Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Արցախի Մէջ Զարգացման Շօշափելի Յառաջընթաց Կը Տեսնէ

October 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան 8 հոկտեմբերին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նահանգային Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի խումբ մը անդամներ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքէն` աւելցնելով. «Արա Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է ամերիկեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Արցախ եւ նշած, որ անոնք հետաքրքրական ժամանակաշրջանի մը մէջ հիւրընկալուած են, որովհետեւ այսօր հանրապետութեան մէջ կը նշուի «Բերքի տօնը»: Պետական նախարարին համաձայն, տօնին առիթով ներկայացուած ապրանքները նախ եւ առաջ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող խաղաղութեան եւ զարգացման արդիւնքներն են:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան` Արա Յարութիւնեան ընդգծած է այն հանգամանքը, որ, Հայաստանի Հանրապետութենէն զատ, Ամերիկան միակ պետութիւնն է, որ ամէն տարի ուղղակի ելեւմտական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Արցախին:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն, որոնք մեզի կ՛աջակցին ո՛չ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող տագնապի լուծման հոլովոյթի համանախագահութեամբ, այլ նաեւ` մարդասիրական ծրագիրներ իրագործելով: 1990-ական թուականներէն սկսեալ` ամերիկեան կառավարութեան աջակցութեամբ հարիւրաւոր հեքթարներու վրայ ականազերծման աշխատանքներ կատարուած են: Ուրախութեամբ կ՛ուզէի շեշտել նաեւ վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու նահանգային մակարդակով Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթի կարեւորութիւնը, որուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի 2014 թուականի  բանաձեւը` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման վերաբերեալ: Համոզուած եմ` ատիկա նոր որակ պիտի հաղորդէ մեր հետագայ համագործակցութեան զարգացման` թէ՛ տնտեսական ու քաղաքական, եւ թէ՛ մարդասիրական ու այլ բնագաւառներուն մէջ», ըսած է Յարութիւնեան եւ յատուկ կերպով կարեւոր նկատած է Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին դերակատարութիւնը գոյութիւն ունեցող կապերու խորացման ու ամրապնդման գործին մէջ:

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են Արա Յարութիւնեանին ջերմ ընդունելութեան համար եւ արձանագրած, որ նախորդ այցելութիւններուն համեմատ Արցախի մէջ զարգացման շօշափելի յառաջընթաց կը տեսնեն: Անոնք Յարութիւնեանին ներկայացուցած են իրենց այցելութեան մանրամասնութիւնները եւ նպատակները, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած են Արցախի տնտեսութեան զարգացման ներկայ միտումներով, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընկերային-տնտեսական հետեւանքներով, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած հոլովոյթի ներկայ իրավիճակով եւ այլ յարակից նիւթերով:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Յայտարարեն. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Պատրաստ Են Վերսկսելու Բանակցութիւններուն»

Յաջորդը

Կարէն Կարապետեան Կ՛այցելէ Իրան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.