Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ պահանջեց, որ Դանիոյ պատկանող եւ ինքնավարութիւն վայելող Կրինլանտ շրջանը մաս կազմէ Միացեալ Նահանգներուն:
Թրամփ «Տը Աթլանթիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կրինլանտին կարիքը ունինք: Հաստատօրէն անոր կարիքը ունինք անվտանգութեան համար»:
Ան Կրինլանտը նկարագրեց իբրեւ «ռուսական ու չինական նաւերով շրջապատուած»:
Պատասխանելով Վենեզուելայի մէջ զինուորական գործողութիւնը Կրինլանտի մէջ Միացեալ Նահանգներու հաւանական քայլին ցուցանիշ ըլլալու մասին հարցումին` Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Ուրիշներուն ձգուած է որոշել, թէ Վենեզուելայի մէջ ամերիկեան զինուորական քայլը Կրինլանտի համար ի՛նչ կը նշանակէ: Ատիկա իրենք պէտք է սերտեն: Ես չեմ գիտեր»:
«Վենեզուելան կրնայ ամերիկեան միջամտութեան ենթարկուող վերջին երկիրը չըլլալ», աւելցուց Թրամփ:
Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն հակադարձեց Թրամփին` յայտնելով. «Միացեալ Նահանգներուն Կրինլանտին տիրելու կարիքի մասին խօսակցութիւնը բացարձակապէս անիմաստ է: Միացեալ Նահանգներ իրաւունք չունին Դանիոյ թագաւորութեան երեք շրջաններէն մէկը իրենց կցելու»:


