Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Այցելութիւնը Իրան

October 10, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաք Ճահանկիրիի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ հասած է Իրան: Թեհրանի «Մեհրապաղ» օդակայանին մէջ պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն ետք վարչապետ Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղղուած է Իրանի թագաւորական «Սաատապատ» պալատ, ուր տեղի ունեցած է Կարէն Կարապետեանի եւ Էսհաք Ճահանկիրիի հանդիպում-առանձնազրոյցը:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է  ջերմ ընդունելութեան համար եւ անգամ մը եւս շնորհաւորած է Էսհաք  Ճահանկիրին Իրանի նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնին  վերանշանակուելու առիթով: Վարչապետը բարձր գնահատած է  բարեկամ Իրանի հետ ձեւաւորուած սերտ, բարի դրացիական յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակեն զարգանալ փոխվստահութեան մթնոլորտի մը մէջ:

«Լիայոյս եմ, որ այս հանդիպումէն ետք մենք նոր շունչ կը հաղորդենք մեր համագործակցութեան եւ մեր օրակարգին վրայ գտնուող բոլոր ծրագիրներուն: Տնտեսական համագործակցութեան անդրադառնալով` պէտք է նշեմ, որ անիկա զգալիօրէն կը զիջի մեր երկիրներուն միջեւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան: Սակայն աւելի քան վստահ եմ, որ կրնանք նոր յաջողութիւններ արձանագրել մեր համագործակցութեան տնտեսական հարթութեան վրայ», նշած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանը:

Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաք Ճահանկիրին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետին իր հրաւէրը ընդունելու, Իրան այցելելու համար եւ բարձր գնահատած երկու երկիրներու  յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը: Էսհաք Ճահանկիրի կարեւոր նկատած է երկու դրացի եւ բարեկամ պետութիւններուն միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ տնտեսական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ վարչապետ Կարապետեանի պաշտօնական այցելութիւնը կը նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան ալ աւելի աշխուժացման եւ ընդլայնման:

Հայաստանի վարչապետն ու Իրանի նախագահի առաջին տեղակալը երկկողմանի տնտեսական օրակարգի կարեւոր ծրագիրներէն նկատած են Իրան-Հայաստան 400 քիլովաթ լարման ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի կառուցման ծրագիրը, որ կարելիութիւն կու տայ աւելցնելու երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրականութեան եւ կազի փոխանակման ծաւալները` նպաստելով թէ՛ երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, թէ՛ այս բնագաւառին մէջ շրջանային համագործակցութեան ընդլայնման: Կողմերը կարեւոր նկատած են նաեւ Մեղրիի ջրելեկտրակայանի ծրագիրի իրականացումը:

Իրան-Հայաստան տնտեսական, առեւտրական յարաբերութիւններու  զարգացման համար նշանակալի նկատուած է «Սիւնիք ազատ տնտեսական գօտի»-ի դերը, վերջինիս եւ իրանական «Արաս» ազատ գօտիներու համագործակցութիւնը: «Վստահ եմ, որ այս գօտին կրնայ հետաքրքրել թէ՛ իրանական կազմակերպութիւնները, որոնք կ՛ուզեն դուրս գալ Եւրասիական տնտեսական միութեան, եւրոպական շուկաներ, քանի որ Հայաստանը կը տիրապետէ GSP+ արտօնեալ դրութեան, ինչպէս նաեւ այն ընկերութիւնները, որոնք Իրանի հետ համագործակցութեան սահմանափակումներ կ՛ունենան: Այս շրջագիծին մէջ նաեւ արդիւնաւէտ գործիք կրնայ ըլլալ արտահանող ներմուծող ընկերութեան ստեղծումը», ընդգծած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու ընկերութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ դուրս գալու հարցով:

Կարէն Կարապետեանի եւ Էսհաք Ճահանկիրիի առանձնազրոյցին յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որուն ընթացքին  քննարկուած են տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները:

Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութեան կարեւոր մարզերէն  նկատուած է միջազգային փոխադրական միջանցքներու զարգացումը, տարանցիկ փոխադրումները, Հիւսիս-հարաւ ճամբու միջանցքի ծրագիրի առանձին հատուածներու կառուցման ուղղութեամբ իրանական կողմի հաւանական մասնակցութիւնը:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Իրան-Թիւրքմենիստան եռակողմանի ուժանիւթի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան: Կարեւոր նկատուած է երկու երկիրներուն միջեւ աշխուժ համագործակցութիւնը նաեւ մաքսային մարմիններուն միջեւ:

Վարչապետ Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նախաձեռնած է Հայաստան-Իրան սահմանային անցակէտի արդիականացման ծրագիրին:

Անդրադառնալով Իրան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն` Հայաստանի  վարչապետը յոյս յայտնած է, որ գործընթացը շուտ կ՛աւարտի եւ նշած, որ հայկական կողմը պատրաստ է ցուցաբերելու անհրաժեշտ աջակցութիւնը:

Կողմերը համակարծիք էին, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքները` պայմանաւորուելով մօտիկ ապագային կազմակերպել հերթական` 15-րդ նիստը: Հայաստանի վարչապետը եւ Իրանի առաջին փոխնախագահը նաեւ անդրադարձած են շրջանային զարգացումներուն: Այս ծիրին մէջ Կարէն Կարապետեան` շնորհակալութիւն յայտնած է իրանական կողմին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:

Կարէն Կարապետեան Էսհաք Ճահանկիրին պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Հայաստան. հրաւէրը սիրով ընդունուած է:

Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, կապի, փոխադրամիջոցներու, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Լրագրողներուն Հետ Աղուան Վարդանեանի Զրոյցը Խորհրդարանին Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Վերահսկել Ազատ Շուկայականութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.