Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Փաստ»-ի  Թրամփ Կրտսերը Հայաստան Պիտի Այցելէ

Ըստ «Փաստ»-ի Թրամփ Կրտսերը Հայաստան Պիտի Այցելէ

«Փաստ» օրաթերթը կը գրէ. «Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, 12 նոյեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որդին` Թրամփ կրտսերը: Ըստ մեր աղբիւրներուն, այցելութեան նպատակները կը ներառեն առեւտուրի հետաքրքրութիւններ, իշխանութիւններու տարբեր շրջանակներու հետ հանդիպումներ»: «Առայժմ յայտնի չէ` Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում նախատեսուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Հաւանական կը նկատուի, որ այցելութիւնը կազմակերպած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան...

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ նստաշրջանի լիագումար նիստին, Եւրոպական խորհրդարանի սպանացի պատգամաւորին խօսքը ուղղուած էր Երեւանի իշխանութիւններուն: Սուր քննադատութիւն կար անոր խօսքին մէջ` ուղղուած գործող իշխանութիւններուն: Ըսել ուզուածը այն էր, որ եթէ Երեւանը կը յաւակնի թեկնածու դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ապա չի կրնար շարունակել իր հակաժողովրդավարական արշաւը: Ան նշած է մանրամասնութիւններ, որոնց համաձայն` Երեւանը կոպտօրէն կը շարունակէ խախտել ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները: Ըստ...

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ այցելեց Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ իր լիբանանցի պաշտօնակից Եուսեֆ Ռաժժիի հետ, որ Գերմանիոյ օգնութիւնը խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի իր յարձակումները դադրեցնէ, հեռանայ իր բռնագրաւած հողերէն եւ կատարէ թշնամական արարքները դադրեցնելու յայտարարութեան հիմամբ ստանձնած յանձնառութիւնները: «Դիւանագիտական լուծումը, եւ ոչ թէ զինուորականը, միակը կ՛ապահովէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան եւ հանդարտութեան հաստատումը», նշեց Ռաժժի` աւելցնելով....

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու դատավարութիւնը: Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 3 նոյեմբերին: Մեղադրող կողմը հանդէս պիտի գայ ճառով: Տակաւին չէ աւարտած միայն Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը: Այդ նիստերը կ՛ընթանան անկախ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեամբ:    

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումը ջնջուեցաւ Մոսկուայի` Ուաշինկթընին յուշագիր մը յղելէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը: Բրիտանական օրաթերթը նշեց. «Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու Ռուսիոյ պահանջները պատճառ դարձան Պուտափեշտի մէջ որոշուած Փութինի եւ Թրամփի միջեւ ժողովի չեղեալ նկատուելուն»: Ռուսիոյ պահանջները կը ներառէին տարածքային զիջումներ, ուքրանական բանակի թուաքանակի կրճատում եւ երաշխիք, որ Քիեւը երբեք...

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

25-էն 30 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններու հիմամբ, Աֆղանիստանն ու Փաքիստանը զինադադարը երկարաձգելու համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին հաղորդեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Զինադադարի շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած էր 18-19 հոկտեմբերին, Տոհայի մէջ: Կողմերը նաեւ համաձայնած են մշակելու հսկողութեան եւ ստուգման մեքանիզմ մը, որ պիտի ապահովէ խաղաղութեան պահպանումը եւ խախտում կատարողներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկումը: Զինադադարի իրականացման...

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը եւ անկէ պահանջեց, որ լիբանանեան բանակը դէմ դնէ հարաւային ազատագրուած հողերուն մէջ իսրայէլեան որեւէ ներթափանցման` առ ի պաշտպանութիւն լիբանանեան հողերու եւ քաղաքայիններու ապահովութեան: Զօր. Հայքալ նախագահին ներկայացուց Պլիտա գիւղին մէջ տեղի ունեցած ներթափանցման եւ քաղաքապետութեան պաշտօնեաներէն մէկուն նահատակութեան մանրամասնութիւնները: «Այս յարձակումը, որ իսրայէլեան թշնամական արարքներու շարքին...

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Նախարար Պայրագտարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ նախագահին յանձնեց վեհափառի կաթողիկոս ընտրութեան 30-ամեակին առիթով հրատարակուած գիրքը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան նախագահ Աունին ներկայացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական մարզադաշտի ողիմպիական յառաջադէմ չափանիշերու հիմամբ վերանորոգման...

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Հարաւային Քորէայի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի վեհաժողովի ծիրին մէջ 1 ժամ 40 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած է առեւտրական հարցերու շուրջ: Ճինփինկ կոչ ուղղեց Թրամփի հետ հանդիպումի արդիւնքները կարելի եղածին չափ շուտ վերջնական համաձայնութիւններով ամրագրելու: «Երկու կողմերը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ...

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան 7 նոյեմբերին Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` ռուս-ամերիկեան վեհաժողովի գումարումը պատրաստելու համար: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան նախապէս նշած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ տագնապի լուծման եւ եւրոպական անվտանգութեան համակարգի ապագային շուրջ բանակցիլ մերժելով «աղէտալի սխալ մը» կը գործէ: Օրպան հունգարական «Էմ.1»...

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կէս տարիով կրճատելու նախագիծին: Նախագիծը ներկայացուցած պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեան տեղեկացուց, որ ձմեռնային զօրակոչը կը նախատեսեն սկսիլ 7 յունուարէն: Այսինքն` եթէ օրէնսդրական փոփոխութիւնները Ազգային ժողովին մէջ ամբողջութեամբ ընդունուին, արդէն այս ձմրան երիտասարդները բանակ պիտի զօրակոչուին 1,5 տարիով: Փոփոխութիւնները, սակայն, յետադարձ ուժ պիտի չունենան, այս պահուն զինուորականները բանակին մէջ կը ծառայեն 2 տարի:  ...

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Միացեալ Նահանգներու զոյգ պատուիրակներու լիբանանեան այցելութիւնները անշուշտ հիմնականին մէջ նոյն ուղերձները կը բովանդակեն: Երեւոյթը որոշ հարցականներ կը ստեղծէ, թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթընը կը պատուիրակէ տարբեր անձնաւորութիւններ հիմնականին մէջ նոյն օրակարգը քննարկելու եւ յատկապէս նոյն ուղերձը յղելու համար պաշտօնական Պէյրութին: Քաղաքական այս զուգերգը  տարբեր ելեւէջներ ունի: Օրթէյկըսի Պէյրութ այցելութիւնը եւ եռեակի հետ հանդիպումին վերաբերող պաշտօնական լրատուութիւնները շեշտուած ձեւով լիբանանեան կողմին փոխանցուածներուն մասին...

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Կարելի չէ լռել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ, այլապէս այդ լռութեան գինը երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւին աւելնալը պիտի ըլլայ: Այս նպատակով երէկ` 29 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մօտ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ի պաշտպանութիւն Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած հայ գերիներու: Ցոյցին կը մասնակցէին ՀՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի  երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներու, այլ քաղաքական ուժերու,  հասարակական միաւորումներու երիտասարդներ: Ազգային...

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ այս տարուան վերջ ստեղծել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ առաջին աշխատանքային խումբերը: Այս մասին «Ռիփորթ»-ի Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը շարունակէ խորացնել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը` հիմնուելով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վրայ: «Միացեալ Նահանգները յանձնառու են իրականացնելու 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած...

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իսրայէլ վրէժ լուծելու իրաւունք ունի, եւ Համաս շարժումը Միջին Արեւելքի համաձայնութեան մէջ փոքր բաժին մըն է»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Թրամփ շարժումը զգուշացուց ըսելով. «Եթէ ճիշդ ձեւով չվարուիս, պիտի ոչնչացուիս»: Սպիտակ տան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ նշեց. «Կազայի մէջ զինադադարը վտանգուած չէ»: «Կազայի վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումները զինադադարը պիտի չականահարեն: Կազայի դէմ իսրայէլեան...

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ նախարարներուն: Նախագահ Աունն ու վարչապետը նիստէն առաջ գումարեցին ժողով մը` քննարկելու համար երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական ու տնտեսական զարգացումները: Նախարարաց խորհուրդի օրակարգին վրայ էին 14 կէտեր, որոնց կարեւորագոյնները կը վերաբերէին արտաքին գործոց նախարարութեան` խորհրդարանական...

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրին ընդդունեց Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Քիթ Հանենկանը եւ դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Մեթիու Թութիլոն: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրուին հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութեան եւ կայունութեան վերականգնման համար: Հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատեց թշնամական արարքներու դադրեցման յանձնախումբի` Մեքանիզմի...

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

28 հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիս տուին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Թադեւոս Աւետիսեանը եւ Գառնիկ Դանիէլեանը` ամփոփելով խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Թադեւոս Աւետիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի 2026-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումը ցոյց տուաւ, որ կառավարութիւնը չէ գործադրած ընկերային բնագաւառին վերաբերող իր խոստումները, զորս տուած էր քաղաքացիներու առաւել խոցելի խումբի շուրջ 40 տոկոսին: Ըստ անոր, իշխանութիւնները բազմիցս խոստացած են բարձրացնել կենսաթոշակները, աւելցնել...

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան կապերուն եւ շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին խաղաղութիւն ունենալ, սակայն մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ արդարութեան եւ ազնուութեան վրայ, իսկ արդարութիւնը կը պահանջէ, որ բոլոր կողմերուն կենսական շահերը պաշտպանուած եւ յարգուած ըլլան, եւ ասիկա 2 կողմերէն բարի կամք կը պահանջէ: «Ցաւօք, մենք...

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Մեզի եւս պէտք են երաշխիքներ, թէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպումը որոշակի արդիւնքներ պիտի տայ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Էնքըրէյճի մէջ նախագահներ Փութինի եւ Թրամփի հանդիպումին ժամանակ, մենք աջակցած էինք այն առաջարկներուն, որոնք ատկէ մէկ շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվըն Ուիթքոֆը բերած էր Մոսկուա եւ որոնց հիման վրայ մենք պատրաստ...

Page 64 of 795 1 … 63 64 65 … 795

Արխիւներ