Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամանակակից Բոլոր Պայմաններով Օժտուած ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզը Պաշտօնապէս Բացաւ Իր Դռները

Սեպտեմբեր 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհատարած սփիւռքի տարբեր գաղութներէ, Հայաստանէն եւ Արցախէն հազարաւոր ՀՕՄ-ականներ եւ հայորդիներ 6 սեպտեմբերին նուիրական առաքելութեամբ մը համախմբուած էին Ստեփանակերտի մէջ` բոլոր յարմարութիւններով օժտուած գեղեցիկ մանկապարտէզի նոր շէնքին պաշտօնական բացումը կատարելու:

Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն և սփիւռքէն:

Նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արցախի նախադպրոցական հաստատութիւններուն շարքին կարեւոր  դերակատարութիւն ունի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, որ հիմնադրուած է սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ջանքերով եւ կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան իւրայատուկ խորհրդանիշ մը:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս հայրենանուէր նախաձեռնութեան իրականացման, հետամուտ են Արցախի ժողովուրդին հոգերը թեթեւցնելու եւ հայրենիքին միշտ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ օժտուած են:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան` օրհնելով դպրոցը եւ ՀՕՄ-ականները, նշեց, որ այս նորակառոյց շինութիւնը պէտք է մանուկներու համար դառնայ օճախ, ուր անոնք պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն եւ հասակ պիտի առնեն հաւատքի ու հայրենասիրութեան առողջ մթնոլորտի մէջ: «Մեր ազնիւ ու նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիները կեանքի կոչեցին այս գեղեցիկ ծրագիրը, որ նման է ռազմավարական նոր բարձունքի մը նուաճման: Աստուած յաւերժ օրհնէ ՀՕՄ-ուհիները, մեր մանուկներն ու դաստիարակները, մեր հայրենիքն ու ազգը», շեշտեց Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեան նշեց, որ միութիւնը այս նոր կառոյցով հիմնաքար մը կը զետեղէ պատմութեան էջերուն մէջ եւ անոր դռները կը բանայ իբրեւ կոթող: «Բազմայարկ մանկապարտէզը պաշտօնապէս իր դռները կը բանայ հայ կնոջ անպարտելի կամքին շնորհիւ, մատաղ սերունդի դաստիարակութեան համար եւ Սօսէ մայրիկի յիշատակին: Անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ հայ ազգին համար ամէնէն սուղ արժէքները իր փոքրիկ մանուկներն են` մեր պատմութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան գոյատեւման իրականացումը երաշխաւորող անփոխարինելի գրաւականները: Այս խոր համոզումով եւ նուիրումով առաջնորդուած, ՀՕՄ-ը 107 տարի շարունակ մայրական հոգատարութեամբ  նուիրուած է մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` խօսքը ուղղելով աշխարհի տասնեակ երկիրներէ Արցախ գտնուող ՀՕՄ-ուհիններուն, նշեց, որ ՀՕՄ-ը իր գործունէութեան սկսած է հայոց պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահուն եւ ստանձնած է օգնութեան խաչ ըլլալու պատասխանատուութիւնը:

«Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան քոյր կառոյց, ՀՕՄ-ը թիկունք կանգնած է հայ ժողովուրդին եւ պատուով կատարած իր գործը: Արցախի գոյամարտի առաջին օրերէն ներկայ էիք Արցախի մէջ` տարբեր ծրագիրներով, որոնց արգասիքն է այսօր «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը: Արցախը ո՛չ միայն պէտք է գոյատեւէ, այլ նաեւ բարգաւաճի, ընդարձակուի եւ միանայ Հայաստանին», շեշտեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ յաղթական երթ մաղթեց ՀՕՄ-ի կառոյցին:

ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան հանգանակային յանձնախումբի ատենապետ Անժել Մանուկեան նշեց, որ ՀՕՄ-ուհիները` իբրեւ հայ մայրեր, բարոյական պարտականութիւն ունին ծառայելու իրենց հայրենիքի զաւակներուն` աւելցնելով, որ Արցախը իր ազատագրուած տարածքներով յաւիտեան պէտք է մնայ  միաձուլուած եւ հաստատելով, որ ՀՕՄ-ը առյաւէտ կապուած պիտի մնայ հայրենի հողին եւ ժողովուրդին:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Ռուզաննա Աբրահամեան իր կարգին ըսաւ, որ «Սօսէ» մանկապարտէզը պիտի դառնայ իւրայատուկ եկեղեցի, որուն քահանան հայ կինը պիտի ըլլայ: «Եթէ հայ կինը կրնայ այսպիսի շքեղութիւն  կերտել, ապա ինչե՛ր կրնան ընել մեր այրերը», ըսաւ Ռ. Աբրահամեան եւ ընդգծեց, որ այս շէնքէն դուրս պիտի գան նպատակասլաց եւ գիտութեան ու աշխատանքին նուիրուած սերունդներ:

Մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեան նշեց, որ շատ ոգեւորուած է, քանի որ Արցախի փոքրիկները պիտի յաճախեն ժամանակակից պայմաններով օժտուած նոր մանկապարտէզ: Այսօր «Սօսէ» յաճախելու կարելիութիւն ունին Արցախի 120 փոքրիկներ:

Մանկապարտէզի շինարարութեան աշխատանքներուն մօտաւորապէս 100 հազար տոլար աջակցութիւն ցուցաբերած եւ շէնքը համացանցային կապով ապահոված «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Գարեգին Օտապաշեան նշեց, որ նպատակը ո՛չ միայն մանկապարտէզի նոր շէնք ունենալն էր, այլեւ հայապահպանութիւնը, հայրենիքի ամրապնդումը, լեզուի եւ մշակոյթի զարգացումը:

Մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն աջակցած է նաեւ մանկապարտէզի նախկին սան Տիգրան Դաւթեան: Ան Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան տրամաթիքական թատրոնին մէջ ստանձնելով իր առաջին դերը եւ ստանալով առաջին վարձատրութիւնը, զայն նուիրած է մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն: Ան նշեց, որ իր մանկապարտէզ յաճախելէն ետք շէնքը քանդած են, եւ ինքը, թատրոնին մէջ մարմնաւորելով «Փոքրիկ իշխան»-ի դերը, ստացած դրամը նուիրաբերած է շէնքի կառուցման` յոյս ունենալով, որ փոքրիկ եղբայրը եւս յաճախէ մանկապարտէզ:

Այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն դիտել տուաւ, որ ՀՕՄ-ը կը նշանակէ առաքելութիւն, մէկ դարու  ինքնամոռաց նուիրում եւ ամէնօրեայ անդադրում աշխատանք:

«Հայ օգնութեան միութիւնը  աշխարհ եկաւ հայութեան  մեծ տագնապի նախօրեակին`  գթութեան ձեռք մեկնելու համար կարիքաւորին ու հալածեալին` ըլլալով հոն, ուր յոյսի ու կարեկցանքի կարիք կար: Իր 107-ամեայ  կենսագրութիւնը  միութիւնը  սերտօրէն շաղկապեց հայ ազգի ճակատագիրին  եւ եղաւ հարազատ ժողովուրդին հետ, թէ` ողբերգութիւններու եւ թէ՛ յաղթանակներու փուլերուն: Ծառայեց  բարեսիրութեան գործին անկեղծ, անսակարկ գթասրտութեամբ եւ իբրեւ հատուցում արժանացաւ  աշխարհասփիւռ հայութեան անվերապահ վստահութեան ու  վաստակած սիրոյն:

«Հայրենի երկրի վերանկախացման եւ Արցախ աշխարհի ազատագրման հոլովոյթը Հայ օգնութեան միութիւնը ընկալեց իբրեւ  մարտահրաւէր` կամաւորաբար ստանձնելով  նորանոր պարտականութիւններ: Ազգային տեսլականներու երեւակուող  նոր  հորիզոնները ոգեւորիչ  ազդակ ծառայեցին   բազմապատկուած եռանդով, համարձակօրէն նետուելու  գործի  յորձանուտը, ըլլալու  պետականակերտման  ոչ դիւրին  փորձութիւններուն մէջէն անցնող հայաստանցիին եւ  արցախեան բնագիծերուն մէջ  հայաշխարհի նոր սահմանները ամրագրող ազատամարտիկին կողքին: Հայութիւնը,  եւ մենք ներառեալ, ՀՕՄ-ի նուիրեալներու տաք շունչը մնայուն կերպով զգացած ենք մեր կողքին, տոգորուելով այն հաւատքով, որ քրոջական  գորովագութ ձեռքը եւ յոգնութիւն չունեցող կորովը  միշտ  ի սպաս պիտի դրուին այն նախաձեռնութեան, որուն առաջնահերթութիւնը տուեալ պահուն ի յայտ պիտի գայ:

«Սիրելի՛ ՀՕՄ-ուհիներ,  Ստեփանակերտի մէջ «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքի կառուցումը մէկն է  այն  բազմաթիւ բարի նախաձեռնութիւններէն, որով շիւղ մը եւս կ’աւելնայ դէպի յաւերժութիւնը սլացող հայոց մեծ տան  պատին: Հերթական  ձեռքբերումը հերթական  առհաւատչեան է, ձեր առաքելութեան անբեկանելիութեան:  Ձեր իւրաքանչիւր աշխատանքին մէջ կը ցոլայ ՀՕՄ-ական աշխարհատարած կառոյցին  ջանքը: Միաժամանակ  ակներեւ է, որ յաւակնոտ ծրագիրները չէին նիւթեղանար, եթէ ՀՕՄ-ի ետին կանգնած  չըլլար  համակիրներու  հաւատաւոր բանակը:

«Առիթէն օգտուելով կը շնորհաւորենք  ՀՕՄ-ի ընտանիքը, միութեան համակիրները, արցախցիներն ու այն մանուկները, որոնք  ջերմութեան ու հաւատքի ուժով խոյացած պատերուն ներքեւ հասակ պիտի առնեն եւ ամրանան` իբրեւ վաղուան զինուորներ եւ հայ մայրեր:

Ձեր վարձքները կատա՛ր, ձեր բոլոր երազանքներուն` նուիրագործո՛ւմ»:

 

 

Նախորդը

Առեւանգուած Բանակայինները` Նահատակներ. 8 Սեպտեմբերը Կը Յայտարարուի Ազգային Սուգի Օր

Յաջորդը

Բաբայեան. «Նոր Սահմանադրութեամբ Նախագահը Պիտի Զբաղի Նաեւ Կառավարութեան Գործունէութեամբ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?