Իրան – Հայաստան Նոր Համաձայնագիրներ
Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 21 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:
Ապա, Իրանի նախագահը առանձնազրոյց ունեցած է Հայաստանի նախագահին հետ, որմէ ետք տեղի ունեցած է Սերժ Սարգսեանի եւ Հասան Ռուհանիի հանդիպումը ընդլայնուած կազմով` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Հայ-իրանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուած են տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող փաստաթուղթեր` մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան, արտակարգ իրավիճակներու, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, մշակութային ժառանգութեան նախարարութիւններուն միջեւ, նաեւ` ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան միջեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան եւ այլն:
Ռուհանի. «Կը Փափաքինք Ղարաբաղի Մէջ Ականատես Ըլլալ
Քաղաքական Եւ Բանակցային Ուղիով
Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման»
Հանդիպումներէն ետք Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեան տուած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
Նախագահ Ռուհանի դիտել տուած է, որ Հայաստանը եւ Իրանը կրնան մաս կազմել Պարսից ծոց – Սեւ ծով փոխադրութեան միջանցքին: «Կարելի է ինքնաշարժով եւ երկաթուղիով իրարու կապել Սեւ ծովը եւ Պարսից ծոցը, ինչ որ մեր շրջանին, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական գործունէութեան համար նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծէ»: Իրանի նախագահին համաձայն, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած են ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ, երկու ժողովուրդները դարեր եւ հազարամեակներ ապրած եւ գոյակցած են իրարու կողքին եւ մաս կազմած են նոյն քաղաքակրթական միջավայրին:
«Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները ունին մեծ ներուժ, սակայն անոր միայն մէկ մասը ցարդ օգտագործուած է, իսկ մնացած մասը պէտք է լիովին օգտագործուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն: Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք ուժանիւթի մարզին մէջ եւ բանակցութիւններուն ընթացքին պայմանաւորուեցանք ա՛լ աւելի զարգացնել այդ յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս` կազի արտածման ծաւալներու յաւելման, Թուրքմենիստանէն Իրանի տարածքով կազի տարանցման, ելեկտրականութեան մատակարարման ուղղութիւններով: Մենք պէտք է շարունակենք եւ աւարտին հասցնենք Հայաստան – Իրան ելեկտրահաղորդակցութեան երրորդ գիծի շինարարութիւնը», յայտնած է Ռուհանի` աւելցնելով, որ քննարկած են նաեւ բնապահպանութեան մարզին վերաբերող հարցեր, կարեւոր նկատուած է Արաքս գետի աղտոտման հարցի լուծումը, քանի որ այդ գետը մեր շրջանի հարստութիւնն է:
«Պայմանաւորուեցանք ընդլայնել առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել երկու երկիրներու գործարարներուն եւ ներդրողներուն համար: Մենք ունինք արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւն նաեւ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ», նկատել տուած է Ռուհանի` աւելցնելով, որ հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է յատկապէս դրամատնային մարզին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
«Մենք անդրադարձանք նաեւ շրջանային անվտանգութեան հարցերուն: Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը մեզի համար դրացի եւ բարեկամ երկիրներ են, եւ մենք կը փափաքինք, որ Ղարաբաղի մէջ ականատես ըլլանք քաղաքական եւ բանակցային ուղիով կայուն խաղաղութեան հաստատման, քանի որ անիկա կը բխի շրջանի բոլոր երկիրներուն շահերէն: Անտարակոյս, կայուն խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ զինուորական ուղիով եւ պէտք է բանակցութիւններու միջոցով, միջազգային եզրերուն համաձայն, հասնինք շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկեցինք ահաբեկչութեան նիւթը, քանի որ անիկա կը վերաբերի շրջանի բոլոր երկիրներուն: Բարեբախտաբար, մեր երկու երկիրներուն մէջ ալ անվտանգութիւնը կը գտնուի բաւարար եւ լիարժէք մակարդակի վրայ, բայց, այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է բազմակողմանի համագործակցութեամբ ջանքեր գործադրենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջնականապէս յաղթահարել այդ խնդիրը», ըսած է Ռուհանի` շեշտելով, որ անդրադարձած են նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին, քանի որ այդ երկիրները կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ, եւ պէտք է աջակցութիւն ցուցաբերել այդ երկիրներու ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին մէջ:
«Մենք համակարծիք էինք նաեւ այդ շրջանին, յատկապէս Հալէպի մէջ ստեղծուած մարդասիրական հարցերուն կապակցութեամբ: Հայաստանը եւ Իրանը ունին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ համագործակցութեան լաւ աւանդութիւններ, եւ մենք համակարծիք ենք, որ այդ աւանդութիւնները եւս պէտք է շարունակուին», հաստատած է Իրանի նախագահը:
Հայաստանի նախագահը իր կարգին լուսարձակի տակ առած է երկու երկիրներուն միջեւ առկայ սերտ ու դարաւոր յարաբերութիւնները: «Սակաւաթիւ են այն ժողովուրդները», որոնց պատմութեան քառուղիներուն մէջ վիճակուած է հազարամեակներով քալել կողք-կողքի եւ այսօր ալ շարունակել սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը` առանձնայատուկ յարգանք տածելով միմեանց մշակոյթին նկատմամբ: Հայաստանը, համոզուած եմ նաեւ Իրանը, շահագրգռուած են ընել առաւելագոյնը աւանդական, հարուստ կապերու վրայ խարսխուած բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ», յայտնած է Հանրապետութեան նախագահը: Բանակցութիւններուն անդրադառնալով` նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Մենք այսօր համակարգային եւ բովանդակային քննարկումներ ունեցանք երկկողմանի օրակարգի տարբեր հարցերուն շուրջ: Մենք վերահաստատեցինք միացեալ ծրագիրներու իրականացման մեր յանձնառութիւնը, կարեւոր նկատեցինք քաղաքական խորհրդատուութիւններու պարբերական կայացումը, քննարկեցինք տնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու խթանման առնչուած հարցեր»:
Նախագահ Սարգսեան աւելցուցած է, որ անդրադարձ կատարուած է տնտեսական համագործակցութեան հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի 14-րդ նիստին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին: «Ես իմ գործընկերոջս խորին երախտագիտութիւն յայտնեցի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Իրանի ընդգծուած յարգանքի եւ հոգածութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի հայ համայնքին հանդէպ աւանդական հոգատար վերաբերմունքի համար», շեշտած է նախագահ Սարգսեան: Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան շնորհիւ պիտի շարունակուի իրականացնել կազի եւ ելեկտրականութեան փոխանակումը: «Անդրադարձանք Իրան-Հայաստան-Վրաստան- Ռուսիա ուժանիւթի միջանցքի գործարկման: Միտքեր փոխանակեցինք Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան եւ տարանցիկ միջանցք ստեղծելու ծրագիրներուն շուրջ, որոնց իրականացումով պիտի դիւրացուի բեռներու միջազգային փոխադրումը, կարելիութիւն պիտի տրուի փոխադրութեան նուազագոյն ծախսերով իրանական ապրանքներուն մուտքը եւրոպական շուկայ, ինչպէս նաեւ ներգրաւել բեռներու տարանցում այլ երկիրներէ: Ասիկա ո՛չ միայն իրանական փոխադրութեան համար ամէնէն կարճ եւ անվտանգ անցումը պիտի ըլլայ Հայաստանով, այլեւ շատ լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ մեր երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու յաւելումին», հաստատած է նախագահ Սարգսեան:
«Միտքեր փոխանակեցինք նաեւ շրջանային համարկման հոլովոյթներուն վերաբերեալ` կարեւոր նկատելով համագործակցութեան այն կարելիութիւնները, զորս կ՛ընձեռէ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը: Կը շարունակուին աշխատանքները երկու երկիրներու տնտեսվարողներուն համար գործարար գործունէութեան միջավայրը եւ ներդրումային կանոնակարգումները բարելաւելու ուղղութեամբ: Այս պարունակին մէջ կ՛ուզեմ յատուկ կերպով ընդգծել մեր երկիրներու քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրներու վերացման կարեւորութիւնը: Վստահ եմ, որ մեր երկիրներուն միջեւ փոխադարձ ճանաչելիութեան բարձրացումը պիտի նպաստէ նաեւ առեւտրատնտեսական կապերու խորացման», դիտել տուած է նախագահ Սարգսեան:
Անոր համաձայն, քննարկուած է նաեւ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած միջազգային ջանքերը: «Անշուշտ Հայաստանին նախ եւ առաջ կը մտահոգէ Սուրիոյ մէջ, յատկապէս Հալէպի հայ գաղութին անվտանգութեան ապահովման խնդիրը», ըսած է ան:
Հայաստանի նախագահը լուսարձակի տակ առած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի ապահովման ուղղուած Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն, ապրիլին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակման հետեւանքներու վերացման ուղղուած Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մասին զրոյցը: «Մենք շատ բարձր կը գնահատենք միջազգային իրաւունքի հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման վերաբերեալ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը: Մենք վերահաստատեցինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը չի կրնար ունենալ զինուորական լուծում, եւ շեշտեցինք շրջանին մէջ իրավիճակի լարուածութեան եւ անկայունութեան տարածման որեւէ քայլի անթոյլատրելիութիւնը: Իմ գործընկերոջս հետ համաձայնեցանք շարունակել բարձրագոյն մակարդակի կապերու այս բարի աւանդութիւնը», եզրափակած է նախագահ Սարգսեան:
Հանդիպում` Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Հետ
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպում ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ, որ ուրախութիւն յայտնած է «հիւրընկալուելու մեր լաւ բարեկամ հայ ժողովուրդին կողմէ»:
Նախագահ Ռուհանի դիտել տուած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ բանակցութիւններուն լոյսին տակ ձեռք բերուած են շարք մը համաձայնութիւններ եւ պայմանաւորուածութիւններ: Ան յոյս յայտնած է, որ ապագային ականատես պիտի ըլլանք այդ ծրագիրներու կեանքի կոչման:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան` ողջունելով Իրանի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը, նշած է, որ հայ-իրանական երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը յագեցած է հարուստ բովանդակութեամբ, որ ամուր հիմք կը ստեղծէ հետագայ յարաբերութիւններու զարգացման ու ընդլայնման համար:
Հայաստանի վարչապետը իր կարգին ներկայացուցած է կարգ մը առաջարկներ, որոնց իրականացումը ալ աւելի պիտի ամրապնդէ հայ-իրանական տնտեսական կապերը եւ նոր լիցք պիտի հաղորդէ հետագայ համագործակցութեան: Մասնաւորապէս, առաջարկուած է իրանական կողմին հետ դիտարկել Հայաստանի մէջ սննդամթերքի վկայագրութեան կեդրոնի ստեղծման գաղափարը, որ պիտի նպաստէ ապրանքատեսակներու համապատասխանութեան գնահատման հոլովոյթի դիւրացման ու առեւտրաշրջանառութեան աճին:
Յատկանշելով Հայաստանի եւ Իրանի ազատ տնտեսական գօտիներու համագործակցութիւնը` վարչապետ Կարապետեան առեւտրաշրջանառութեան խթանման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի մէջ իրանական ընկերութիւններու գործունէութեան ընդլայնումը` հաշուի առնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայի կարելիութիւնները: Վարչապետը կրկին վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` սերտօրէն աջակցելու Իրան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն բանակցային հոլովոյթին: Անդրադարձ կատարուած է տարանցիկ փոխադրումներու հոլովոյթի պարզեցման, զբօսաշրջութեան ներուժի օգտագործման եւ փոխադարձ ուղեւորահոսքերու յաւելման կապուած օրակարգային հարցերուն:
Նախագահ Հասան Ռուհանի դրական նկատած է հայ-իրանական փոխադարձ գործակցութեան խթանման վերաբերող քայլերը եւ նշած, որ իրանական կողմը կը խրախուսէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման նպաստող որեւէ կառուցողական առաջարկ:
«Հայաստան – Իրան» Գործարար Համաժողով
Հայ-իրանական առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման նպատակով 21 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Իրան» գործարար համաժողովը, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին այս ծիրին մէջ չորրորդ երկկողմանի մեծ նախաձեռնութիւնը կը հանդիսանայ: Համաժողովը կազմակերպուած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին կողմէ: Համաժողովին ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին:
Համաժողովին մասնակցած են աւելի քան 170 գործարարներ, շուրջ 90-ը` Իրանէն, որոնց կարգին նաեւ` հայ ձեռնարկատէրեր: Հայ եւ իրանցի գործարարները կը ներկայացնեն տնտեսութեան տարբեր մարզեր` ելեւմտական եւ դրամատնային, սնունդի վերամշակման, հիւսուածեղէնի, ոսկերչութեան, դեղագործութեան, բժշկական իրերու եւ գիւղատնտեսական սարքերու, ճարտարագիտութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, շինանիւթի եւ այլն:
«Հայաստանն ու Իրանը կը բանակցին դէպի Հայաստան իրանական կազի արտածումը աւելցնելու շուրջ: Երկու ժողովուրդները ունին մեծ դրամագլուխ, որ իրարու կողքին եղած բազմամեայ բարի դրացիական յարաբերութիւններն են եւ այն ընդհանուր քաղաքակրթութիւնը, որ առկայ է շրջանին մէջ, յատկապէս` Հայաստանի ու Իրանի միջեւ», հաստատած է նախագահ Ռուհանի: Իրանի նախագահը կարեւոր նկատած է համաժողովին ընթացքին երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ կապի հաստատումը, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կամքը` յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ: «Կազը կրնայ նպաստել Հայաստանի զարգացման, եւ ինչպէս ժողովուրդին սրտերը ջերմ են, մարդոց տուներն ալ կը ջերմանան», ըսած է նախագահը: Նախագահ Ռուհանի վստահեցուցած է նաեւ, որ Ազատ տնտեսական գօտին կրնայ նպաստել երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման: «Հայաստանի աշխարհագրական եւ Իրանի աշխարհագրական դիրքերը եւս չափազանց կարեւոր են, ու երկու երկիրները կրնան ունենալ տարանցիկ միջանցք, հիւսիս-հարաւ առանցքին մէջ», յայտնած է Իրանի նախագահը` վստահեցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները խոչընդոտող ոչ մէկ հանգամանք կայ:
Համաժողովին իր ողջոյնի խօսքը ուղղած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ դիտել տուած է, թէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ներուժը լիովին օգտագործուած չէ: Ըստ անոր, անհրաժեշտ է Հայաստանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները համադրելի դարձնել հայ-իրանական բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններուն, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ կեանքի կոչելու տնտեսական մեծ ծրագիրներ, որոնց յաջողած փորձառութիւնը առկայ է յատկապէս ուժանիւթի մարզին մէջ: «Այսօր ես Իրանի նախագահէն խնդրեցի խրախուսել տարբեր մարզերու մեծ գործարարները` գալու Հայաստան եւ այստեղ գործ կատարելու` ինքս ալ խոստանալով, որ պիտի խրախուսեմ հայ գործարարները` նոյնը ընելու նաեւ Իրանի մէջ», ըսած է նախագահը: Ան յոյս յայտնած է, որ իրանական դրամագլուխը աւելի տեսանելի եւ շօշափելի դառնայ Հայաստանի մէջ, ինչ որ երկուստեք շահաւէտ պիտի ըլլայ երկու երկիրներու տնտեսութիւններուն համար:
«Այսօր Հայաստանի մէջ ստեղծուած են բոլոր նախադրեալները ներդրումներ կատարելու եւ յաջողութեամբ գործարարութեամբ զբաղելու համար: Օրէնսդրական բարեփոխումներուն շնորհիւ նախատեսուած է յստակացնել օտարերկրեայ ներդրողներուն տրուող երաշխիքներն ու կարելիութիւն տալ գործարարներուն օգտուելու Հայաստանի մէջ այժմ գործող եւ ապագային նախատեսուած արտօնութիւններէն», աւելցուցած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու առաւելութիւններուն` նախագահը յատկապէս լուսարձակի տակ առած է այն հանգամանքը, որ Հայաստան ունի առեւտուրի արտօնեալ դրութիւն բազմաթիւ երկիրներու հետ:
«Իրանցի գործարարները գործունէութիւն ծաւալելով Հայաստանի մէջ, կրնան օգտուիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեամբ պայմանաւորուած լայն կարելիութիւններէն», դիտել տուած է նախագահ Սարգսեան` աւելցնելով, որ Հայաստանը, իբրեւ Իրանին սահմանակից երկիր, երթեւեկի միջանցք է դէպի Եւրոպական միութեան եւ ԱՊՀ երկիրներ: «Այս առումով կարեւոր կը նկատուի Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքը` իբրեւ Պարսից ծոցի նաւահանգիստները Սեւ ծովու նաւահանգիստներուն կապող ամէնէն դիւրին տարանցիկ երթուղին», շեշտած է Սերժ Սարգսեան: Համաժողովին ընթացքին խօսք առած է նաեւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան, որ ըսած է, թէ իրանցի գործարարներուն համար Հայաստանը բաւական բարենպաստ պայմաններ կ՛առաջարկէ: Ըստ Ղազարեանի, այս համաժողովը առիթ պիտի ստեղծէ Իրանի հետ սկսելու ենթակառուցուածքային քանի մը ծրագիրներու, որոնցմէ մէկը այլընտրանքային կազատարի կառուցումն է, որուն շնորհիւ Հայաստանի տարանցիկ դերը աւելի պիտի մեծնայ: Ղազարեան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը կը հասնի մինչեւ 300 միլիոնի, սակայն եթէ ճիշդ քայլերով ընթանայ այդ համագործակցութիւնը, անիկա կրնայ հասնիլ մէկ միլիառի:
Արսէն Ղազարեան խորհուրդ տուած է, որ իրենց հետագայ քայլերուն մէջ աւելի համարձակ ըլլան` հաստատելով, որ շրջանին մէջ Իրանի հետ աշխատանքները շատ կարեւոր են Հայաստանի համար, որովհետեւ 90-ական թուականներուն Իրանի բարի դրացիական կապերը կարելիութիւն տուին, որ երկիրը զերծ մնայ ապրանքային սովէն, շրջափակման տարիներուն Իրանը Հայաստանին համար այլընտրանքային միակ ճամբան դարձած էր:
Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու փոխնախարար Յովհաննէս Ազիզեան իր կարգին յայտնած է, որ իրանցի գործարարներուն համար Հայաստանի մէջ բաւական գրաւիչ կրնայ ըլլալ դեղագործութեան մարզը, քանի որ Իրան ունի զարգացած դեղագործական արդիւնաբերութիւն: Ըստ անոր, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ 1 յունուարէն պիտի սկսի գործել դեղերու միասնական շուկան, դեղերու միացեալ արտածման կարելիութիւն եւս կրնայ ըլլալ: Ազիզեան նաեւ նշած է, որ Իրանի հետաքրքրութիւնը մեծ է նաեւ Հայաստանի ոչխարի, տաւարի միսի, տուրմի, ոչ ոգելից խմիչքներու, լեցուած ջուրերու նկատմամբ: «Հայաստանէն Իրան արտածումներուն քանակը կը կազմէ մօտ 7080 միլիոն տոլար, իսկ Իրանէն Հայաստան ներմուծումը` 150,170 միլիոն տոլար», աւելցուցած է նախարարի տեղակալը:
Իրանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահ Ղոլամհոսէյն Շաֆէի արտասանած իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ Հայաստանը կրնայ շատ կարեւոր հանգոյց հանդիսանալ Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ: Անոր համաձայն, Հայաստանը ազդեցիկ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ նաեւ Իրանէն Եւրոպա կազ արտածելու ծրագիրին մէջ: «Մենք կրնանք Հայաստանէն ապրանք արտածել Եւրասիական տնտեսական միութիւն առանց տուրքերու», բացի անկէ Հայաստան կրնայ կապող օղակ ըլլալ Իրանի եւ եւրոպական շուկաներուն միջեւ», յայտնած է Շաֆէի: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական կապերը բաւական բարձր մակարդակ ունին, այլ հարց են տնտեսական յարաբերութիւնները: «Գուցէ առկայ սահմանափակումները պատճառ եղած են երկու երկիրներու գործարարներուն համար: Սակայն մենք արդէն նորովի համագործակցութեան կարելիութիւններ ունինք, եւ կը կարծեմ, թէ պիտի փոխհատուցենք անցեալի բացը», շեշտած է ան:
Կը նախատեսուին նաեւ իրանցի եւ հայաստանցի գործարարներու հանդիպումներ, որոնց ընթացքին անոնք կարելիութիւն կ՛ունենան նոր կապեր հաստատելու, ինչպէս նաեւ խորացնելու առկայ համագործակցութիւնն ու հանդէս գալու միացեալ նախագիծերով:
Իրանի Նախագահին Այցելութիւնը Կրնայ Նպաստել
Շրջանի Կայունացման
Իրանի խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Կարէն Խանլարեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Հայաստան այցելութիւնը կարեւոր քայլ է Իրան-Հայաստան փոխադարձ յարաբերութիւններու զարգացման համար: Ըստ անոր, այս այցելութեան լոյսին տակ պիտի արձանագրուին լուրջ ձեռքբերումներ: «Ի հարկէ, շրջանային առումով նոյնպէս կարեւոր է այս այցելութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով տեղի ունեցող քաղաքական հոլովոյթները, փոխյարաբերութիւններու լարուածութեան այս շրջանը: Ըստ ինծի, այս այցելութիւնը կրնայ կայունացման որոշ տուեալներ բերել շրջանին մէջ»:
Խանլարեան նաեւ անդրադարձած է այն մարզերուն, որոնց մէջ Իրանի հետ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներ կան: