Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինարիի Մէջ Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է ԵԱՀԿ-ի Դիտորդներուն Ուղղութեամբ

September 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին իրականացուած ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան դիտարկման ընթացքին, թշնամիի զինուած ուժերը խախտած են զինադադարը:

«Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ բացած են ԵԱՀԿ-ի դիտարկման ժամանակ», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան:

Դիտարկումը տեղի ունեցած է Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին ուղղութեամբ:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ խումբը իր աշխատանքը չի կրնար կատարել:

«Ազրպէյճանական կողմը կրակ բացած է խումբին ուղղութեամբ, եւ անոնք փաստօրէն հիմա չեն կրնար իրենց գործը կատարել», յայտնած է ան:

Անդրադառնալով Չինարիի դէպքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա ըսած է հետեւեալը. «Իրավիճակի սրման պարագային մենք միշտ կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն` հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու, որուն  նպատակը պիտի ըլլար ոչ թէ իրավիճակի լարումը, այլ քաղաքական լուծման հասնիլը: Կը կարծեմ` փորձագէտները պիտի ըսեն իրենց խօսքը` դէպքի վայրին մէջ ուսումնասիրելով հանգամանքները»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ժամանակը չէ՞, որ Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ Արցախի Հանրապետութիւնը դառնայ բանակցային կողմ, Զախարովան ըսած է, որ Ռուսիան ունի իր աւանդական դիրքորոշումը:

Ան նաեւ նշած է, որ ներկայիս տեղեկութիւն չունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հաւանական  հանդիպումին մասին:

Նախորդը

Արթուր Աղաբեկեան Ստացաւ «Արցախի Հերոս»-ի Կոչում

Յաջորդը

Խմբագրական. Չբարձրաձայնուող, Սակայն Առկայ Տարրը (Արցախի Հանրապետութեան Հիմնադրման 27-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.