Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Մէջ Թշնամիին Արձակած  Կրակոցէն Զոհուած Է Զինուոր Մը

Արցախի Մէջ Թշնամիին Արձակած Կրակոցէն Զոհուած Է Զինուոր Մը

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, 14 օգոստոսին, ժամը 11:00-ի սահմաններուն, թշնամիին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1998-ի ծնունդ Արման  Մովսիսեան: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Նոյն օրը,...

Բաբայեան. «Ազրպէյճանի  Վարքագիծը Ահաբեկչութիւն Է»

Բաբայեան. «Ազրպէյճանի Վարքագիծը Ահաբեկչութիւն Է»

Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ  քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան ըսած է, որ թշնամիի ահաբեկչական, յանցաւոր գործողութիւններուն պատճառով` պաշտպանութեան բանակը ունեցաւ անդառնալի կորուստ: «Մենք բոլորս կը ցաւինք, որովհետեւ իւրաքանչիւր երիտասարդի կեանքի կորուստը անդառնալի է, յատկապէս մեր ժողովուրդին համար: Մենք գործ ունինք այսպիսի անբնական երկրի մը, դրացիի մը հետ», ըսած է ան: Դաւիթ Բաբայեանի...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Եւ Փորթուգալի Խորհրդարանի Երեսփոխանը  Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Գործնական Կապեր Հաստատելու Կարելիութիւնները

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Եւ Փորթուգալի Խորհրդարանի Երեսփոխանը Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործնական Կապեր Հաստատելու Կարելիութիւնները

12 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է Փորթուգալի խորհրդարանի երեսփոխան, Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Ռուպինա Պերարտոն: Արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Ռուպինա Պերարտոյի այցելութիւնը Արցախ եւ յոյս յայտնած, որ անիկա թոյլ կու տայ լաւագոյնս ծանօթանալու Արցախի իրողութիւններուն եւ երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Հանդիպումին ընթացքին Կարէն Միրզոյեան ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան...

Մովսէս Յակոբեանի Գլխաւորած  Պատուիրակութիւնը Հասած Է Մոսկուա

Մովսէս Յակոբեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հասած Է Մոսկուա

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հասած է Մոսկուա: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ հայկական պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի «Միջազգային բանակային խաղեր-2017» մրցումներու եզրափակիչ փուլին, մրցանակաբաշխութեան եւ փակման հանդիսաւոր արարողութեան:

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը  Ողողուեցաւ Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութեամբ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը Ողողուեցաւ Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութեամբ

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը յատուկ տեղ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ: Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ը ամէն տարի կը տօնախմբուի հանդիսաւորապէս` յատուկ արարողութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով: Արդարեւ, 12 օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ուան առիթով մատուցուեցաւ...

ԶՈՄ-ը` Արսալի Բարձունքներուն Վրայ

ԶՈՄ-ը` Արսալի Բարձունքներուն Վրայ

Շաբաթ, 12 օգոստոս 2017-ին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Արսալի բարձունքները` գետնի վրայ տեսնելու Հըզպալլայի արձանագրած նուաճումները ընդդէմ Ժապհաթ Նուսրայի: Հըզպալլայի ուսանողական թեւին կազմակերպած այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան տարբեր կուսակցութիւններու ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին հաւաքուելէ ետք Պաալպեքի մէջ նախատեսուած հաւաքատեղիին մէջ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները մեկնեցան Հըզպալլայի կեդրոններէն...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում`  Նուիրուած Խանասորի Արշաւանքի 120-ամեակին

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում` Նուիրուած Խանասորի Արշաւանքի 120-ամեակին

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ երէկ` կիրակի, 13 օգոստոս 2017-ին  ընթացք առաւ Խանասորի արշաւանքի 120-ամեակին նուիրուած երէց  պատանիներու բանակումը` Այնճարի մէջ: Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ` մասնակցութեամբ 85 երէց պատանիներու, ներկայութեամբ  ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շանթ Յարութիւնեանի: Բանակումին բացման արարողութեան ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին...

Մահացած Է Սփիւռքի Նախարար  Հրանուշ Յակոբեանի Մայրը

Մահացած Է Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Մայրը

10 օգոստոսին մահացած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մայրը` Թերեզա Օհանեան: Թերեզա Օհանեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 12 օգոստոսին, ժամը 18:00-ին, Երեւանի Կոնդի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 օգոստոսին,  ժամը 13:00-ին,  Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան գիւղին մէջ: «Ազդակ» ցաւակցութիւն կը յայտնէ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` մօրը` Թերեզա Օհանեանի մահուան առիթով:

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան  Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին  Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Նախապատրաստութեան  Եւ Կազմակերպման Պետական Յանձնախումբի Նիստը

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Նախապատրաստութեան Եւ Կազմակերպման Պետական Յանձնախումբի Նիստը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանին գլխաւորութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու նախապատրաստութեան եւ կազմակերպման պետական յանձնախումբի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են նախաձեռնութիւններու նախագիծերը եւ հայեցակարգային մօտեցումները: Նիստին ներկայացուած են նաեւ տօնակատարութիւններուն առնչուող տարբեր առաջարկներ, քննարկուած են զանազան նախարարութիւններու կողմէ կատարուող աշխատանքները: Պատասխանատուներուն համաձայն, վարչապետ Կարէն Կարապետեան նախաձեռնութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ յանձնարարականներ տուած...

Շարմազանով. «Արցախի Հանրապետութեան  Միջազգային Ճանաչումը Միայն Ժամանակի Հարց Է»

Շարմազանով. «Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչումը Միայն Ժամանակի Հարց Է»

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով 11 օգոստոսին ընդունած է Փորթուգալի խորհրդարանի անդամ Ռուպինա Պերարտոն: Հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Փորթուգալ բարեկամական խումբի ղեկավար Գագիկ Մելիքեան: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային փորթուգալական խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուի Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամական խումբ: Էդուարդ Շարմազանով կարեւոր նկատած է Փորթուգալի հետ կապերուն խորացումը` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու...

ԵԱՀԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակի  Փակման Հարցով.  ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց  Միջազգային Ճնշում Բանեցնելու Ազրպէյճանի Վրայ

ԵԱՀԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակի Փակման Հարցով. ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ճնշում Բանեցնելու Ազրպէյճանի Վրայ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպիի: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ դատապարտեց դեկտեմբեր 2016-ի վերջաւորութեան ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  Պարոնուհի Քոքսին Հետ Քննարկած Է  Համագործակցութեան Հեռանկարները

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Պարոնուհի Քոքսին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հեռանկարները

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 10 օգոստոսին ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը եւ անոր հետ Արցախ հասած Մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները: Խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է պարոնուհի Քոքսի հայանպաստ գործունէութիւնն ու նշած, որ Քոքսը առաջիններէն մէկն էր, որ արցախեան ազատագրական շարժման մէջ տեսած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը եւ տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն պաշտպանած...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մասնակցի  Ասորիներու Յիշատակի Օրուան Ոգեկոչման

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մասնակցի Ասորիներու Յիշատակի Օրուան Ոգեկոչման

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 7 օգոստոսի երեկոյեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ամերիկայի Ասորի-ամերիկացիներու միութեան եւ Ասորիներու ցեղասպանութեան «Սէյֆօ» ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած միացեալ ոգեկոչման ձեռնարկին, Ասորիներու յիշատակի օրուան առիթով: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Սքաթ Ուիլք, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըսի...

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Մէկ Հարց Ունին` Կանխել Զինուորական  Հաւանական Զարգացումները»  Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Մէկ Հարց Ունին` Կանխել Զինուորական Հաւանական Զարգացումները» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան նշած է, որ երբ Ռուսիոյ տնտեսութեան մէջ տեղի կ՛ունենան բացասական երեւոյթներ, ատիկա իր անդրադարձը կ՛ունենայ բոլոր դրացիներուն վրայ, ներառեալ Հայաստանը: «Երբ Ռուսիոյ մէջ ճգնաժամ եղաւ, ատիկա անդրադարձ ունեցաւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ Հայաստանի վրայ, թէ՛ ոչ անդամ Ազրպէյճանի վրայ, թէ՛ դէպի Եւրոպական Միութիւն գացող Վրաստանին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջին Արեւելքի Մէջ  Քրիստոնեաներ Իրենց Քաղաքացիական  Պարտաւորութիւնները Լիովին Կատարած Են,  Այժմ Տէր Պէտք Է Կանգնին Իրենց Իրաւունքներուն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնեաներ Իրենց Քաղաքացիական Պարտաւորութիւնները Լիովին Կատարած Են, Այժմ Տէր Պէտք Է Կանգնին Իրենց Իրաւունքներուն»

Վերջին երկու օրերուն մարոնի պատրիարքարանի ամարանոցին` Տիմանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի պատրիարքներու հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ: Հանդիպումը շրջանի կաթողիկէ պատրիարքներու տարեկան հանդիպումն էր` իրենց եկեղեցիներուն յատուկ օրակարգի հարցերով: Այս տարի նաեւ հրաւիրուած էին շրջանի ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասնաբար քննեն ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցեր, մտահոգութիւններ եւ ծրագիրներ: Հետեւաբար, ժողովական աշխատանքներուն...

Խմբագրական.  Սեւր 2-ը`  Միջազգային Քաղաքականութեան  Տրամաբանութեամբ  (Սեւրի Դաշնագիրի 97-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Սեւր 2-ը` Միջազգային Քաղաքականութեան Տրամաբանութեամբ (Սեւրի Դաշնագիրի 97-ամեակին Առիթով)

Սեւրի դաշնագիրի մասին հրապարակային վերլուծում կամ պայմանագիրին հետ կապուած իրադարձութիւններու այժմէականացման որեւէ փորձ անպայման անմիջականօրէն մեզի համար կը կապուի Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ: Այստեղ կայ նախ եւ առաջ զուտ իրաւական  մեկնաբանութեան հարց: Իրաւարար վճիռը ըստ միջազգային օրէնքի անբեկանելի է եւ հետեւաբար ուժի մէջ մտնելու կամ չմտնելու խնդիր չի դիմագրաւեր, այդ պատճառով ալ կայ այսօր իրաւագիտական մօտեցում, որ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը...

Քարոլայն Քոքս Վարչապետ Կարապետեանին  Խոստացած Է Շարունակել  Աջակցիլ Հայ Ժողովուրդին

Քարոլայն Քոքս Վարչապետ Կարապետեանին Խոստացած Է Շարունակել Աջակցիլ Հայ Ժողովուրդին

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու  տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Վարչապետը բարձր գնահատած է Քարոլայն Քոքսի հայանպաստ եւ մարդասիրական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ  միջազգային ասպարէզին մէջ ղարաբաղեան տագնապի արդարացի ներկայացման ուղղուած քայլերը: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան  նշած է, որ յատկապէս վերջին շրջանին հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն մէջ նկատելի է աշխուժացում եւ կարեւոր նկատած է տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը,...

Հասրաթեան. «Մի՛ Անհանգստանաք,  Պաքուի Կողմէ Հիւսուած Հերթական Հեքիաթն Է»

Հասրաթեան. «Մի՛ Անհանգստանաք, Պաքուի Կողմէ Հիւսուած Հերթական Հեքիաթն Է»

Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան իր ֆէյսպուքեան  էջին մէջ անդրադարձած է ազրպէյճանական կողմի հրապարակումներուն, թէ իբրեւ թէ հայկական նախայարձակ խումբ մը փորձած է ներթափանցում կատարել` նշելով, որ անիկա Պաքուի հերթական բեմադրութիւնն է: «Քիչ առաջ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան` սեփական հանրութեան ոգիի ծարաւը յագեցնելու նպատակով` շրջանառութեան մէջ դրաւ իր զինուժի երեւակայական յաղթարշաւը ներկայացնող հերթական բեմադրութիւնը: Անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ ինչպէս...

ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումը  Ասկերանի Ուղղութեամբ

ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումը Ասկերանի Ուղղութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, 9 օգոստոսին ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Ասկերանի շրջանի ուղղութեամբ` Ակնա-Հինդարխ ճանապարհահատուածին: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեդրիգան (Մոլտովա) եւ Օկնեն...

Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզին Վերաբերող  Պետական Նոր Օրէնքներու,  Դրամատնային Յատուկ Վարկերու,  Տեղական Արտադրութիւնները Քաջալերող  Յատկացումներուն Մասին Հանդիպում-Զրոյց

Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզին Վերաբերող Պետական Նոր Օրէնքներու, Դրամատնային Յատուկ Վարկերու, Տեղական Արտադրութիւնները Քաջալերող Յատկացումներուն Մասին Հանդիպում-Զրոյց

Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան հրաւէրով, երէկ` չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, զոր վարեց եւ զեկուցումով հանդէս եկաւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեան: Բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` ան դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել պետական նոր օրէնքները, որոնք կը նպաստեն ճարտարարուեստի մարզի...

Page 613 of 796 1 … 612 613 614 … 796

Արխիւներ