Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Յունաստան Կ՛այցելէ

Դեկտեմբեր 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vicken_121916

Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու երկկողմանի համագործակցութեան 2016-ի ծրագիրին համաձայն, 19 դեկտեմբերին սկսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Յունաստան:

Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած հայկական եւ յունական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումին յաջորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամենոսի առանձնազրոյցը:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են պաշտպանական մարզին մէջ հայ-յունական երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Բարձր գնահատելով համագործակցութեան ներկայ մակարդակը` կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են երկկողմանի համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ փորձի փոխանակման վերաբերեալ:

Հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Բանակցութիւններու աւարտին նախարար Վիգէն Սարգսեանն ու իր յոյն պաշտօնակիցը հանդիպում ունեցած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած անոնց հարցումներուն եւ ներկայացուցած երկկողմանի բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամենոս` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ յունական զինուժը հայկական զինուած ուժերը կը նկատէ եղբայր, իսկական եղբայր, որովհետեւ երկու ժողովուրդները կողք- կողքի անցած են դժուար փուլեր, եւ անոնց գործակցութիւնը կը շարունակուի` անկախ շրջանի զարգացումներէն: Այս մասին կը հաղորդէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական»-ը:

Նախարար Սարգսեան իր կարգին շեշտած է, որ յոյն պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանային մարտահրաւէրներուն, որոնք, ցաւօք սրտի, աւելի կը սաստկանան թէ՛ Կովկասի եւ թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Քննարկուած են նաեւ գործակցութեան բազմաթիւ ծրագիրներ Յունաստանի հետ եւ Յունաստանի միջոցով` Եւրոպական Միութեան, որոնք կ՛առնչուին միջազգային խաղաղապահութեան ու այլ խնդիրներու: Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի մօտեցումը Արցախի առնչուած անվտանգութեան հարցերուն վերաբերեալ: Յոյն լրագրողները նախարարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած են Թուրքիոյ ապակառուցողական դերին վրայ` յիշելով արցախեան տագնապը:

«Մենք մեծ մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք, որ Թուրքիան կը շարունակէ բաց եւ փակ տարբեր կարելիութիւններով աջակցիլ Ազրպէյճանին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը զինուորական ճնշման միջոցներով փոխարինելու տեսակէտէ: Ատիկա չի նպաստեր շրջանին մէջ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման, եւ յոյսով ենք, որ շրջանի երկիրները աւելի հաւասարակշռուած կը մօտենան արցախ-ազրպէյճանական բարդ խնդիրի լուծման», յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը: Նոյն ձեւով արձագանգած է նաեւ յոյն նախարարը, որ անդրադարձած է նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ Պոնտոսի յոյներուն պարագային:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ կողմերը ինչպէ՛ս կրնան գերազանց յարաբերութիւններ պահպանել, մարտահրաւէրները միասնաբար դիմակայել` գտնուելով տարբեր ռազմաքաղաքական դաշինքներու մէջ. նախարար Քամենոս արձագանգած է. «Այսօր ալ կողք-կողքի ենք»: Իր հերթին, Սարգսեան նշած է, որ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ բաժանարար գիծեր, որոնք կը խանգարեն գործակցիլ միացեալ շահերէն բխող հարցերու մէջ:

«Դաշինքներուն նպատակը մէկ է` բարձրացնել ժողովուրդներու եւ պետութիւններու անվտանգութեան մակարդակը: Մենք կը տեսնենք շատ մարզեր, ուր կրնանք դիւրութեամբ փոխգործակցիլ` առանց հարցականի տակ դնելու մեր հիմնական անվտանգային դաշինքներուն մէջ  պարտաւորութիւնները կամ մեր հաւատարմութիւնը», ամփոփած է նախարար Սարգսեան:

 

 

Նախորդը

Հայաստան Կ՛ուզէ Իրանէն Երեւան Տանող Ճամբու Կիսուն Հանգիստի Կեդրոն Կառուցել

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Փութինին` Թուրքիոյ Մէջ Դեսպանի Սպանութեան Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?