Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Նուիրուած Յուշամատեաններու Շարք»-ի Մինչ Այժմ Հրատարակուած 14 Հատորներու Շնորհահանդէսը

October 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 հոկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ  նուիրուած յուշամատեաններու շարք» մատենաշարի 14 հատորներու  շնորհահանդէսը («Ատանայի հայոց պատմութիւն», «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Ա.)», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Բ.)», «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները», «Պատմագիրք Կիւրինի», «Քեսապ: Տեղագրութիւն, բնակավայրեր, բնակչութիւն, պատմութիւն, տնտեսութիւն», «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն», «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ (Ա.)», «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ: Տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական ուսումնասիրութիւն (Բ.)», «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի (Ա.)», «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի», «Յիշատակարան Րումտիկինի»):

Շնորհահանդէսին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի  տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, մատենաշարի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան, գիտնականներ, մտաւորականներ, հիւրեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Արտայայտելով իր հիացմունքը իրականացած հսկայածաւալ աշխատանքին վերաբերեալ` ան նշեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անձամբ Արամ Ա.  կաթողիկոսի հայրենանուէր ջանքերով վերահրատարակուած են Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, շրջաններուն նուիրուած յուշամատեանները, տարբեր ուսումնասիրութիւնները` մատչելի դարձնելով զանոնք գիտական ու հասարակական լայն շրջանակներու: Այդ նպատակով ձեւաւորուած յանձնախումբը հսկայական աշխատանք կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ մեր ժողովուրդին պատմութիւնը եւ հաւաքական յիշողութիւնը յաւերժացնող այս հատորեակներու սրբագրական, տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկերու կազմութեան, լրացումներու եւ հրատարակութեան մէջ»:  Նախարար Հրանուշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մատենաշարի մեկենասներուն:

Շնորհաւորելով մատենաշարի լոյս ընծայման առիթով` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ այս շնորհահանդէսը իր տեսակին մէջ եզակի եւ իւրօրինակ իրադարձութիւն է:

Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան ընդգծեց, որ յուշամատեանները սոսկ յուշագրութիւններ չեն, անոնք իրենց ծաւալով, նիւթի առատութեամբ եւ տեղեկութիւններով կը նմանին հանրագիտարաններու:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Քեսապ: Տեղագրութիւն, բնակավայրեր, բնակչութիւն, պատմութիւն, տնտեսութիւն» հատորի հեղինակ, պատմաբան Յակոբ Չոլաքեան եւ յոյս յայտնեց, որ հատորներու  հրատարակութիւնը շարունակական բնոյթ ունենայ:

Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ Էդիկ Մինասեան բաժանմունքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ մատենաշարի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին` նման պատմագիտական աշխատութիւններու  լոյս ընծայման համար:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Չեմ կրնար երախտագիտութիւն չյայտնել Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային, սփիւռքի նախարարութեան` յանձին նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, որ իր քաջալերանքի խօսքերով մեզի միշտ ուժ կու տայ: Մենք պիտի շարունակենք նոյն ոգիով եւ փորձենք  յաջորդիւ հրատարակել նաեւ մեր պատմագրութեան անտիպ էջերը»:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ  նուիրուած յուշամատեաններու շարք» մատենաշարի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ներկաներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը: «Մեր այս գործին շարժիչ ուժը եղած է վեհափառ հայրապետը: Երբ նոր կը սկսէինք  մատենաշարը հրատարակել, նպատակ ունէինք հատորներու թիւը հասցնել 60-ի, այժմ տպարանին մէջ է մատենաշարին 15-րդ հատորը: Կայ մարդուժի պակաս, սակայն ես վստահ եմ, որ հետագայ սերունդները պիտի շարունակեն մեր գործը: Կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ շուտով մատենաշարի 50 օրինակ պիտի ուղարկուի Հայաստան. անոնք պիտի տրամադրուին Մատենադարանին, ակադեմական կեդրոններու, պատմաբաններու եւ բանասէրներու»:

 

Նախորդը

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ցոյց` «Ֆոր Սիզընս» Պանդոկին Առջեւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.