Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Եթէ Տէր Պետրոսեանի Հայեցակարգը Գործէր, Մենք Այսօր Ոչ Ղարաբաղ Կ՛ունենայինք, Ոչ Ալ` Հայաստան»

Դեկտեմբեր 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

rusdamian_122216

22 դեկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով ՀԱԿ-ի համագումարին Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ելոյթին, ըսած է, որ Տէր Պետրոսեանի առաջարկածը նորութիւն չէ Դաշնակցութեան համար` աւելցնելով, որ եթէ այդ հայեցակարգը գործէր, մենք այսօր ո՛չ Ղարաբաղ կ՛ունենայինք, ոչ ալ` Հայաստան:

«Այդ հայեցակարգը եթէ կարճ ձեւակերպենք, կրնանք ըսել, թէ խաղաղութիւն մուրալու հայեցակարգ է, իսկ մենք բոլորս` նկատի ունենալով մեր երկու դրացիներու նկրտումներն ու ռազմավարական շահերը, անոնցմէ  խաղաղութիւն չենք մուրար: Խաղաղութիւնը կը նուաճեն եւ կը պարտադրեն, ա՛յս է, որ կատարած է հայ ժողովուրդը: Այս պարզ ճշմարտութիւնը պարոն Տէր Պետրոսեանը կը շարունակէ չընդունիլ, եւ իրեն կը թուի, թէ 18 տարին բաւարար էր, որ վերահաստատէր իր նախկին թէզերը: Լաւ է, որ ինք ամփոփ կերպով նշած է, որ մենք ոչինչ կը ստանանք, սկուտեղի վրայ մեր արեան գնով ձեռք բերուած բոլոր տարածքները կը վերադարձնենք եւ կարգավիճակի հարցը կը ձգենք ապագային», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

«Տէր Պետրոսեանը շատ կը խօսի փոխզիջումներու մասին: Ի՞նչ է Ազրպէյճանի զիջումը… ի՞նչ է 1997-ի փուլային տարբերակին մէջ  Ազրպէյճանի զիջումը:

«Միջանկեալ ճանաչումը ոչ մէկ պարտաւորութեան տակ կը դնէ Ազրպէյճանը` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Իսկ խաղաղապահներու տեղադրումը միշտ ալ պիտի ըլլայ, կապ չունի անոր հետ: Մեր պայքարը այն էր, որ խաղաղապահնե՞ր տեղադրուէին այստեղ: Ակնյայտ է, որ բոլորովին այլ հայեցակարգերու վրայ կը գտնուինք: Զարմանալի է, որ Տէր Պետրոսեան չի ալ հետեւիր, թէ մինչեւ հիմա ժողովուրդը, Ղարաբաղի ժողովուրդը ի՛նչ պատկերացում ունի հարցի լուծման վերաբերեալ: Ղարաբաղի ժողովուրդը 2006-ին յստակ կերպով արտայայտած է իր տեսակէտը, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ հարցին լուծումը, որուն վրայ ալ խարսխուած է Դաշնակցութեան մօտեցումը… թող առնեն եւ կարդան գործող Սահմանադրութեան 142-րդ յօդուածը», նշած է Արմէն Ռուստամեան:

Նախորդը

Որոշ Չափով Պիտի Փոխհատուցուին Կարկուտէն Տուժած 18.202 Բնակիչի Վնասները

Յաջորդը

Ամանորեան Տօներու Պաշտօնական Արձակուրդները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?