Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կը Խորանան, Քանի Որ Միացեալ Նահանգներուն Համար Թուրքիան Հիմա Վստահելի Գործընկեր Չէ»

October 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի խօսքով` Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ եղած առճակատման մեղաւորը Թուրքիան է, եւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիր չտրամադրելու պատճառը թրքական կողմին առած քայլերն են: Ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին մատնանշեց, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակիցները ձերբակալեց:

«Այնպէս չէ, որ Միացեալ Նահանգները առանց պատճառի որոշած են  նման բան ընել, այլ` քանի որ, ինչպէս յայտարարութեան մէջ ալ ըսուած է`  Թուրքիան չի կրնար երաշխաւորել իրենց դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ աշխատակիցներու անվտանգութիւնը, եւ ատոր համար իրենք որոշած են մուտքի արտօնագիրներ տրամադրելու գործընթացը կասեցնել»:

Կիրօ Մանոյեանը նկատեց, որ թրքական կողմն ալ որոշեց Միացեալ Նահանգներուն պատասխանել նոյն ձեւով` նոյն յայտարարութիւնը պարզապէս երկիրներու անունները փոխած ներկայացնելով եւ յայտնելով, որ իրենք մուտքի արտօնագիր պիտի չտրամադրեն Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա այցելել ուզող քաղաքացիներուն:

«Առիթ եղաւ, որ տեսնեմ, թէ քանի՛ ամերիկացի այցելած է Թուրքիա. այդքան ալ մեծ թիւ չէ, մէկ տարուան ընթացքին ընդամէնը քանի մը հազար է», նշեց ան:

Կիրօ Մանոյեանի հաստատումով` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ եղած խնդիրները նկատելի էին տակաւին ամիսներ առաջ: Ըստ անոր, նոյնիսկ Էրտողան-Թրամփ հանդիպումին  երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հարթ չէին: «Այդ ժամանակ Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակման հոլովոյթը կասեցուեցաւ: Հիմա ալ, չեմ կարծեր, որ այս յարաբերութիւններու սրացումը անպայման ի նպաստ հայերուն ըլլայ», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով` Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին վարած քաղաքականութեան վրայ: Սակայն անոր խօսքով, թրքական վարչակազմէն եղած զայրոյթի դրսեւորումները քաղաքականութեան մէջ մեծ դեր պիտի չունենան:

«Կը կարծեմ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ այլ կառոյցներ, որոնք Թուրքիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են, աւելի հաւասարակշռուած դատողութեան կոչ պիտի ուղղեն, որովհետեւ շատ խնդիրներ կան այսօր. նոյն Միջին Արեւելքին մէջ, ուր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները  իրենք օգտակար կը նկատեն», ըսաւ ան:

Նախորդը

Ջաւախքցիք Կ՛ընդդիմանան Վիրահայոց Առաջնորդին Գումբուրդոյի Եկեղեցւոյ Պատկանելութեան Հարցով

Յաջորդը

Սոչիի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.