Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ 18-էն 20 սեպտեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով` Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայակական համաժողովը:
«Երկիր»-ի փոխանցումով նախարարը ըսած է. «Համաժողովը նախատեսուած է իրականացնել Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակի, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-երեւանի 2800-ամեակի նախաշեմին»:
Նախարարին համաձայն, այս պահուն 70 երկիրներէ 1400 սփիւռքահայեր հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը համաժողովի աշխատանքներուն: Նախարար Յակոբեան նշած է, որ շուրջ 20 երկիր, որոնց մէջ` Միանմարը, Սինկափուրը, Եթովպիան, Մարոքը, Թայլանտը, առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին:
Ըստ նախարարին, համաժողովի մասնակիցներուն 70 առ հարիւրը տղամարդիկ են, իսկ 30 առ հարիւրը կիներ: «Հրաւիրուած է 600 հոգի` համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ, հոգեւոր, կրթամշակութային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, անհատներ», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ սփիւռքէն 92 լրագրողներ եւ խմբագիրներ հաստատած են իր մասնակցութիւնը:
Նախարարը տեղեկացուցած է, որ տեղի պիտի ունենան երեք լիագումար նիստեր: «Առաջին լիագումար նիստին ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը: Երկրորդ լիագումար նիստին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան, իսկ երրորդին` Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան», յայտնած է ան:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ համաժողովի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին նաեւ շարք մը մշակութային ձեռնարկներ:
Ի դէպ, ըստ անոր, 6-րդ համաժողովը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդներէն նաեւ անով, որ, բացի երեք լիագումար նիստերէն, 4 ուղղութիւններով նախատեսուած են 16 յատուկ նիւթերով նիստեր: «Այդ նիստերուն, բացի սփիւռքի նախարարութենէն, պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի միջազգային տնտեսական համարկումի եւ բարեփոխումներու նախարարութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը», ըսած է նախարարը:
«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի ներկայացնէ զեկուցումներ «Ազգ-բանակ» հաւաքական ներուժի զարգացման օրինակին, ազգային գաղափարախօսութեան, ազգային ներուժը բանակաշինութեան մարզին մէջ համախմբելու վերաբերեալ, անդրադարձ պիտի կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան առնչուող հարցերուն», տեղեկացուցած է նախարար Յակոբեան:



