Եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ, խօսելով մարդուն հին ինքնութիւնը իր կենցաղակերպով ու մտածելակերպով մոռնալու եւ Քրիստոսով վերանորոգուելու հրամայականին մասին, կոչ կ՛ուղղէ ըսելով` «Եղէ՛ք նոր մարդ» (4.24):
Այս կոչին մէջ է խտացած Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան իմաստն ու խորհուրդը եւ իր երկրաւոր առաքելութեան նպատակը: Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի իր աստուածային պատկերը եղծած մարդուն մէջ վերականգնէ Աստուծոյ պատկերը: Քրիստոս մարդեղացաւ, որպէսզի երկինքէն հեռացած եւ երկրաւորին տիրապետութեան տակ ապրող մարդը դարձեալ վերադարձնէ երկինքին ու երկնայինին: Աստուծոյ Միածին Որդին մարդացաւ, որպէսզի մեղքի ու ապականութեան մէջ խրած մարդը վերամարդացնէ:
Արդարեւ, մարդը վերամարդացնելու Քրիստոսին առաքելութիւնը` Բեթղեհէմէն մինչեւ Գողգոթա, հեշտ չեղաւ: Քրիստոս քարոզեց ու հրաշագործեց, հալածուեցաւ ու տագնապեցաւ, խաչէն առաջ խաչը ապրեցաւ եւ իր յարութեամբ նոր մարդը` աստուածաստեղծ մարդը վերականգնեց:
Մեծ իրագործումները յանձնառու պայքարով կը կերտուին: Սրբազան նպատակները խաչի ճամբով ու ի պահանջել հարկին արիւնով կը նուաճուին: Այսպէ՛ս եղաւ Քրիստոսի ծնունդով նոր մարդուն վերածնունդը:
Բեթղեհէմը սոսկ դէպք մը չէ. ան Աստուծոյ միջամտութեամբ մարդուն վերամարդացման խորհուրդն է, նոր մարդու վերստեղծումը: Բեթղեհէմը միաժամանակ յաւերժական պատգամ մըն է ու հրաւէր` դառնալու Բեթղեհէմ ու մասնակից դառնալու անոր յաւիտենական խորհուրդին:
Դառնալ Բեթղեհէմին, կը նշանակէ դառնալ Աստուծմէ հեռացած մարդը Աստուծոյ մօտեցնելու երկնային խորհուրդին: Մօտենալ Բեթղեհէմին, կը նշանակէ մեր կեանքը լեցնել անոր խորհուրդով ու պատգամով: Ընդունիլ Բեթղեհէմի Մանուկը` իբրեւ Փրկիչը համայն մարդկութեան, կը նշանակէ քալել դէպի փրկութիւն առաջնորդող Բեթղեհէմի ճամբէն:
Բեթղեհէմը վայր ու դէպք ըլլալէ անդին, «խորհուրդ մեծ» է, Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը երկինք: Բեթղեհէմը Աստուծոյ ու մարդուն հանդիպումն է: Բեթղեհէմը մարդկային բնութեան իւրացումն է Աստուծոյ կողմէ:
Իր Միածին Որդւոյն ծնունդով Աստուած մօտեցաւ մեղաւոր մարդուն` զինք մեղքէն մաքրելու, սատանայի ճիրաններէն ազատելու, իր մէջ հին մարդը քանդելու եւ նոր մարդը վերստեղծելու նպատակով:
Արդ, Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած դարձաւ Աստուածամարդ` աստուածային ու մարդկային բնութիւններու անքակտելի միութեամբ, ու մօտեցաւ մարդուն` մարդուն փրկութեան համար:
Յակոբոս առաքեալ կը յորդորէ` «Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի» (Յկ 4.8):
Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք մօտենալու Աստուծոյ: Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք Յիսուսը ընդունելու իբրեւ մեր կեանքին միակ ճամբան ու ճշմարտութիւնը, մեր կեա՛նքն իսկ: Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ. «Անգամ մը, որ նորոգուեցաք, կայ միայն Քրիստոս» (Կղ 3.11):
Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք հաւատքով ու հաւատարմութեամբ ընդառաջելու Բեթղեհէմի պատգամին:
Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով վերածնելու, նոր մարդ դառնալու:
Նոր մարդ դառնալ կ՛ենթադրէ ընդունիլ մեր մեղքերը եւ սխալները ու զանոնք սրբագրելու կամքը ունենալ:
Նոր մարդ դառնալ կ՛ենթադրէ մեր կենցաղակերպը, մտածելակերպն ու գործելակերպը շաղախել Բեթղեհէմէն ճառագայթող արժէքներով ու ճշմարտութիւններով:
Նոր մարդ դառնալ կ՛ենթադրէ մեր կեանքին դիմաց ունենալ միայն Քրիստոսը` իբրեւ ուղեցոյցը եւ առաջնորդը մեր կեանքին:
Քրիստոսով նոր մարդ դարձած Պօղոս առաքեալ կոչ կ՛ուղղէ ըսելով` «Մոռցէք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք` ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ» (Կղ 3.9-10):
Արդ, նոր մարդ դառնալու համար հրամայական է Բեթղեհէմի խորհուրդը ապրիլ ու անոր պատգամը կեանքի վերածել:
Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը կոչուած է նոր մարդ դառնալու գիտակից յանձնառութիւնը ունենալ եւ անոր հրամայականին հետեւիլ` հակառակ չարով ու չարիքով տիրապետուած աշխարհին: Ա՛յս է պատգամը Բեթղեհէմին. ա՛յս է յիշեցումը առաքեալին:
Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, Բեթղեհէմի խորհուրդով լեցուն այս օրերուն վերանորոգենք Քրիստոսով նոր մարդ դառնալու մեր կեանքի ընթացքը` հետեւելով առաքեալի կոչին:
Եկէ՛ք, զիրար ողջունենք ըսելով` Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Եկէ՛ք, վերանորոգ հաւատքով մեզի համար ծնած Քրիստոսով վերածնինք:
* * *
Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալները, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը` մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:
Հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մեր Թեմակալ Առաջնորդները, Ազգային իշխանութիւնները եւ համայնքային կառոյցները` իրենց մաղթելով մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի աշխարհ բերած սիրոյ ու խաղաղութեան անփոխարինելի բարիքներով լեցուն օրեր:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 յունուար 2026
Անթիլիաս, Լիբանան


