Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 132-րդ Լսարան. «Յովհաննէս Այվազովսկիի Հայկականութիւնը` Ծովանկարչութեան Ընդմէջէն» Նիւթով Դասախօսեց Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

October 12, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց «Յովհաննէս Այվազովսկիի հայկականութիւնը` ծովանկարչութեան ընդմէջէն» նիւթը:

Ձեռնարկը բացուած յայտարարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Ազդակ»-ի 132-րդ մամլոյ լսարանով լուսարձակները պիտի սփռուին գեղանկարչութեան պատմութեան մէջ մեծահռչակ հայազգիին` Այվազովսկիի ժառանգականութեան վրայ, եւ պիտի արժեւորուի անոր հայկականութիւնը իր արուեստին միջոցով: Ան յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններուն կարեւոր մէկ մասը մինչեւ հիմա յատկացուած եղած է հայկական կեանքը յուզող քաղաքական, ազգային, գաղափարական, հայապահպանական, մշակութային եւ մամլոյ վերաբերող զանազան հարցերու, սակայն այս լսարանին նիւթը կը կեդրոնանայ միայն արուեստի բնագաւառին վրայ:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան նախ ներկայացուց Այվազովսկիի կենսագրական գիծերը, ապա ըսաւ, թէ երբ Այվազովսկիի գեղանկարչական արուեստին մասին կը խօսուի, յատկապէս հայ արուեստաբանները եւ մեկնաբանները ընդհանրապէս կ՛ըսեն, որ Այվազովսկին գացած է հայկական դպրոց, ան շատ լաւ հայերէն գիտցած է, եղած է ազգային գործիչ, ան հայկական նիւթերով նկարներ նկարած է, ինչպէս` Խրիմեան Հայրիկը, հայ ժողովուրդի մկրտութիւնը, Վարդան զօրավարի երդումը, Արարատէն շարք մը նկարներ, Սեւանը, Մխիթարեան միաբանութեան կղզին եւ միաբանները եւ այլն: Ան կապ ունեցած է երկու կաթողիկոսներու` թէ՛ Աշտարակեցիին, թէ՛ Խրիմեան Հայրիկին հետ: Այս բոլորը ապացոյց են անոր հայկականութեան եւ ազգային դիմագիծ ունենալուն, բայց դիմանկարները եւ քաղաքային տեսարանները ծովանկարներուն չափ չեն արժեւորուած:

Բանախօսը յայտնեց նաեւ, որ օտար արուեստաբաններ երկու մեծ արժանիք կը նշեն Այվազովսկիին գործերուն մէջ, մէկը` փոթորկոտ ծովը, տագնապը, կենաց մահու հարցը, մարդու եւ բնութեան զգաստ վիճակը, երկրորդը` լոյսի կիրարկումը: Շատ կը նշուի, որ Այվազովսկիին չափ ոչ մէկ գեղանկարիչ կրցած է լոյսի նրբութիւնները զգալ եւ պատկերել:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Այվազովսկին լոյսը նկարած է օրուան բոլոր ժամերուն, նոյնիսկ լուսնի լոյսի տակ եւ լոյսի ցոլացումները ջուրին մէջ: Լոյսի կիրարկումը շատ զօրաւոր ձեւով դրսեւորուած է Այվազովսկիի ստեղծագործութիւններուն մէջ:

Ան ապացոյցներով հաստատեց, որ Այվազովսկիին քով թէ՛ ըլլալ-չըլլալու տագնապը, թէ՛ լոյսի բացառիկ զգացողութիւնը կու գան անոր ցեղային պատկանելիութենէն:

Մովսէս Հերկելեան սահիկներու միջոցով ցուցադրեց եւ մեկնաբանեց Այվազովսկիի գեղանկարներէն գեղեցիկ հաւաքածոյ մը, ինչպէս` «Քաոսը», «Բանաստեղծին հարսանիքը», «9-րդ ալիք» եւ այլ բազմաթիւ գեղանկարներ: Ան ըսաւ, որ 1900 թուականին «Թրքական նաւուն պայթումը» նկարը տակաւին չաւարտած սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ Այվազովսկի:

Նիւթի աւարտին Մովսէս Հերկելեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

Յաջորդը

Այսօր Երկնաքար Մը Պիտի Անցնի Երկիրի Կողքէն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.