Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Մարգարեան. «Վարչապետին Հետ Բնականոն Յարաբերութիւններ Ունինք»

Մայիս 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ-ն եւ ՀՀԿ-ն  համագործակցութեան յուշագիր պիտի ստորագրեն: Այս եւ այլ հարցերու  շուրջ «Երկիր»-ը զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ  Մարգարեանին հետ:

Պատասխանելով այն մատնանշումին, որ նախորդող օրերուն մամուլին մէջ յամառօրէն կը պնդուի, թէ ՀՅԴ-ի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են, Հրանդ Մարգարեան ըսած է. «Կը կարծեմ, որ անոնք, որոնք նման լուրեր կը տարածեն, այլ նպատակներ կը հետապնդեն: Իրականութեան մէջ լարուածութիւն չկայ: «Լարուածութիւն»-ը այս պարագային շատ կոպիտ բառ է: Բնականաբար, մարդիկ ենք, տեսակէտներ ունինք, քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, բայց, վերջ ի վերջոյ, կը տրուին որոշումներ: Համաձայնագիրի բնագիրը պատրաստ է, չստորագրելու պատճառ չկայ, կը սպասէինք Սահմանադրական դատարանիորոշումը: Կը կարծեմ, որ մօտ օրէն պիտի կատարուի ստորագրման արարողութիւնը:

Մենք ունինք բնականոն յարաբերութիւններ վարչապետին հետ, ունինք տեսակէտներ, երբեմն այդ տեսակէտները կը նոյնանան, երբեմն` կը տարբերին, բայց մեր յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ լարուածութիւն չկայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀՀԿ-ՀՅԴ նոր ստորագրուելիք յուշագիրը անժամկէ՞տ է, թէ՞ մինչեւ 2018 թուականն է, Հրանդ Մարգարեան ըսած է. «Այս հանգրուանին մեր նոր համաձայնագիրը, ինչպէս նախորդը, բնականաբար, անժամկէտ պիտի ըլլայ: Սակայն նոյն համաձայնագիրին մէջ նաեւ գրուած է, թէ ո՛ր պարագաներուն անիկա կրնայ չեղեալ նկատուիլ: Համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելու ձեւը նախատեսած ենք, բայց համագործակցութեան համար ժամկէտ չենք նշած»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ կատարուած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային:

Նախորդը

Հաւանական Է, ՈՐ ՀՅԴ -ՀՀԿ Քաղաքական Համաձայնագիրը Այս Շաբաթ Ստորագրուի

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնքին Գծով Տարակարծութեանց Մթնոլորտին Մէջ. Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ Կը Նախատեսուին Յառաջիկայ 48 Ժամերուն, Նախքան Նախարարաց Խորհուրդի Հինգշաբթի Օրուան Նիստը Համախոհութեան Յանգելու Յոյսով

RelatedPosts

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ
Հայկական

Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ  Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան,  Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ
Հայկական

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստիւ Կը Դատապարտէ Հայ Հոգեւորականներուն Շարունակուող Ձերբակալութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?