան իրականացման կարեւոր առաջին քայլերուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ կայացած խորհրդակցութիւններուն, կ՛ակնկալեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը  ջանք չխնայէ նշեալ բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար:

«Բարձր կը գնահատեմ իշխանութիւններուն յանձնառութիւնը` ապահովել բաց եւ ազատ մրցակցութեան կարելիութիւն: Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, իրաւապահ մարմիններուն եւ դատական համակարգին կողմէ գործադրուին առաւելագոյն ջանքեր այս խոստումը  կատարելու համար: Արդար ընտրական հոլովոյթի ապահովման հիմնական նախադրեալ կը նկատենք քաղաքական կամքի առկայութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեամբ` Եւրոպական Միութիւնը դրական արձագանգեց ընտրական բարեփոխումներու ծրարի իրականացման նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքին:

«Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուող մինչեւ 7 միլիոն եւրոյի օժանդակութեամբ  կ՛ամբողջանայ գոյութիւն ունեցող նիւթական բացը` թոյլ տալով սահուն կերպով իրականացնել ընտրական բարեփոխումներու շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Անոր մէջ ներառուած է նաեւ ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական առաքելութեան իրականացման աջակցութիւնը: Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ կողմէ տրամադրուող ֆինանսաւորման հետ միասին, եւրոպական  աջակցութիւնը կը կազմէ ընտրական հոլովոյթներու համար տրուող ֆինանսական ընդհանուր օժանդակութեան 90 առ հարիւրը:

Եւրոպական Միութիւնը խիստ կարեւոր կը նկատէ ընտրական հոլովոյթներու թափանցիկութիւնը, ամբողջականութիւնը, համընդգրկուն ու արդիւնաւէտ ըլլալը: Ուստի, կը շարունակենք աջակցիլ շահագրգիռ բոլոր կողմերու ջանքերուն` ապահովելու ընտրական հոլովոյթներու լիարժէք համապատասխանութիւնը միջազգային չափանիշներուն, ներառեալ վարչական միջոցներու կիրարկման արգելում եւ ընտրութիւններու հետ կապուած փտածութեան  դրսեւորումներու բացառում, ինչպէս նաեւ դիտորդներու եւ լրատուամիջոցներու անխափան աշխատանքի երաշխաւորում:

Յառաջիկայ ընտրութիւններու ազատ եւ արդար ըլլալու ապահովումը վճռորոշ կ՛ըլլայ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ Եւրոպական Միութեան հետ հետագայ յարաբերութիւններու առումով: Պատրաստ ենք շարունակելու աջակցիլ Հայաստանին դէպի ժողովրդավարութիւն իր ճամբուն ընթացքին` Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան ապագայ համաձայնագիրի ու Արեւելեան գործընկերութեան աւելի ընդլայնուած շրջանակներուն մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Եւրոպական Երիտասարդ Ընկերվարականներու Ժողովին

Յաջորդը

Պիտի Ստեղծուի Ռազմավարական Նախաձեռնութիւններու Կեդրոն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?