Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «Կուսակցութիւնները Ունին Ելեւմտական Ինքնաբաւութեան Հարց»

November 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_112816

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին` 28 նոյեմբերին, արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան ներկայացուցած է «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու վերաբերող նախագիծը:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի համաձայն, ակնյայտ է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք քաղաքական առանցքային դերակատար պիտի դառնան կուսակցութիւնները: Սակայն, ակնյայտ է նաեւ, որ քաղաքական կուսակցութիւնները ունին ելեւմտական ինքնաբաւութեան խնդիր. միշտ իշխանութեան մէջ եղած քաղաքական ուժերը կը տնօրինեն աւելի շատ միջոցներ` իրենց գաղափարները տարածելու ու ազդեցութիւն ունենալու առումով, իսկ այն, ինչ որ կը ճշդուի օրէնսդրութեամբ, չափազանց նուազ գումար է:

«Ե՞րբ պիտի անդրադառնանք այդ հարցին, որ Ազգային ժողովին մէջ  ներկայացուած քաղաքական ուժերը, եւ անոնք, որոնք ընտրութիւններուն որոշ տոկոս մը  ապահոված են, կարենան իրենց յարմարաւէտ զգալ, գոնէ նուազագոյն պահանջները կարենան հոգալ տարածքներուն մէջ: Այն, ինչ որ հիմա օրէնսդրութեամբ ունինք, չափէն աւելի անբաւարար է», շեշտած է պատգամաւորը:

Աղուան Վարդանեան ըսած է նաեւ, որ քաղաքական համակարգի կայացման համար անհրաժեշտ է, որ հանրութեան հետ աշխատանք տարուի, համապատասխան ուղղութեամբ կուսակցութեան գաղափարները տարածուին, մէկ օրուան մէջ հազարաւորները չանդամագրուին:

«Կան զարգացած երկիրներ, որոնց օրէնսդրութեամբ կուսակցութիւններուն կը թոյլատրուի ունենալ հիմնադրամներ,  որոնք կուսակցութիւններուն կողմէ չեն ղեկավարուիր, բայց այդ հիմնադրամներու առաքելութիւնն է աջակողմեան, ձախակողմեան, կեդրոնամէտ գաղափարախօսութիւնները տարածել բնակչութեան մէջ, եւ անոնք դարձեալ կ՛օգտուին պետական աջակցութենէն: Այլապէս, եթէ կ՛ուզենք իսկապէս խորհրդարանական կայացած համակարգ ունենալ, ապա այս հարցերուն մենք պէտք է անդրադառնանք, որքան ալ պետական միջոցները սուղ են, ու դժուար է այդ մասին մտածել», նշած է Աղուան Վարդանեան:

Անդրադառնալով Վարդանեանի առաջադրած նիւթերուն` Արփինէ Յովհաննիսեան ըսած է,  որ տարբեր քննարկումներու ընթացքին այս հարցադրումները հնչած են, մասնաւորապէս, ֆինանսաւորման կապուած հարցերը:

«Իրաւացի էք, ելեւմտական միջոցներու սղութիւնը առկայ է: Ինծի համար հետաքրքրական է լսել կուսակցական գործիչներու, պատգամաւորներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու  առաջարկները: Հարցը այն է, որ կուսակցութիւնները ոչ թէ պէտք է մեքենայաբար ստանան այն ֆինանսաւորումը, որ սահմանուած է, այլ պէտք է յստակ  պայմաններ դրուին, կուսակցութիւնը պէտք է բաւարարէ յստակ չափանիշներ եւ միայն այդ պարագային ֆինանսաւորումը կատարուի, իսկ ատիկա պէտք է ըլլայ տարբերակուած», յայտնած է Արփինէ Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, պէտք է յստակ տարբերակում դրուի կուսակցութեան գործունակութեան եւ քաղաքական դաշտին մէջ դերակատարութեան առնչութեամբ, որմէ ետք պէտք է ֆինանսաւորման քանակը ճշդուի:

Անդրադառնալով հիմնադրամներուն` Արփինէ Յովհաննիսեան ըսած է, որ այդ ուղղութեամբ եւս քննարկումներ կը կատարուին:

 

Նախորդը

Խոստման Եւ Երդման Արարողութիւն` ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 23-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Նոր Սահմանադրութիւն` Յանուն Պետականութեան Ամրապնդման, Ժողովրդավարութեան Եւ Միասնականութեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.