Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստան 1 Միլիոն 540 Հազար Տոլարի Զինուորական Օժանդակութիւն Կը Մատուցէ Հայաստանին

September 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին  Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 4 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Չան Վանցեուանի հետ:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանին` տարիներ շարունակ Հայաստանի պաշտպանական մարզին մէջ անհատոյց օգնութիւն տրամադրելու համար: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գնահատումով` ատիկա հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու վկայութիւններէն մէկն է: Հանդիպումի աւարտին ստորագրուած է հերթական` Հայաստանին 10 միլիոն եուանի (մօտ 1 միլիոն 540 հազար ամերիկեան տոլար) օգնութեան տրամադրման համաձայնագիրը:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան 5 սեպտեմբերին հանդիպած է Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ, Չինաստանի կեդրոնական զինուորական խորհուրդի փոխնախագահ Սիւ Ցիլեանի հետ:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ` նախարար Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստան այցելելու հրաւէրին եւ հայկական պատուիրակութեան ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Սիւ Ցիլեան, իր կարգին, համոզում յայտնած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը Չինաստան նոր խթան պիտի հանդիսանայ հայ-չինական յարաբերութիւններու խորացման գործին:

Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները` նախանշելով պաշտպանական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներն ու կարելիութիւնները:

Հայաստանն ու Չինաստանը տարիներ շարունակ արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին բազմաթիւ ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ պաշտպանական հարցերով: Մասնաւորապէս` աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւն ծաւալած է զինուորական կրթութեան եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապի հարցով Չինաստանի հետեւողական եւ կառուցողական դիրքորոշումին համար:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Խորհրդաժողով` Նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 26-ամեակին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.