«Վանայ ձայն»-ի, «Ազդակ»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հետ կատարուած միացեալ հարցազրոյցով մը, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայ դատի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն: Հարցազրոյցին սկիզբը, ան ընդանուր արժեւորումը կատարեց շաբաթավերջին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած` Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին եւ հոն արծարծուած գլխաւոր նիւթերուն: Ապա, Հայ դատի մերօրեայ ըմբռնումին ընդհանուր տարազումը կատարելով, Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ Թուրքիայէն մեր պահանջատիրութեան, Արցախեան հարցի բանակցութիւններուն, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ աշխարհասփիւռ Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութեան մասին:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ, իսկ անիկա մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը պիտի դառնայ յառաջիկայ թիւերով:
Հարցազրոյցէն բաժիններ կը ներկայացուին «Օ. Թի. Վի.»-ի հայկական լուրերու բաժինին սփռուելիք յատուկ հաղորդումով:



