Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներուն Հետ Աղուան Վարդանեանի Զրոյցը Խորհրդարանին Մէջ

October 10, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, թէ ուրախ է, որ Ակրամունթը ի վերջոյ չդիմացաւ ճնշումներուն եւ հրաժարական տուաւ: Վարդանեանի կարծիքով` ով ալ ըլլայ ԵԽԽՎ-ի յաջորդ նախագահը, բնականաբար, հետեւութիւններ պիտի կատարէ:

«Ասիկա մէկ օրուան պատմութիւն չէ: Ազրպէյճանը բաւական լուրջ ճնշումներու տակ է», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Ի՛նչ պիտի ընէ Ազրպէյճանը` իր խնդիրն է. դուրս կու գայ ԵԽԽՎ-էն, թէ ոչ, մեր հարցը չէ: Մենք այդ կառոյցներուն անդամ ենք, մենք պարտաւոր ենք կատարել մեր պարտականութիւնները: Մենք պէտք է կարենանք մեր պատկերացուցած արժէքային համակարգին մօտ ըլլալ: Այս հրաժարականէն ետք  հետեւութիւններ պիտի կատարեն եւրոպական տասնեակ ու տասնեակ օրէնսդիրներ», յայտարարեց ան:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան` 2018-ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի` վարչապետ առաջադրման հարցով:

«Միշտ խուսափած եմ «եթէ»-ներով հարցումներուն պատասխանելէ, ատիկա անլուրջ է: Կայ օրէնսդրութիւն, կայ Հանրապետական կուսակցութիւն, որուն, ըստ մեր համաձայնագիրին, կը պատկանի վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունքը, եւ երբ այդ իրաւունքը կիրարկուի, մենք այդ մասին կը խօսինք: Հիմա այդ մասին խօսիլը ժամանակավրէպ է», նշեց ան:

Աղուան Վարդանեան խորհուրդ տուաւ համբերատար ըլլալ` նշելով, որ կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր հարցումներուն պատասխանները կը յստականան:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ շաբթուան իրադարձութիւնը ցմահ դատապարտեալ Մհեր Ենոքեանի դատավարութիւնն է:

«Մենք ունինք դատապարտեալ Մհեր Ենոքեան: Արդէն 21 տարի բանտը կը գտնուի, երկու անգամ փախուստ կատարած, մէկ անգամ` փախուստի փորձ եւ այս 21 տարուան ընթացքին առաջին անգամ դատարանին մէջ պզտիկ յաղթանակ մը ունեցած է, որ նաեւ տուեալ դատաւորին մարդ ըլլալով կը պայմանաւորուի: Կը հաւատամ, որ, ի վերջոյ, իր ճակատագիրը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

«Ես ո՛չ Ա. Գեղամեանի, ո՛չ Ն. Փաշինեանի յայտարարութիւններուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ: Նման վարուելաձեւեր Ազգային ժողովին մէջ ո՛չ միայն դատապարտելի են, այլեւ` ափսոսանք ու ցաւ կրնամ արտայայտել, որ մարդիկ չափէ աւելի յաճախ կանխատեսելի կը դառնան իրենց վարքագիծի մէջ», յայտարարեց ան:

Լրագրողները հարցուցին, եթէ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի՞ 5 նոյեմբերին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  ընտրութիւններուն, Վարդանեան ըսաւ, որ իրենք շարք մը համայնքներու մէջ  թեկնածուներ առաջադրած են, սակայն հիմնական մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ աւագանիներու ընտրութեան:

«Արդէն եկող տարի մենք բոլորովին այլ դատական համակարգ պիտի ունենանք», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Վարդանեան ըսաւ, որ համակարգը ամբողջովին անկախ պիտի ըլլայ: «Անիկա կախեալ պիտի ըլլայ միայն հասարակութենէն եւ մասնագիտական որակներէ: Մենք ստեղծած ենք համապատասխան օրէնսդրական մեքանիզմ, որ դատարանները բաւական անկախ կը դարձնէ եւ ո՛չ միայն սովորական առումով», ըսաւ Վարդանեան` աւելցնելով, որ այդ փոփոխութիւնները շատ նշանակալի են:

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարն Ու Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիրները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հեռանկարային Ուղղութիւնները

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Այցելութիւնը Իրան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.