Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինուորական Կայծակնային Գործողութեան Մը Ընթացքին Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժ Մը Ձերբակալեց Մատուրոն

January 5, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասն ու այլ շրջաններ ցնցած շարք մը պայթումներէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ իր երկիրը «յաջող կերպով լայնածաւալ հարուած հասցուց Վենեզուելայի եւ անոր ղեկավար նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ, որ իր կնկան հետ ձերբակալուեցաւ եւ երկրէն դուրս բերուեցաւ: Այս գործողութիւնը կատարուեցաւ ամերիկեան իրաւապահ մարմիններու գործակցութեամբ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Քրիսթըֆըր Լանտօ իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Վենեզուելայի մէջ նոր արշալոյս. բռնատէրը հեռացաւ: Ան վերջապէս իր ոճիրներուն համար արդարադատութեան առջեւ պիտի կանգնի»:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց. «Նախագահը տագնապէն դուրս գալու շարք մը ընտրանքներ ներկայացուց, սակայն ամբողջ այս գործողութեան ընթացքին յստակ էր, թէ թմրեցուցիչներու մաքսանենգումը պէտք է դադրեցուի եւ գողցուած քարիւղը Միացեալ Նահանգներուն վերադարձուի»:

«Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ նորագոյն անձն է, որ կ՛անդրադառնայ, թէ Թրամփ իր խօսքին տէրն է», նշեց Վանս:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Պի.Էս.Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ ձերբակալման գործողութիւնը կատարուած է «Տելթա» մասնայատուկ ուժերուն կողմէ:

Ժամեր առաջ Վենեզուելայի նախագահական պալատը երկրին մէջ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարած էր եւ Վենեզուելայի բոլոր հողերուն վրայ ազգային պաշտպանութեան ծրագիրները կիրարկելու որոշում հրապարակած էր:

Վենեզուելայի փոխնախագահ Տելսի Ռոտրիկես աւելի ուշ պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը Մատուրոյի եւ անոր կնկան գտնուած վայրը չի գիտեր, եւ ամերիկեան կողմէն պահանջեց նախագահին ու անոր կնկան ողջ ըլլալը փաստել:

Թրամփ աւելի ուշ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ գործողութեան ընթացքին որեւէ ամերիկացի զոհ չէ արձանագրուած, ինք գործողութեան ուղղակի սփռումին հետեւած է, «եւ անիկա պատկերասփիւռի յայտագիրի նման էր»:

«Չորս օր սպասեցինք գործողութեան ձեռնարկելու` սպասելով կլիմայական պայմաններու բարելաւման», նշեց ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ որեւէ անձի պիտի չարտօնեն Մատուրոյի ըրածը շարունակելու: «Մատուրոն վերջաւորութեան փորձեց բանակցիլ, եւ ես ոչ ըսի», ըսաւ Թրամփ աւելցնելով, որ Վենեզուելայի նախագահը «պատասխանատու է թմրեցուցիչներու պատճառով տարեկան 300 հազար ամերիկացիներու սպանութեան համար»:

Թրամփ նշեց, որ իր երկիրը «ուժեղ կերպով պիտի ներքաշուի վենեզուելական քարիւղի մարզին մէջ»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Փեքին ցնցուած է եւ բուռն կերպով կը դատապարտէ Ամերիկայի կողմէ Վենեզուելայի դէմ ուժի կիրարկումն ու անոր նախագահին նկատմամբ վարմունքը»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս կոչ ուղղեց` Վենեզուելայի մէջ «ինքնազսպումի» եւ «միջազգային օրէնքը յարգելու»: Ան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յիշեցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը կասկածի տակ կ՛առնէ Մատուրոյի օրինականութիւնը, «ամէն պարագայի, պէտք է յարգել միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքները: Ինքնազսպումի կոչ կ՛ուղղենք»:

Քուպայի նախագահական պալատը յայտնեց. «Խաղաղութեան շրջանը վայրագ յարձակումի կ՛ենթարկուի: Կը դատապարտենք վենեզուելացի ժողովուրդին դէմ պետական ահաբեկչութիւնը»: Քուպայի նախագահ Միկել Տիազ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց Վենեզուելայի վրայ ամերիկեան յարձակումին անմիջական պատասխան տալ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Պատրաստ ենք Վենեզուելայի մէջ տագնապի լուծման համար շինիչ նպաստ բերելու եւ ինքնազսպումի կոչ կ՛ուղղենք` երաշխաւորելու համար, որ ներկայ կացութիւնը շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան վրայ հետեւանքներ չունենայ»:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Վենեզուելայի մէջ «խաղաղ լուծման» հասնելու համար իր միջնորդութիւնը առաջարկեց:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Խոր մտահոգութիւն կը յայտնենք, եւ կը դատապարտենք Վենեզուելայի վրայ ամերիկեան զինեալ յարձակումը»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ նշեց. «Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն վենեզուելացի ժողովուրդէն իշխանութիւնը խլելով եւ զայն իր հիմնարար իրաւունքներէն զրկելով վտանգաւոր կերպով ոտնահարեց ժողովուրդին արժանապատուութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը»:

«Զինուորական գործողութիւնը, որ Մատուրոյի ձերբակալման յանգեցաւ, կը հակասէ ուժ չկիրարկելու օրէնքին, որ միջազգային օրէնքին գլխաւոր հիմնաքարն է: Ֆրանսան անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ կարելի չէ արտասահմանէն քաղաքական տեւական լուծում պարտադրել, եւ գերիշխան ժողովուրդներն են միայն, որոնք իրենց ճակատագիրը կ՛որոշեն», նշեց Պարրօ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակը յայտարարեց, թէ Կութիերես «խորապէս անհանգստացած է» Մատուրոյի ձերբակալութեամբ եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային օրէնքը յարգելու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու Վենեզուելայի մէջ կատարած գործողութիւնները վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծեն»:

Վենեզուելայի կառավարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկեան յարձակումին նպատակը վենեզուելական ռազմավարական հարստութիւններուն տիրելն է»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր Վենեզուելայի խնդրանքով նիստ մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Վենեզուելայի կացութիւնը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի օր անգամ մը եւս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` «Մատուրոն անմիջապէս ազատ արձակելու եւ Վենեզուելայի կառավարութիւնը տապալելէն դադրելու»:

Մինչ այդ, Վենեզուելայի գերագոյն դատարանը Վենեզուելայի փոխնախագահին հրամայեց ժամանակաւորապէս ստանձնել երկրի նախագահի պաշտօնը:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մատուրօ երէկ հասաւ Նիւ Եորքի մէջ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի գրասենեակ` նախնական հարցաքննութեան ենթարկուելու համար` առ ի պատրաստութիւն անոր դատավարութեան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Վենեզուելայի մէջ մնացեալ ղեկավարութեան հետ աշխատելու պատրաստ է, եթէ ան «ճիշդ որոշումը» որդեգրէ:

«Այն, ինչ որ գիտենք, անոնք ճիշդ որոշում չտուին, ուստի Միացեալ Նահանգները պիտի պահպանեն ճնշումի շարք մը միջոցները», աւելցուց Ռուպիօ:

 

 

Նախորդը

Խամենէի. «Պէտք Է Խռովարարները Իրենց Տեղը Դնել»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ներիրանեան Իրադարձութիւններն Ու Հայկական Ոսպնեակը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.