Թրամփ. «Մենք Նիւ Եորքի Մէջ Կորսնցուցած Ենք Մեր Գերիշխանութեան Մէկ Մասը»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նիւ Եորքի մէջ ժողովրդավարական- ընկերվարական Զոհրան Մամտանիի քաղաքապետ ընտրութիւնը որակած է Միացեալ Նահանգներու գերիշխանութեան կորուստ, սակայն խոստացած է զայն դարմանել: «Անցեալ գիշեր մենք Նիւ Եորքի մէջ կորսնցուցած ենք մեր գերիշխանութեան մէկ մասը, սակայն մի՛ մտահոգուիք, մենք զայն պիտի դարմանենք», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Յիշեցնենք, որ 4 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու քանի մը նահանգներու մէջ տեղի...




















