Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան Մասնակցած Է Վանաձորի Օրուան Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկներուն

Հոկտեմբեր 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շաբաթ, 7 հոկտեմբերին մասնակցած է Վանաձորի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:

«Բարեկամութեան երթ» ձեռնարկի շրջագիծին մէջ վարչապետ Կարապետեան դիտած է Վանաձորի քոյր քաղաքներու մշակոյթը  ներկայացնող գեղարուեստական ելոյթները, այցելած է Վանաձորի կերպարուեստի թանգարան, ներկայ գտնուած է Թումանեանի հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնական համերգին, զրուցած վանաձորցիներուն հետ եւ շնորհաւորած զանոնք իրենց քաղաքի օրուան առիթով:

Այցելութեան ընթացքին վարչապետ Կարապետեան նաեւ ներկայ գտնուած է իրանական «Ռատ Սանէ Վաշամիր կրուփ» ընկերութեան կողմէ Լոռիի մարզին մէջ կառուցուող գործարաններու հիմնարկէքի արարողութեան:

«Ռատ Սանէ Վաշամիր կրուփ» ընկերութիւնը Լոռիի մարզին մէջ կը  նախատեսէ ներդրումային ծրագիր իրականացնել: Ներդրումներու  ընդհանուր ծաւալը պիտի կազմէ մօտաւորապէս 130 միլիոն ամերիկեան  տոլար, աշխատողներու թիւը (ենթակառուցուածքներու հետ միասին)` մինչեւ 2000 հոգի: Ներդրումները կը նախատեսուին 3 ուղղութիւններով` հեղուկներու յատուկ անօթներու, ածխաթթու մանրաթելի արտադրութեամբ զբաղող գործարաններու հիմնում եւ գիւղատնտեսական համալիրի կառուցում:

Վարչապետը ողջունած է իրանական ընկերութեան կողմէ մեր երկրին մէջ նման ծաւալով ներդրումային ծրագիր իրականացնելու նախաձեռնութիւնը` վստահեցնելով, որ կառավարութիւնը շահագրգռուած է անոր յաջող իրականացումով եւ պատրաստ է որեւէ  հարցով աջակցիլ:

Այնուհետեւ վարչապետը այցելած է Վանաձորի «Թթու ջուր» կոչուող տարածք եւ ծանօթացած զայն զբօսաշրջային առումով գրաւիչ հանգստեան գօտի դարձնելու ներդրումային ծրագիրի վերաբերեալ մշակուած առաջարկներուն: Վարչապետին զեկուցուած է, որ կը նախատեսուի «Թթու ջուր» հանգստեան գօտիի եւ Բոշեան փողոցի բարեկարգում, Բոշեան փողոցին մէջ հասարակական սպասարկման կեդրոնի կառուցում եւ արգելոց հնավայրի հիմնում:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է համակարգուած աշխատանքներու իրականացումը` ներդրողներ ներգրաւելու համար:

Վարչապետի վանաձորեան այցելութեան յաջորդ տեղը նախկին «ԶԱԳՍ»-ի շէնքի տարածքը եղած է. վարչապետը ծանօթացած է այնտեղ ներդրումային ծրագիրի իրականացման կարելիութիւններուն եւ պատասխանատուներու հետ քննարկած է անոր վերաբերող հարցեր: Ապա վարչապետը քալած է դէպի Վանաձորի Թումանեան հրապարակ, ծանօթացած քաղաքին մէջ աղբահանութեան եւ մաքրութեան ապահովման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Այցելութեան աւարտին վարչապետ Կարէն Կարապետեան եղած է նաեւ քաղաքի «Մօր եւ մանկան այգի»-ին մէջ, ծանօթացած է կատարուած վերանորոգման աշխատանքներու արդիւնքներուն:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարները Հանդիպում Ունեցած Են

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելած Է Վայոց Ձորի Մարզ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ

Դեկտեմբեր 5, 2025
Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է  Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ

Դեկտեմբեր 5, 2025
Բագրատունի. «Վերջին 5 Տարիներուն Ընթացքին  Ամէնէն Վատ Ճգնաժամն Է, Որ Կ՛ապրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Լիբանանահայերը Եկեղեցւոյ Եւ Վեհափառի Կողքին Են»

Դեկտեմբեր 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?