Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան անդրանիկ նիստին, ներկայութեամբ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութեան պարտականութիւնն է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանել եւ ժողովուրդին ընձեռել լաւագոյն ծառայութիւնը:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ պետական պիւտճէն վաւերացնելու եւ թափուր մնացած պաշտօններուն համար նշանակումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է նախարարութիւններուն պարագային փտածութեան դէմ պայքարիլ` աւելցնելով, որ նախարարութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող փտածութեան դէմ չպայքարելու պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի նախարարներուն:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն կազմ ու պատրաստ ըլլալու եւ ապահովական բոլոր միջոցները որդեգրելու` պահպանելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, յատկապէս տօնական օրերուն ընթացքին զբօսաշրջական կեդրոններուն ապահովութիւնը:
Նշենք, որ այս յայտարարութիւնները ներկայացուց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ յայտնեց նաեւ, թէ կառավարութիւնը իր նիստը սկսաւ գումարել ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն եւ բանակայիններուն յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք:
Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստերը պիտի գումարէ ամէն չորեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:
Ռիաշի ըսաւ, որ կառավարութիւնը իր անդրանիկ նիստին կազմեց նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու նախարարական յատուկ յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ վարչապետին եւ անդամակցութեամբ նախարարներ Մարուան Համատէի, Մոհամետ Ֆընէյշի, Ալի Հասան Խալիլի, Սելիմ Ժրայսաթիի, Նուհատ Մաշնուքի, Փիեռ Ապու Ասիի եւ Եուսեֆ Ֆընիանոսի:
Նշենք, որ նախքան կառավարութեան նիստը, նախագահ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Հարիրիի Պաապտայի մէջ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ապա իշխանութեան պետերն ու կառավարութեան նոր կազմը ստացան իրենց պաշտօնական լուսանկարը: